Եւրոպական Միութիւնը չի թաքցներ Ռուսիան Կեդրոնական Ասիայէն եւ Անդրկովկասէն դուրս մղելու իր ծրագիրները, սակայն անոնք պիտի չյաջողին: Այս մասին «Մոսկուա. Քրեմլին. Փութին» հաղորդաշարը վարող Փաւել Զարուպինի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Եւրոպական Միութիւնը չի թաքցներ մեզ ամէն ձեւով զսպելու, Կեդրոնական Ասիայէն եւ Անդրկովկասէն դուրս մղելու իր մտադրութիւնները: Անոնք պիտի չյաջողին: Մենք այստեղ ենք պատմականօրէն եւ ոչ մէկ տեղի մէջ պիտի անհետանանք: Եւ մեր գործընկերները, մեր դաշնակիցները ասիկա շատ լաւ գիտեն», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը: