Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրամով. «Հայաստանը Պէտք Է Գիտակցի, Որ Խաղաղութեան Ճամբան Երկկողմանի Երկխօսութենէն Կ՛անցնի»

Դեկտեմբեր 2, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուն հաստատապէս կը հաւատայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գոյակցութեան պատմական կարելիութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 30 նոյեմբերին Սքոփիէի մէջ, ԵԱՀԿ-ի նախարարական 30-րդ խորհրդաժողովի ժամանակ, յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

«Հակառակ աւերներուն եւ չսպիացած վէրքերուն, Ազրպէյճանը ինք նախաձեռնած է Հայաստանի հետ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին», ըստ ԱՓԱ-ի ըսած է Պայրամով` նշելով. «Կողմերէն նախաձեռնուող աշխարհաքաղաքական սադրանքներու շարունակութիւնը անարդիւնաւէտ է եւ միայն խաղաղ հոլովոյթի ձգձգման կը ծառայէ»:

Ան չէ յստակացուցած, թէ խօսքը ո՛ր կողմի մասին է, սակայն նշած է, թէ Պաքուն յստակօրէն յանձնառու է խաղաղութեան, թէեւ հոլովոյթը կը ձգձգուի:

Պայրամով նաեւ բողոքած է. «Հայաստանէն աւելի քան երկուքուկէս ամիս պահանջուեցաւ համաձայնագիրի նախագիծի վերաբերեալ իր մեկնաբանութիւնները վերջնականապէս ներկայացնելու համար»:

«Որոշ կողմերու կողմնակալ եւ միակողմանի քայլերը լրջօրէն կ՛ազդեն հոլովոյթին վրայ», յայտարարած է Պայրամով` համոզում յայտնելով. «Ազրպէյճանն ու Հայաստանը պատմական կարելիութիւն ունին լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու եւ իբրեւ երկու պետութիւն խաղաղ գոյակցելու համար»:

«Ժամանակն է օգտուիլ այս կարելիութենէն: Հայաստանը պէտք է գիտակցի, որ խաղաղութեան ճամբան երկկողմանի երկխօսութեան եւ դրացիներու հետ բնական յարաբերութիւններէն կ՛անցնի», եզրափակած է Պայրամով:

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանը Իսրայէլեան Ռմբակոծումներու Թիրախ Դարձաւ

Յաջորդը

Քոլոմինա. «ՕԹԱՆ-ը Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Բանակցութիւններու Վերսկսման»

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?