Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Ինչո՞ւ Հայկական Նախիջեւանը «Մեծ Թուրան»-ի Ճանապարհի Բանալին Է

Ապրիլ 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Մարդկութեան պատմութեան մէջ ընդունուած երեւոյթ է, որ գողին կամ ոճրագործին, ինչպէս նաեւ դաւաճաններուն միակ զէնքն ու ապաւէնը եղած է ստախօսութիւնը: Անոնք իրենք զիրենք արդարացնելու համար բնականաբար միշտ սուտ կը խօսին, որպէսզի իրենց գործած ոճիրներն ու յափշտակութիւնները թաքցնեն: Վերոնշեալ քաղաքականութիւնը ի զօրու է բնականաբար եւ անկասկած ազգերու եւ պետութիւններու պարագային նաեւ, սակայն հոն ստայօդ իրողութիւններու բառեզրերը փոփոխութեան կ՛ենթարկուին եւ կը վերածուին խեղաթիւրումներու, ապատեղեկատուութեան տարածման ե, այսպիսով, ռազմական պատերազմներու կողքին, սկիզբ կ՛առնէ տեղեկատուական պատերազմ:

Այստեղ լուսարձակի տակ կ՛առնենք հայ ժողովուրդի վաղեմի թշնամիներու` թուրք-ազերիները (նախապէս` թաթար), որոնք դարեր շարունակ անընդհատ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի տարածաշրջանը ենթարկած են պատերազմի, ցեղասպանութեան, կողուպուտի, աքսորի, ջարդի, աւերումի, կոտորածի ու տակաւին մշակութային ցեղասպանութեան եւ այլ զայն վերածած բռնաբարութեան թատերաբեմի ու մանաւանդ` հողատարածքի բռնագրաւումի:

Այս բոլորը բնականաբար հետեւանք են համաթրքականութեան կամ համաթուրանականութեան գաղափարախօսութեան. համաթրքականութիւնը կամ համաթուրանականութիւնը, որ ցեղապաշտական յարձակողական վարդապետութիւն է, ըստ որուն, թրքախօս բոլոր ժողովուրդները իբրեւ մէկ ազգ պէտք է,  Թուրքիոյ գլխաւորութեամբ, մէկ միասնական պետութեան մէջ միանան:

Հայ ժողովուրդի պատուհասները շատ են ու անթիւ: Վերջին շրջանին եթէ մեր առօրեան Արցախի հիմնահարցն է ու Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, ապա լայն գիծերու մէջ, առանց վարանելու պէտք է ըսենք` հայկական հողատարածքներու հիմնախնդիրն է ընդհանրապէս:

Հայ դատի եւ պահանջատիրական գործընթացին մաս կազմող հայկական մեր բոլոր հողատարածքներուն եթէ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք, ապա մեր դիմաց կը ներկայանայ հետեւեալ պատկերը. Սամցխէ-Ջաւախքը թէեւ բռնագրաւուած, սակայն անոր վրայ կ՛ապրի ու կը գոյատեւէ հայ ժողովուրդին մէկ հատուածը: Արեւմտեան Հայաստանը, այո՛ բռնաբարուած եւ գերի է, հոն նոյնպէս կը բնակին հայեր, թէկուզ` իսլամացած կամ թաքնուած: Արցախը, ինչպէս ըսինք, մեր առօրեայ հիմնախնդիրն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ տակաւին, քանի որ պատերազմական իրավիճակ կը տիրէ եւ` լարուած մթնոլորտ, քանի որ ապաշնորհ վարչակարգի մը պատճառով ամօթալի պարտութիւն մը կրեցինք, որուն հետեւանք` թէեւ փոքր հողատարածք մնաց հայութեան տրամադրութեան տակ, բայց հոն մնացող փոքրաքանակ հայութիւնը յամառօրէն կը կառչի հողին: Իսկ Նախիջեւա՞նը…

Նախիջեւան անուանումը ունի հազարամեակներու պատմութիւն, զոր դարեր շարունակ իր դիմագիծով ու էութեամբ հայութեան կարեւորագոյն բնօրրանն էր` երկրամասը: Իբրեւ հայկականութեան դրոշմ` ան կոչուած էր արդէն Նախ-իջեւան` Նախիջեւան:

Նախիջեւանը եւս հայոց գլխուն եկած պատուհասներէն մէկն է եւ, առանց չափազանցութեան, կրնանք ըսել` ամէնէ ողբերգականը: Քանի որ Նախիջեւանի ազգաբնակչութեան 80-90 առ հարիւրը հայեր էին, հետագային ազերիները իրենց երէց եղբօր` Թուրքիոյ հետ միասին փորձելով երկրամասը մաքրել հայերէ` Ազրպէյճանը սկիզբ դրաւ տագնապին:

Այսպէս, ուրեմն, մայիս 1919 թուականին, հայկական բանակներու Նախիջեւան մուտքէն ետք, թրքական պետութիւնը եւ ազերիները գործի լծուեցան զայն վերագրաւելու նպատակով` գործադրելով ճնշումներ, սպանդ, կոտորած եւ բռնագաղթ:

Թուրքերը իրենց եղբայր թաթարներուն հետ յաջողեցան Նախիջեւանը պարպել հայութենէն եւ հոն ունենալ մեծամասնութեամբ իսլամ բնակչութիւն մը: Այսպիսով, թուրքերը ճամբայ հարթեցին «Մեծ Թուրան»-ի ահաւոր ծրագիրին համար:

Թուրանական գաղափարի ամէնէն հարազատ օրինակը կը ներկայացնեն այդ օրերուն թրքական բանակի հրամանատար Վեհիպ փաշայի խօսքերը` ուղղուած հայկական պատուիրակութեան, Պաթումի խորհրդաժողովի ընթացքին, մայիս 1918 թուականին. «Դուք կը տեսնէք, որ ճակատագիրը կը քաշէ Թուրքիան արեւմուտքէն արեւելք. մենք հեռացանք Պալքաններէն, կը հեռանանք նաեւ Ափրիկէէն, բայց մենք պէտք է տարածուինք դէպի արեւելք, հոն են մեր արիւնը, մեր կրօնը եւ լեզուն: Եւ ասիկա տարերային ձգողութիւն ունի, մեր եղբայրները Պաքուն, Տաղստանը, Թուրքիստանն եւ Ազրպէյճանն են: Մենք պէտք է ճամբայ ունենանք դէպի Պարսկաստան: Պահանջելով Նախիջեւանը եւ Զանգեզուրը` դուք արգելք կը դառնաք մեզի իջնելու Կուրի հովիտը եւ երթալու Պաքու: Կարսն ու Ախալքալաքը կը փակեն մեր ճամբան դէպի Ղազախ ու Գանձակ: Դուք պէտք է  մէկ կողմ քաշուիք եւ մեզի ճամբայ տաք: Ահա թէ ո՛ւր է մեր հիմնական վէճը: Մեզի պէտք են երկու լայն ճամբաներ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան մեր բանակներուն առաջ շարժելու եւ պաշտպանուելու: Մեր ճամբան Կարս – Ախալքալաք – Բորչալու – Ղազախն է, որ կը տանի դէպի Գանձակ, միւսը կ՛երթայ Շարուր – Նախիջեւան – Զանգեզուրով Կուրի հովիտը: Դուք կրնաք մնալ անոնց մէջտեղը, այսինքն` Նոր Պայազիտի եւ Էջմիածնի շուրջը»: Խորհրդայինները հաշտ աչքով պիտի չդիտէին հայկական զօրամասի մը գոյութիւնը Նախիջեւանի մէջ, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ անոնք կ՛ուզէին ամէն գնով տիրանալ Շուշի – Նախիջեւան գիծին` քեմալականներուն հետ անմիջական յարաբերութիւն ստեղծելու մտահոգութեամբ: Այս նկատառումէն թելադրուած` համայնավարները կը գրաւեն Նախիջեւանը: Հոս խօսքը կու տանք Սիմոն Վրացեանի, որ կը գրէ. «Պատմական արդարութիւնը պահպանած լինելու համար այստեղ հարկաւոր է արձանագրել մի ծանր քաղաքական սխալ, որ այդ ժամանակ գործեց Հայաստանի կառավարութիւնը: Շարուրի անկումից յետոյ Նախիջեւանի ներկայացուցիչները շտապեցին Երեւան եւ առաջարկեցին հաշտութիւն կնքել: Հոգեբանական պահը շատ յարմար էր Նախիջեւանը Հայաստանին կցելու եւ Երեւան – Ջուլֆա երկաթուղին բանալու: Մեր կառավարութիւնը նախիջեւանցիներին դրեց այնպիսի ծանր պայմաններ, որոնց իրագործման անկարելիութիւնը յայտնի էր հէնց սկիզբից: Միաժամանակ նախիջեւանցիք բանակցութիւններ էին սկսել պոլշեւիկների հետ: Երեւանի անհաշտ դիրքը նրանց մղեց պոլշեւիկների գիրկը»:

2 դեկտեմբեր 1920 թուականին, Երեւանի ծանօթ դաշինքով, որ կնքուեցաւ ռուսեւհայ կողմերուն միջեւ, Ռուսիա իր վրայ հետեւեալ յանձնառութիւնը կ՛առնէր. «Ռուս խորհրդային կառավարութիւնը կ՛ընդունի, որ անվիճելիօրէն Խորհրդային Հայաստանի մաս կը կազմեն հետեւեալ հողերը. Երեւանեան նահանգը` իրեն մաս կազմող բոլոր գաւառներով, Կարսի շրջանի այն մասը, որ զինուորական գետնի վրայ կ՛ապահովէ տիրապետութիւնը Ջաջուր կայարանէն մինչեւ Արաքս կայարանը երկարող երկաթուղին, Գանձակ նահանգի Զանգեզուր գաւառը, նոյն նահանգի Ղազախ գաւառին մէկ մասը 10 օգոստոսի համաձայնագիրի (կ՛ակնարկէ` 1920 օգոստոս 10 թուականի ռուսեւհայ համաձայնագիրին, Ա.Գ.) սահմաններուն մէջ նշուած տարածքները եւ Թիֆլիս նահանգի այն մասերը, որ Հայաստանի տիրապետութեան տակ էին մինչեւ 28 հոկտեմբեր 1920 թուականը»:

Նախիջեւանի գաւառը, ինչպէս յայտնի է, կը մտնէր Երեւանի նահանգին մէջ: Այս դաշնագիրով Ռուսիա այդ գաւառը կը նկատէր Հայաստանի անվիճելի սեփականութիւնը եւ յանձնառու կ՛ըլլար զայն պահել Հայաստանի սահմաններուն մէջ:

Հետագային կը տեսնենք, որ վատաբար հայ ժողովուրդը խաբելով, Ռուսիա, ընդառաջելով Թուրքիոյ, Նախիջեւանի շրջանը կ՛անջատէր Հայաստանէն եւ զայն կը դնէր թաթար Ազրպէյճանի հովանաւորութեան տակ:

3 դեկտեմբեր 1920 թուականի Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը իր 13-րդ յօդուածով կը սահմանէր. «Շարուրը եւ Նախիջեւանը ժամանակաւորապէս օժտւում են ինքնավարութեամբ` գտնուելով Թուրքիայի հովանաւորութեան տակ, մինչեւ որոշուի նրանց բախտը»:

Նախիջեւանը թրքացնելէ ետք, Անդրկովկասի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումով, ժամանակաւորապէս կանգ առաւ թուրքերու խելայեղ ընթացքը դէպի արեւելքի իրենց եղբայրները:

Թուրքիոյ ցեղապաշտ տրամադրութեան ապացոյցը կը կազմէ այն հողաշերտը, որ Արաքսի ափով եւ 9 քմ երկարութեամբ զինք կը կապէ Նախիջեւանին: Թուրքերը Մուսթաֆա Քեմալի օրով կարողացան այս լեզուակը հաստատել Պարսկաստանի հետ տարածք փոխանակելով:

Ցարական Ռուսիոյ յաջորդող խորհրդային վարչակարգը հակահայ քաղաքականութիւն կիրարկեց` անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն Կարսը, Արտահանը, Արարատ լեռը յանձնելով պարտութեան մատնուած Թուրքիոյ, մինչ կարելիութիւնը ունէր Արեւմտահայաստանէն յաւելեա՛լ շրջաններ վերամիացնելու Հայաստանին (Խորհրդային Միութեան): Երկրորդ` Արցախը եւ Նախիջեւանը յանձնեց Ազրպէյճանի իշխանութեան հոգատարութեան` իբրեւ ինքնավար մարզեր, եւ երրորդ` Ախալքալաքը յանձնեց Վրաստանին: 1920 թուականին Հայ ժողովուրդին արիւնով ազատագրուած շուրջ 70.000 քառ. քմ տարածութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերածուեցաւ 29.743 քառ. քմ-ի, այսինքն կէսէն պակաս` շուրջ 42 առ հարիւրի:

Արդարեւ, ազրպէյճանական զանազան ճնշումներու տակ Նախիջեւանի հայ բնակչութիւնը ժամանակի ընթացքին ոչնչացաւ: 1998 եւ 2002 թուականներուն հազարէ աւելի խաչքարեր արդէն ոչնչացուած էին, իսկ 2005 դեկտեմբերին` Ազրպէյճանի մէջ Ջուղայի հսկայական գերեզմանատունը, որ տեսանելի է Իրանի հետ սահմանէն, ռազմական յարձակման տակ էր. հարիւրէ աւելի ազրպէյճանցի զինուորներ, մեծ մուրճերով, բեռնատարներով եւ ամբարձիչ կռունկներով ոչնչացուցին գերեզմանատան մնացած 2000 խաչքարերն ալ:

Հետզհետէ եւ հերթականութեամբ, տարիներու ընթացքին տարբեր առիթներով ականատես եղանք ազրպէյճանցիներու ոչ միայն ցեղային զտումներուն, այլեւ անոնց վայրագութեամբ հայկական յուշարձաններու բոլոր հետքերը ջնջելուն` պնդելու համար, որ Նախիջեւանի մէջ բացարձակապէս հայ չէ ապրած:

Հետաքրքրական երեւոյթ է, որ Ազրպէյճանի մէջ գտնուող շատ մը օտարերկրեայ դիւանագէտներ երբ փափաք կը յայտնէին այցելել Նախիջեւան` հայկական տարածքը, որ խորհրդային իշխանութեան կողմէ կը դասակարգուէր իբրեւ Ազրպէյճանի «ինքնավար հանրապետութիւն»` հազարաւոր պատմական միջնադարեան հայկական խաչքարերու ոչնչացման փաստը ստուգելու համար, ազրպէյճանցի պաշտօնեաները կ՛արգիլեն անոնց այցը` պատրուակելով, որ այդ կոթողներուն ոչնչացման մասին զեկոյցները սուտ լուրեր են:

Այս մասին 2019 թուականին Hyperallergic ամսագիրին մէջ հրապարակուեցաւ Սիմոն Մաղաքեանի եւ Սառա Փիքմընի խիստ կարեւոր յօդուածը, որուն վերնագիրն էր` «Վարչակարգը կը թաքցնէ բնիկ հայոց մշակոյթին աւերումը»: Լոյս տեսած յօդուածը կը կրէր հետեւեալ ենթախորագիրը. «Նորարարական փորձագիտական զեկոյցը կ՛ընթանայ Ազրպէյճանի կողմէ միջնադարեան 89 եկեղեցիներու, 5480 նրբազարդ խաչքարերու եւ 22 հազար 700 գերեզմանաքարերու ոչնչացման հետքերով»:

Քաջ գիտենք, որ Հայաստանի եւ Հայ դատի անբաժանելի ու անքակտելի հողատարածք Նախիջեւանի մէջ այսօր ոչ թէ հայ չկայ, այլ հայկական գոյութիւնը վկայող ոչ մէկ հետքի կը հանդիպինք, քանի որ հայկականութիւն արտացոլացնող բոլոր յուշակոթողներն, յուշարձաններն, վանքերը կամ նոյնիսկ փոքր քանդակներ քանդուած են, կամ անոնց վրայ հայերէն գրութիւնները գողի ճարպիկութեամբ մը ջնջուած են: Այլ խօսքով, հոն կը թաքցուի ամէն ինչ, որ հայկական է:

Նախիջեւանի մէջ հայութեան գոյութեան եւ հայկական յուշակոթողներու ու յատկապէս Ջուղայի գերեզմանատուներուն ոչնչացման հետ կապուած, Ազրպէյճանի մէջ գործող տարբեր բնագաւառներու վերնախաւեր, սկսելով նախագահ Իլհամ Ալիեւէն, կը հերքեն իրենց առաջադրուած մեղադրանքները` անոնք անուանելով «սուտ եւ սադրանք», ինչպէս նաեւ կը յայտնեն, որ` «Նախիջեւանը անյիշելի ժամանակներէ ազրպէյճանցիներու հողն է, եւ ճիշդ այդ պատճառով  ալ այնտեղ չկան եւ երբեք չեն եղած  հայկական գերեզմանոցներ ու յուշարձաններ»:

Ակնյայտ իրողութիւն է, որ համաթուրանական ծրագիրը միշտ առկայ է, թէ՛ Ազրպէյճանի, եւ թէ՛  թուրք ղեկավարներուն մօտ: Այդ ծրագրին յաջողութեան համար ամէն կարելիութիւն գործի դրուած է: Թուրք-ազերիները լաւ կը գիտակցին, որ Եւրոպան կ՛ուզէ իրենց միջոցով պատնէշ ստեղծել ռուսերու դէմ, քանի որ անգլիացիները եւ եւրոպական այլ երկիրներ,  ինչպէս Ֆրանսա, հնարքներ կը մտածեն թուրքերը հասցնելու մինչեւ Պաքու, որովհետեւ ֆրանքօ-անգլիական նպատակն է մուսուլմանները կանգնեցնել ռուսերու դէմ, բայց էութեան մէջ թուրքը Եւրոպային համակիր է, որքան ալ անոնց մէջ քաղաքական տարակարծրութիւններ եւ ելեւէջներ ըլլան: Պատահական չէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ եւ Արեւմտեան երկիրներու մեծ մասը չտեսնել կը ձեւացնեն հայկական յուշակոթողներու եւ հայկական հողերու ապահայացման ու բռնագրաւման իրողութիւնը:

Վերջին հաշուով, հայերս լաւ ըմբռնած պէտք էր ըլլայինք, որ համաթուրանական ծրագրին առաջին ու հիմնական զոհը մենք ենք` հայ ժողովուրդը, թէ՛ հողային եւ թէ՛ մարդկային կորուստի առումով: Իսկ յաջորդ հակադրուողները պիտի ըլլան հերթաբար ռուսերը, ապա` Իրանն ու Չինաստանը. վերջիններս քաջ գիտեն եւ այդ մասին արդէն բազմակողմանի ծրագիրներ մշակած են: Այս պատճառով ալ երեք գերպետութիւններու քաղաքական շահերը կը յարին թուրքերու կողմը` բնականաբար զոհասեղանի վրայ հայերը մատաղացու տալով, պահանջուածն ալ ան է արդէն: Այս առումով, իբրեւ լաւագոյն վկայ` պատմութեան ընթացքին մեզի կը ներկայանան ռուսերը` ցարական իշխանութիւններէն սկսելով, շարունակուելով խորհրդային վարչակարգով եւ հերթաբար շարունակուող  թելը. ցայտուն է հայութեան դէմ կիրարկուած գործընթացը:

Վերոնշեալ հիմնաւորումներէ ետք դժուար չէ կռահել, թէ Նախիջեւանը ինչո՛ւ հայաթափուեցաւ, հերթը Արցախին է եւ յաջորդը` Զանգեզուրը: Թրքացեղ ժողովուրդին համար «Մեծ Թուրան»-ի երազանքը հետզհետէ կ՛իրականանայ` հովանաւորութեամբ շրջանին մէջ ազդեցութիւն ունեցող գերպետութիւններու: Միւս կողմէ, նաեւ երբեք չմոռնալ իսրայէլեան գործօնը, յատկապէս` սիոնիզմի անմիջական մեղսակցութիւնը Արցախի ապրիլեան քառօրեայ եւ 44-օրեայ լայնածաւալ ներկայութեան: Պատմական կարեւորութեան համար պէտք է շեշտել, որ Հայկական հարցը, Հայ դատն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը միշտ ալ սիոնիզմի համար եղած են իրենց նպատակներուն հասնելու համար միջոց եւ ոչ թէ` նպատակ:

Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ համաթրքականութեան ծրագիրը իրականացնելու ձեւաչափին մէջ եթէ խոչընդոտ հանդիսանայ Նախիջեւան, Զանգեզուր եւ Արցախ երկարող գիծը, ապա կայ անմիջապէս երկրորդ ծրագիրը` հայաբնակ Սամցխէ-Ջաւախք տարածքը, որ հիւսիսէն սահման է Հայաստանի Հանրապետութեան: Յիշեցնենք, որ 1918 թուականին թրքական բանակը փորձեց գրաւել Սամցխէ-Ջաւախքի շրջանը եւ հանդիպեցաւ այնտեղ ապրող հայ ժողովուրդի եւ,ինչու չէ, նաեւ տեղացի վրացիներու կատաղի դիմադրութեան:

Այս բոլորը կը կատարուին, երբ հայ ժողովուրդը պառակտուած է արդէն, զբաղած է ներքին անհեթեթ հարցերով ու զուրկ է ազգային միասնական գաղափարախօսութիւնէ: Հայոց պարտութիւններու հիմնական պատճառներէն մէկը, եթէ ոչ` ամենահիմնականը, եղած է ճիշդ այդ գործօնը` պառակտուածութիւնը, անմիաբանութիւնը եւ ազգային համաձայնութեան բացակայութիւնը` պատմութեան բախտորոշ պահերուն, այդ ալ բնականաբար եղած է սեւ ձեռքերու հովանաւորութեամբ:

Ուրեմն լաւ ըմբռնած պէտք էր ըլլայինք, որ «Մեծ Թուրան»-ի ստեղծման առաջին փուլը, այսինքն Թուրքիան Ազրպէյճանի միացնող ելակէտը եւ երթուղիի բանալին Նախիջեւան դուրս գալն է, եւ այդ իմաստով պատահական չէ, որ 1930-ականներուն Իրանի հետ տարածքային փոխանակում տեղի ունեցած է օրին, որմէ ետք Թուրքիան միջանցք ստացաւ Նախիջեւանի հետ: Այդ իսկ պատճառով Նախիջեւանի մէջ Թուրքիան հետզհետէ կ՛ուժեղացնէ ու կ՛ամրապնդէ իր զինուորական ուժը: Անոր համար անոնք ամէն ինչ կ՛ընէին, որ Նախիջեւանը չէզոք մնար, արեւելք անցնելու համար ան իրենց հարթակն է:

Վերջապէս, հայերուս համար Նախիջեւանը երբեք կորուսեալ երկիր չէ, ի՛նչ ալ ըլլան անոր պայմանները, իսկ միւս կողմէ` Թուրքիան երբեք չի հրաժարիր Ազրպէյճանի հետ ցամաքային կապով Կեդրոնական Ասիա դուրս գալու ծրագիրէն:

Հետեւաբար, երբ հետզհետէ հող կը գտնէ «Մեծ Թուրան» ծրագիրը, ու մենք ականատես կ՛ըլլանք անոր իրականացման համար տարուած հսկայական աշխատանքին, միւս կողմէ` անոր դէմ դժբախտաբար կը բացակային հայոց պետականութեան կամ համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ շօշափելի առաջնակարգ ծրագիրներ եւ համապատասխան նախաձեռնութիւններ` սպառնացող վտանգը հեռացնելու հայոց աշխարհէն ընդհանրապէս:

 

 

Նախորդը

«Զանգեզուրեան Միջանցք»-էն Մինչեւ Կեդրոնական Ասիա

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մի՛ Յուսահատիք, Տղա՛ք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?