Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ո՞ւր Է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Գալիք Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ – Դ.

Դեկտեմբեր 5, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Եզրակացութիւն. խորագիրին առաջին մասին պատասխանն է այն, որ այժմ քաոսային եւ անձնասպանական գահավէժ ընթացքի մը մէջ կը գտնուինք: Աշխարհաքաղաքական ուղիներու խաղաքարտը պէտք չէ վատնենք, փճացնենք: Հայաստանի այժմու հակահայ, անխոհեմ վարչախումբը գրեթէ փճացուց նաեւ այս` հաւանաբար վերջին փրկարար լծակն ալ:

1.- Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական արժէքը, Աֆղանիստանի նման, խոչընդոտ ըլլալն է(էր) դէպի ռուսական ներքնագաւառը` hinterland թափանցումին եւ Իրանը հիւսիսէն խզելու արեւմտեան ճիգին, նաեւ` փանթուրանական ծրագիրին: Այս դերակատարութեան խելամիտ օգտագործումին մէջն է ցարդ Հայաստանի քաղաքական արժէքն ու տեղը, որ պէտք է պահպանուի:

1. Աշխարհաքաղաքական երկու ուղիներ, հիւսիս-հարաւ, գծիկով նետը, որ Աֆղանիստանի միջոցով թէ՛ կը մտնէր Ռուսիոյ ներքնագաւառը եւ թէ՛ ալ կը խզէր Չինաստանի ցամաքային ուղին արեւմուտքէն: Երկրորդը` Ամերիկայի համար թերեւս աւելի նպաստաւոր, Հայաստանն ու Արցախը փճացնելով` թէ՛ Ռուսիան կը վտարեն Հարաւային Կովկասէն, թէ՛ Իրանը կը խզեն Ռուսիայէն եւ հիւսիսէն ու վերջապէս, հոգ չէ թէ` փանթուրանական միջոցով, կը մտնեն քարիւղով եւ կազով2հարուստ Ռուսիոյ դրացի ներքնագաւառը, ապա` Ռուսիա:

Խորհրդային Միութեան կողմէ իրեն դրացի Աֆղանիստանի համայնավար վարչակարգը պաշտպանելու պատերազմը տեւեց շուրջ 9 տարի` 24 դեկտեմբեր 1979-էն 15 փետրուար 1989 (1): Ի՞նչ էր պատերազմին պատճառը. արեւմտեան նեցուկով, հակահամայնավար իսլամ հրոսակներուն` զինեալներուն, չարտօնել տապալել բարեկամ իշխանութիւնը, որպէսզի Կեդրոնական Ասիոյ իրենց հարաւի սահմաններէն մէկը ապահով պատնէշ մնար արեւմտեան թափանցումին:

Միացեալ Նահանգներուն պատերազմը, իրենց իսկ զինած թալեպանական Աֆղանիստանի դէմ, տեւեց 20 տարի` 7 հոկտեմբեր 2001-էն 30 օգոստոս 2021 (2): Ի՞նչ էր պատրուակը, պատրուակ` քանի որ Աֆղանիստանը Ամերիկայի դրացին չէ, իրմէ 12 հազար քմ հեռու, եւ անոր ոչ մէկ սադրանք կատարած էր: Յայտարարուած պատրուակը այն էր, որ 11 սեպտեմբեր 2001-ին Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակ շէնքերը, Փենթակոնը եւ այլ թիրախներ ճամբորդատար օդանաւերով քանդող ահաբեկիչներուն ղեկավարը, որուն իրենք մարզած ու զինած էին` Ուսամա պըն Լատեն, Աֆղանիստան կը գտնուէր… Սակայն պըն լատենը եւ 19 օդահէններուն 15-ը սէուտցի էին, ոչ մէկ աֆղան, ո՛չ ալ իրաքցի կար մէջերնին… Սակայն Ամերիկան իր «դաշնակիցներով» ապօրինի կերպով յարձակեցաւ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի վրայ եւ ո՛չ թէ Սէուտական Արաբիոյ վրայ… Ցաւալիօրէն հեգնական է, չէ՞:

Ամերիկայի իսկական նպատակը` իր հին ու մնայուն օրակարգով, Աֆղանիստանի վրայով Ռուսիոյ հարաւը եւ կեդրոնը ներթափանցել էր, որ ձախողեցաւ, եւ երկիրը 20 տարի քարուքանդ ընելէ ետք, հապճեպով հեռացաւ անկէ: Ահագին ռազմամթերք լքեց` «նուիրեց», ծայրայեղ իսլամ թալեպաններուն, լքեց նաեւ իրեն հետ գործակցող աֆղան բնակիչները, որոնք ի զուր, խուճապահար Քապուլի օդակայան խուժեցին երկրէն փախչելու համար, նոյնիսկ` վերջին ամերիկեան օդանաւին մարմնին վրայ մագլցելով, ապա հարիւրաւոր մեթր բարձրացած օդանաւէն վար իյնալով (3) …

2. Ամերիկեան վերջին ռազմական օդանաւը, որ լքեց Քապուլի օդակայանը, 30 օգոստոս 2021-ին: Ամերիկայի հետ գործակցող այժմ լքուած աֆղան քաղաքացիներ փախչելու համար օդանաւին վրայ կը մագլցին, որոնցմէ երկուքը քիչ ետք հարիւրաւոր մեթր բարձրութենէն վար ինկան:  3. Ռուսական կազին Ուքրանիոյ վրայով դէպի Եւրոպա հոսքին բազմաթիւ ուղիները, որ Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառներէն մէկն է, ի վնաս Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ` խզել ռուսական կազը եւ անոր տնտեսական շահը:

Ցաւալի, սակայն այս է Ամերիկայի խայտառակ վարքագիծը: Պատերազմ մը կը սկսին, սակայն չեն գիտեր պատուաւոր աւարտին հասցնել զայն, մինչ իրենց հետ գործակցողները որեւէ արժէք չունին, Սահակաշվիլիի նման, որ այժմ վրացական բանտին մէջ կը հիւծի: Սակայն Ռուսիոյ դէմ ծրագիրը մի՛շտ անփոփոխ նպատակ կը մնայ: Իրօք, 2-11 յունուար 2022-ին Ամերիկա-Անգլիա-Սորոս եռեակը «գունաւոր յեղափոխութեան» փորձ մը եւս կատարեց Ղազախստանի մէջ, զոր Ռուսիան` ՀԱՊԿ-ի ուժերով, ներառեալ` հայկական բանակին մասնակցութեամբ, ձախողութեան մատնեց:

Աֆղանիստանի վրայով ռուսական ներքնագաւառ ներթափանցելու Արեւմուտքին փորձը ձախողեցաւ: Սակայն միշտ պիտի փորձեն «գունաւոր յեղափոխութիւններ» սարքել ԱՊՀ-ի եւ Ռուսիոյ դրացի երկիրներուն մէջ, մինչեւ որ իրենց հլու հնազանդ բռնապետներ հաստատեն եւ, Ուքրանիոյ նման, զանոնք մղեն Ռուսիոյ դէմ պատերազմելու: Ճորճ Սորոսը 1990-ական տարիներէն արդէն խոստացած էր պարտութեան մատնել Ռուսիան` միւս սլաւոնական երկիրներուն միջոցով:

2.- Հայաստանը իր վրայով եւ շուրջը, ցամաքային ռազմավարական ուղիներու մրցում-պատերազմին մէջ, կամաւոր կերպով, խայտառակօրէն թշնամիներուն փափաքը կը կատարէ եւ անոնց կ՛ենթարկուի: Ո՛ւր մնաց դարերէ ի վեր Հայաստանի ռազմավարական կարեւոր դիրքին գիտակցութիւնը եւ շահաւէտ օգտագործումը:

Նուազագոյն իմաստութիւնը կը պահանջէ(ր) դասեր քաղել` Հայաստանէն 15 տարի առաջ` 2003-ին, «գունաւոր յեղափոխութեան» զոհ դարձած հիւսիսի դրացի Վրաստանէն, որպէսզի «նոյն փոսին մէջ չիյնայինք», սակայն «իշու իմաստութիւնն» անգամ չունենալով` Փաշինեանի խմբակը փոսը ինկաւ եւ 2018-էն ի վեր մի՛այն անոր վնասները կը կրենք: Ահաւասիկ` կարգ մը տուեալներ.

1.- Վրաստանը կորսնցուց Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան: (Հայաստանը` Արցախը եւ հարիւրաւոր հեկտար հողեր):

2.- 2010-2020 861 հազար դժգոհ վրացիներ արտագաղթեցին, բնակչութեան 23% տոկոսը վերջնականապէս լքեց իր հայրենիքը (4):

3.- Թուրքիան եղաւ շահաւորը, որ դէպի Վրաստան մեծագոյն արտածողն է` 2,4 միլիառ տոլար, մինչ Վրաստան դէպի Թուրքիա շուրջ վեց անգամ նուազ` 435,5 միլիոն տոլար արտածած է 2022-ին (5):

4.- 700-է աւելի ազրպէյճանական ընկերութիւններ կը գործեն Վրաստանի մէջ (6):

5.- Վրաստանի մեծագոյն ընկերութիւնը ազրպէյճանական Սոքարն է (7):

Այս տուեալները ցոյց կու տան, որ «արեւմտեան» դառնալով` վրացիներուն կեանքի մակարդակը չբարելաւուեցաւ, եւ հակառակ ծովային բաց սահման ունենալուն ու աշխարհի հետ ազատ կապ` Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը տիրապետեն Վրաստանի տնտեսութեան: Ո՛չ ՕԹԱՆ-ի անդամ դարձաւ, ո՛չ ալ` Եւրոպական միութեան: Ընդհակառակը, վերջերս ՍԿՍԱԾ Է ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ՌՈՒՍԻԱ, կը գրէ ամերիկեան ռազմավարական հիմնադրամ Քարնիկի Էնտաումընդի 21 յուլիս 2023-ի յօդուածը (8): Սակայն` Հայաստանը յիմարօրէն կը հեռանայ իր տնտեսական եւ ապահովական մեծագոյն աղբիւրէն` Ռուսիայէն…

Ահաւասիկ մեր անմիջական դրացի Վրաստանին վերջին 20 տարիներու թարմ պատմութենէն ոչ ի՛նչ սորված է Հայաստանի այս բթամիտ, ու անարժան ու դաւաճան իշխանութիւնը, որ շատ աւելի մեծ կորուստներով, եւ մի՛այն Արեւմուտքին դատարկ խոստումներուն հաւատալով, առանց որեւէ նոր դաշնակիցի, կը սլանայ դէպի հակառուս անձնասպանական գործողութիւն` ցարդ անպաշտօն կերպով հեռանալով ԱՊՀ-էն եւ ՀԱՊԿ-էն` մտնելու համար Թուրքիոյ եաթաղանին տակ: Այս վարչախումբը բացայայտ կերպով դաւաճանեց իր օրինաւոր դաշնակից Ռուսիոյ` բոլորովին անտեղեակ իր եւ շրջանային քարտէսէն: Ռուսիան` 17 միլիոն 98 հազար 250 քառ. քմ,  աշխարհի ամենամեծ երկիրն է, իսկ առանց ծովի, կղզիացած Հայաստանը` 575 անգամ փոքր, առայժմ 29 հազար 743 քառ. քմ է՞…

«Եւրոպական միութիւնը չի թաքցներ մեզ ամէն ձեւով զսպելու, Կեդրոնական Ասիայէն եւ Անդրկովկասէն դուրս մղելու իր մտադրութիւնները: Անոնք պիտի չյաջողին: Մենք այստեղ ենք պատմականօրէն եւ ոչ մէկ տեղէ պիտի անհետանանք: Եւ մեր գործընկերները, մեր դաշնակիցները ասիկա շատ լաւ գիտեն», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը` Սերկէյ Լաւրով, 12 նոյեմբեր 2023-ին (9):

Սուտ խոստումներով նշանաւոր այս փաշինեանական վարչախումբը, թշնամիին զիջած իր բոլոր ազգակործան արարքներուն դիմաց, իր վարքագիծին վայել, նաեւ` ցարդ մի՛այն սպառնախառն դատարկ ու սուտ խոստումներ ստացաւ թէ՛ թշնամիներէն եւ թէ՛ ալ նոյնքան թշնամի Արեւմուտքէն` ոչնչութեան վերածելով Հայաստանի ու հայութեան աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ որեւէ օգտագործելի լծակները…

4. Չինական երկաթուղիի հրաշքի համազօր` ամպերու մէջէն կամուրջներէն (11):  5. Հնդկաստանի մէջ, 9 սեպտեմբեր 2023-ի «Քսաններու խմբակ»-ի ժողովին առընթեր, նախնական համաձայնութիւն գոյացած է Հնդկաստանէն Եւրոպա ուղիի մը, որ կ՛անցնի ԱՄԷ-էն, Սէուտական Արաբիայէն, Յորդանանէն եւ Իսրայէլէն:

Արդի երկաթուղիներու ճարտարարուեստը, որուն կը տիրապետէ Չինաստանը, ունի աշխարհի ամէնէն արագ բեռնափոխադրութեան գնացքը` CRC CR400AF-A, որուն արագութիւնը կը հասնի ժամական 350 քմ-ի (10): Այլ խօսքով, իտէալական պարագային, Փեքինէն առաքուած բեռը շուրջ 20 ժամէն 6970 քմ հեռու Պէյրութ կը հասնի: Թող ըլլայ 48 ժամ` երկու օր, եթէ երկաթուղիի կապ գոյութիւն ունենար, որուն շինարարութեան ալ տիրապետած է Չինաստանը (11): Մինչ նաւով` 30-35 օր: Ահաւասիկ` չինական նոր «Մետաքսի ճամբայ»-ներէն մէկը, որուն մրցակից, կամ խափանող այլեւայլ ուղիներ կը պատրաստուին:

Այնպէս կը թուի, թէ այժմ Եգիպտոսին տարեկան 8 միլիառ տոլար շահ ապահովող Սուէզի ջրանցքին գլխուն փորձանք մը ծրագրուած է, քանի որ Չինաստան, Հնդկաստան եւ Իրան այլընտրանքային ցամաքային ուղիներ կը ծրագրեն, որոնցմէ է Հայաստանը: Իսրայէլի հին` 1960-ականներու ծրագիրն էր «Պեն Կուրիոն»` Սուէզը փոխարինող, շատ աւելի երկար նոր ջրանցք մը, Աքապայի ծոցէն Իսրայէլի եւ Կազայի վրայով դէպի Միջերկրական ծով… Այդ ծրագի՞րը պիտի գործադրեն (12):

6. Արեւելեան Միջերկրականի կազով եւ քարիւղով հարուստ ծովը` Կազայէն, որ ամենամեծ պահեստը ունի (մեծ եռանկիւնը), մինչեւ Սուրիա: Միացեալ Նահանգներուն անօրէն արգելքին պատճառով ցարդ մի՛այն Իսրայէլին «արտօնուած» է կազի արտահանումը ծովէն:  7. Արեւելեան Միջերկրականի նաւահանգիստները` ըստ Իսրայէլի, մի՛այն Հայֆան գործածելի է, քանի որ ինք կը ռմբակոծէ կամ` ռմբակոծած է մնացեալը:  8. Դէպի Եւրոպա` Իսրայէլ, Կիպրոս, Յունաստան եւ Իտալիա իսրայէլեան եւ կիպրական կազի համաձայնութիւն` Թել Աւիւի մէջ, 3 ապրիլ 2017-ին:

Կազայի պատերազմին բազմակողմանի ենթահողը:

Իսրայէլի կողմէ «առեւանգուած» Միացեալ Նահանգներուն (13) ճնշումով Ծոցի արաբական երկիրներէն ոմանք, 1948-ին Իսրայէլի ստեղծումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, սկսան անոր հետ յարաբերութիւն մշակել: Կարեւորագոյն երկիրը` Սէուտական Արաբիան ալ այս ճամբուն մէջ էր, երբ 7 հոկտեմբեր 2023-ին սկսաւ Կազայի դէմ պատերազմը (14), որ խանգարեց, կամ, յուսամ, վերջ դրաւ իր այս ընթացքին:

Ի՞նչ է արաբական երկիրներուն դէմ Ամերիկա-Իսրայէլ յաջող լծակը` սպառնալիքը: Պատասխանը շատ պարզ է` «գունաւոր յեղափոխութիւն», այսինքն` իշխանափոխութիւն եւ ապօրինի պատժամիջոցներ, եթէ չենթարկուին…

Հնդկաստանի մէջ 9 սեպտեմբեր 2023-ի «Քսաններու խմբակ»-ի ժողովին առընթեր, նախնական համաձայնութիւն գոյացաւ Հնդկաստանէն Եւրոպա ուղիի մը` India-Middle East-Europe Economic Corridor (IMEC), որ կ՛անցնի ԱՄԷ-էն, Սէուտական Արաբիայէն, Յորդանանէն եւ Իսրայէլէն: Շատ իմաստալից են այս լուրը հաղորդող կարգ մը լրատուամիջոցներուն խորագիրները.

Սի Էն Էն` 11 սեպտեմբեր 2023-ին. «Ամերիկեան նեցուկով Հնդկաստան-Միջին Արեւելք առեւտուրի նոր ուղի մը, որ ասպարէզ կը կարդայ Չինաստանի ձգտումներուն» (15), New US-backed India-Middle East trade route to challenge China՛s ambitions. այսինքն ծրագիրը Չինաստանի դէմ է:

«Լ՛Օրիան Լը ժուր»ի 13 սեպտեմբեր 2023-ի ենթախորագիրն է` «Այս նոր ամերիկեան ծրագիրը, որ կը ներառէ Սէուտական Արաբիան, ԱՄԷ-ն եւ Իսրայէլը, նպատակն է մրցիլ Չինաստանի նոր «Մետաքսի Ճամբայ»-ներուն» հետ», (16)  This new US-backed project, which involves Saudi Arabia, the UAE and Israel, aims to compete with China՛s New Silk Roads. կրկին Չինաստանի դէմ է:

Հայաստանը` իբրեւ հիւսիս-հարաւ ուղի, իր կարեւոր եւ պատմական դերը պէտք է վերստանձնէ աշխարհաքաղաքականութեան մէջ` աշխուժօրէն գործակցելով Իրանի, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ, նաեւ` Հնդկաստանի եւ Չինաստանի հետ (17):

Հայաստանը երբե՛ք արեւելք-արեւմուտք ուղի, պէտք չէ ծառայէ, այնքան ատեն որ ցարդ թշնամի Թուրքիան բռնագրաւած կը պահէ Արեւմտեան Հայաստանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումը չէ կատարած: Հայաստանը, Վրաստանի նման, եւ աւելի վատ պայմաններով «խաղաղութեան խաչմերուկ» ու այլ դատարկ լոզունգներով, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ պահանջատիրական անձնասպանութիւն է, որ կը կատարէ այժմ:

Նախկին Եուկոսլաւիոյ եւ Չեխոսլովաքիոյ ինքնորոշման իրաւունքով անկախ դարձած երկիրներուն նման (տես` Ա. մաս), նախ Արցախի ժողովուրդին անկախութիւնը եւ իրաւունքը պէտք է վերականգնենք: Միւս կողմէ, հեգնօրէն, պատմական եւ պահանջատիրական մեծ սխալ է Հայաստանի վրայով Ազրպէյճանին ճամբայ բանալը հայկական Նախիջեւանին (18), որ Ստալինը 1924-ին ապօրինի կերպով յանձնած էր Ազրպէյճանի հոգատարութեան: Հաստատ պէտք է մնանք մեր ազգային, պատմական բոլոր իրաւունքներուն եւ պահանջատիրութեան վրայ:

«Ազգ-հայրենիք-պետութիւն-հզօր բանակ» գաղափարն ու կարգավիճակը պէտք է վերականգնուի, որպէսզի, իբրեւ լիիրաւ ու անկախ պետութիւն եւ ժողովուրդ, իր աշխարհաքաղաքական դիրքին համապատասխանող տեղ գրաւէ հիւսիս-հարաւ սերտագոյն կապերով եւ արեւելք-արեւմուտք բնական ու պատմական խոչընդոտ մնալով:

22 նոյեմբեր 2023
Շար. 4 եւ վերջ

haroutchekijian.wordpress.com

  1. https://en.wikipedia.org/wiki/Soviet%E2%80%93Afghan_War
  2. https://en.wikipedia.org/wiki/War_in_Afghanistan_(2001%E2%80%932021)
  3. https://www.aljazeera.com/news/2021/8/16/afghans-cling-to-plane-defining-image
  4. https://jam-news.net/study-23-of-georgias-population-has-emigrated/
  5. https://jam-news.net/georgia-and-turkey-trade-relations/
  6. https://www.azernews.az/business/156126.html
  7. https://www.statista.com/statistics/1064386/georgia-ranking-of-largest-companies/
  8. https://carnegieendowment.org/politika/90246
  9. https://www.aztagdaily.com/archives/598434
  10. https://www.cargo-partner.com/trendletter/issue-25/highspeedrail-freight-in-china
  11. https://asiatimes.com/2019/04/chinese-bullet-trains-depend-on-mega-bridges/
  12. https://www.newarab.com/news/what-israels-ben-gurion-canal-plan-and-why-gaza-matters
  13. https://www.aztagdaily.com/archives/597246
  14. https://www.aztagdaily.com/archives/598039
  15. https://edition.cnn.com/2023/09/11/middleeast/us-india-gulf-europe-corridor-mime-intl/index.html
  16. https://today.lorientlejour.com/article/1349329/india-middle-east-europe-a-trade-corridor-with-a-high-geopolitical-profile.html
  17. https://www.aztagdaily.com/archives/590700
  18. https://www.aztagdaily.com/archives/506370

 

Նախորդը

Երուանդ Փամպուքեան, ՀՅ Դաշնակցութեան Ծածկանուններու Բառարան (Անձնանուններ, Տեղանուններ, Թուանշանային Ծածկագրեր), «Վէմ» Մատենաշար, Թիւ 5, Եր. «Լուսակն», 2023, 253 Էջ

Յաջորդը

Արցախեան Դատը Չէ Փակուած

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?