Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոլոմինա. «ՕԹԱՆ-ը Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Բանակցութիւններու Վերսկսման»

December 2, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու վերսկսման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի` Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Խավիեր Քոլոմինա Փիրիսը Սքոփիէի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն ետք:

Քոլոմինա նաեւ նշած է, որ Միրզոյեանի հետ «լաւ հանդիպում»-ի ընթացքին քննարկած են շրջանային անվտանգութիւնը եւ ՕԹԱՆ-Հայաստան երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման ուղիները:

Քոլոմինա «Էքս»-ի վրայ մէկ այլ գրառումով տեղեկացուցած է, որ Սքոփիէի մէջ հանդիպած է նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, եւ այդ «լաւ հանդիպում»-ի ընթացքին վերահաստատած ՕԹԱՆ-ի աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խրախուսած խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսումը:

30 նոյեմբերին ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչին հետ հանդիպումէն ետք հայկական կողմը հաղորդած է, որ Միրզոյեանն ու Քոլոմինա Փիրիսը քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

Միրզոյեան նշած է, որ անհրաժեշտ է Ազրպէյճանի յստակ, հրապարակային դիրքորոշումը տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման, 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին եւ Խորհրդային Միութեան ամէնէն թարմ, օրինական քարտէսներուն հիման վրայ սահմանազատման հետագայ հոլովոյթի ապահովման հարցին մէջ:

Ան նաեւ անդրադարձած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրին` վերահաստատելով երկիրներու գերիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան տակ շրջանային բոլոր կապուղիներու ապաշրջափակման հարցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան յստակ եւ միջազգային գործընկերներու համար ընկալելի դիրքորոշումը:

Պաքուն, իր կարգին, Քոլոմինա-Պայրամով հանդիպումին մասին նշած է, որ քննարկուած են Ազրպէյճանի եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ համագործակցութեան ընթացիկ օրակարգի, շրջանային եւ միջազգային հարցեր, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ բանակցութիւններու հեռանկարները:

 

 

Նախորդը

Պայրամով. «Հայաստանը Պէտք Է Գիտակցի, Որ Խաղաղութեան Ճամբան Երկկողմանի Երկխօսութենէն Կ՛անցնի»

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նախագահն Ու Պայրամովը Քննարկած Են «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Ապագայ Հեռանկարները»

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.