Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նախագահն Ու Պայրամովը Քննարկած Են «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Ապագայ Հեռանկարները»

Դեկտեմբեր 2, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փիա Քաուման եւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ընդհանուր քարտուղար Ռոպերթօ Մոնթելլան Սքոփիէի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ քննարկած են Հայաստանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթի ապագայ հեռանկարները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի «Էքս»-ի էջը` այլ մանրամասնութիւններ չնշելով:

Ազրպէյճանական կողմը կը նշէ, որ հանդիպումի ընթացքին ներկայացուած է նաեւ Պաքուի դիրքորոշումը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղ համաձայնագիրի ստորագրութեան մասին:

Պայրամովը կրկին բողոքած է Երեւանի դէմ` նշելով. «Հայաստանի գործողութիւններն ու ռազմաքաղաքական սադրանքները կը խաթարեն խաղաղ համաձայնագիրի ստորագրութեան ջանքերը»:

Ազրպէյճանցի դիւանագէտը ընդգծած է, որ «հակառակ Հայաստանի սադրանքներուն եւ հոլովոյթները յետաձգելու փորձերուն», Պաքուն «հաւատարիմ է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման»:

«Նշուած է, որ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը կրնայ արդիւնաւէտ հարթակ դառնալ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն միջեւ վստահութեան հաստատման համար», ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու` ըսած է Պայրամով:

Միւս կողմէ, ան ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտթի հետ Սքոփիէի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է, որ հակառակ կողմը տեղեկացուած էր «հակաահաբեկչական քայլերու» մասին, որ Ազրպէյճանը 24 ժամուան ընթացքին գործադրեց սեպտեմբերին` «Ազրպէյճանի տարածքէն» հակառակ իր ստանձնած պարտաւորութեան Հայաստանի իր զինեալ ուժերը դուրս չբերելու լոյսին տակ:

Պայրամով պնդած է, թէ Արցախի մէջ խաղաղ բնակչութեան դէմ բռնութիւններ չեն եղած, իսկ հայերու հեռանալու պատասխանատուութիւնը կը կրեն Հայաստանը եւ «անջատողական վարչակարգը»:

 

Նախորդը

Քոլոմինա. «ՕԹԱՆ-ը Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Բանակցութիւններու Վերսկսման»

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Զեկուցող. «Ազրպէյճան Կը Ծրագրէ Հետագային Վերացնել Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Հայերու Ներկայութեան Բոլոր Ֆիզիքական Նշանները»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?