
Արաբական եւ ափրիկեան հարցերու Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտել Լահիան, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Լիբանան, անցեալ շաբաթավերջին շարունակեց լիբանանցի ղեկավարներուն իր կատարած այցելութիւնները:
Ապտել Լահիանի բոլոր այցելութիւններուն պարագային անոր ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի:
Այս ծիրին մէջ, Ապտել Լահիան այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:
Հանդիպումէն ետք Մանսուր յայտնեց, որ Թեհրան ամէն ջանք ի գործ դրած է օժանդակելու Սուրիա ժամանած յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի առաքելութեան:
Ապտել Լահիան այցելեց նաեւ Ռապիէ, ուր ընդունուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ: Հանդիպումէն ետք Ապտել Լահիան նշեց, որ զօր. Աունի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկած են տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի եւ Իրանի վերաբերող միացեալ թղթածրարները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ շրջանին մէջ Դիմադրութեան առանցքին անհրաժեշտութիւնը:
Իրանցի պաշտօնատարը այցելեց նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերաբերող զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ապտել Լահիան յայտնեց, որ Ֆրենժիէի հետ ունեցած է շինիչ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ընդգծած է, որ Թեհրան մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ Լիբանանի անկախութեան: Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել:
Ապտել Լահիան նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ իշխանութիւններն ու ժողովուրդը կրցան յաջողութեամբ դուրս գալ իրենց պարտադրուած փապուղիէն:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան իր կարգին ընդունեց Ապտել Լահիանը, որուն ներկայութեան Արսլան դրուատեց Թեհրանի կողմէ Դիմադրութեան եւ Լիբանանի կառավարութեան նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը:
Ապտել Լահիան շեշտեց, որ Իրան ունի ուխտ մը` պահպանելու համար Լիբանանն ու անոր Դիմադրութիւնը:
Ապտել Լահիան այցելեց նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Իրանցի պաշտօնատարը այցելեց նաեւ լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանամերձ շրջանները, ինչպէս` Ֆաթիմայի դարպասն ու Մարուն Ռաս գիւղաքաղաքը:
Այդ շրջաններուն մէջ իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ապտել Լահիան նկատել տուաւ, որ Իրան կը զօրակցի լիբանանեան եւ պաղեստինեան Դիմադրութեան` մինչեւ բռնագրաւուած բոլոր հողերուն ազատագրումը:


