Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիա Կրօնը Եւ Պետութիւնը Իրարմէ Կ՛Անջատէ Եւ «Արաբական Գարնան» Օրինակելի Տիպար Մը Կրնայ Հանդիսանալ» Կ՛Ըսէ Ռայի Պատրիարքը

April 2, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայի պատրիարքին եւ Էրտողանի միջեւ հանդիպումէն պահ մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը աւարտելէ ետք Թուրքիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը վերադարձաւ Լիբանան եւ երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Ծաղկազարդի առիթով մատուցուած պատարագին:

Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց երկրին իշխանութեան պետերուն, որ իրենց տրուած պարտականութիւններն ու իրաւունքները սիրով կատարեն` հեռու անձնական շահերէ:

Անդրադառնալով Թուրքիա կատարած իր այցելութեան` ան ըսաւ, որ Թուրքիա կրօնը եւ պետութիւնը իրարմէ կ՛անջատէ եւ «Արաբական գարնան» օրինակելի տիպար մը կրնայ հանդիսանալ:

Պոլսոյ մէջ Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի հետ:

Եկեղեցւոյ մուտքին աղ ու հաց կիսուելէ ետք, Ռայի պատրիարքը ներկայ գտնուեցաւ մատուցուած հայկական պատարագին, որմէ ետք շեշտեց, որ իր այցելութեան նպատակն էր Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական եկեղեցիները այցելել եւ անոնց հետ կապ հաստատել: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ մարոնի եկեղեցին լաւ ու հաստատուն յարաբերութիւններ ունի հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն հետ:

Ան մաղթեց, որ այս այցելութիւնը ըլլայ Թուրքիոյ մէջ մարոնի եւ հայկական եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութեան հաստատման սկիզբը:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը եզրափակելու համար Թուրքիա իր կատարած այցելութիւնը զրոյց մը ունեցաւ տարբեր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Իր զրոյցին ընթացքին Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց զօրակցելու շրջանին  մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող եկեղեցիներուն միջեւ յաւելեալ մերձեցումին եւ յարաբերութիւններուն հզօրացման:

«Կը փափաքինք, որ բոլոր իշխանութիւնները գործեն ի խնդիր մարդկային իրաւունքներուն, ընդհանուր ազատութիւններուն եւ մարդ անհատին արժանապատուութեան», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` Ռայի պատրիարքը ողջունեց Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով ի գործ դրուող ճիգերը:

Պէտք է նշել, որ Ռայի պատրիարքը անցեալ շաբաթ օր հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Էրտողան դրուատեց Ռայի պատրիարքին Թուրքիա այցելութիւնը` աւելցնելով, որ Թուրքիա նման այցելութիւն չէ վկայած Օսմանեան կայսրութեան օրերէն ի վեր: «Մեզի համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը շատ կարեւոր է», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը ողջունեց կրօններուն միջեւ երկխօսութիւնն ու մերձեցումը քաջալերելու առումով Թուրքիոյ ջանքերը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իր նպատակն է Անտիոքի մէջ հիմնել եկեղեցի մը` Թուրքիոյ մէջ մարոնի համայնքի պատրիարքական ներկայացուցչութիւն դառնալու համար:

 

 

Նախորդը

«Դէպի Սուրիա Զէնքի Մաքսանենգումը Կը Շարունակուի» Շեշտեց Ֆայեզ Ղոսըն

Յաջորդը

Լահիան Շարունակեց Լիբանանցի Ղեկավարներուն Իր Կատարած Այցելութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.