ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Մենք պէտք է հաւանաբար ծանօթացած ըլլանք 1979-ի աշնան, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի սրճարանին մէջ, ուր սովոր էին խմբուիլ հայ ուսանողները դասամիջոցներու ընթացքին:
Մեծ էր թիւը հայ ուսանողներուն: Ինծի ծանօթ ուսանողներուն մեծամասնութիւնը կը հետեւէր ճարտարապետութեան ճիւղին:
Այնճարէն Պէյրութ փոխադրուած ուսանողները թիւով փոքր էին: Պէյրութի տարբեր շրջաններէն, սակայն, կային մեծ թիւով հայ ուսանողներ: Շատերը քաջածանօթ էին արեւմտեան Պէյրութին: Կային նաեւ ուսանողներ, որոնք մեզի պէս իրենք զիրենք բոլորովին նոր միջավայրի մէջ կը գտնէին:
Շանթը բնագիտութեան կը հետեւէր, ինչպէս` Յարութ Պոշնագեանը, ես գիւղատնտեսութեան, ինչպէս` Կարօ Յարութիւնեանը եւ Գրիգոր Դերձակեանը, մինչ Պետիկ Պիտանեանը` ելեկտրական ճարտարագիտութեան:
Սկսանք յաճախ տեսնուիլ նաեւ անոր համար, որ բնագիտութեան եւ գիւղատնտեսութեան շէնքերը իրարու մօտ էին, եւ շատ անգամ պէտք էր նոյն աստիճաններով բարձրանայինք վեր, կամ իջնէինք վար:
Շանթը լուռ, հանդարտ եւ մտածկոտ դէմքով երիտասարդ մըն էր: Հաստ ապակիներով ակնոցը զինք կ՛անջատէր շրջապատէն: Քիչ անգամ կարելի էր ժպտուն տեսնել զինք:
Շանթը` ՇԱՆԹ էր: Քաջ, ընկերասէր եւ հայրենասէր տղայ էր: Հայկական ամուր ընտանիքի զաւակ: Հայրը հայերէն թերթի` «Ազդակ»-ի գրաշար, իսկ մայրը յարգուած եւ վաստակաւոր ուսուցչուհի էր:
Փոքրակազմ էր Շանթը, սակայն ջղուտ եւ խելացի: Յարգուած էր բոլորին կողմէ: Գաղափարով` դաշնակցական, խիստ ազգասէր եւ գաղտնապահ:
Մեր ծանօթութիւնը չմնաց նեղ սահմաններու մէջ: 1980-1982 տարիներուն, երբ գրեթէ առօրեայ դրութեամբ կը շարունակուէին Պէյրութի արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու սահմանագիծի ռմբակոծումները, արեւելեան շրջանի հայ ուսանողները չէին կրնար ամէն օր հատել սահմանագիծը: Արեւելքէն-արեւմուտք անցնիլը թէ՛ վտանգաւոր էր, թէ՛ նաեւ ժամեր կը խլէր: Հետեւաբար աւելի նպատակայարմար էր արեւելեան շրջանի ուսանողութեան համար կեցութեան տեղ մը ունենալ արեւմտեան Պէյրութի մէջ եւ միայն շաբաթավերջերուն անցնիլ միւս կողմ:
Ես անտուն էի: Օրին կը մնայի կեդրոնական «Արա Երեւանեան» ակումբ` ժամանակաւոր կերպով, մինչեւ յարմար տեղ մը գտնուէր:
Շուրջ մէկ տարի մնացի Նշան Փալանճեան ճեմարան` Մատթէոս Պէրպէրեանին որպէս սենեկակից, որ օրին կը հետեւէր քիմիագիտութեան մասնագիտութեան ամերիկեան համալսարանին մէջ:
Յաջորդ տարեշրջանին քանի մը ընկերներով` Շանթ Եագուպեան, Պետիկ Պիտանեան, Յարութ Պոշնագեան, Քարլօ Պայրագտարեան, կայք հաստատեցինք Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի երկրորդ յարկը, որ օրին փակ էր:
Ես դարձայ Շանթին սենեկակիցը: Մենք դարձանք մտերիմներ: Երկու տարի միասին գացինք համալսարան, միասին դաս սորվեցանք եւ միասին կերանք-խմեցինք:
Երբ Իսրայէլ յարձակեցաւ Լիբանանի վրայ, մենք համալսարանի ամավերջի քննութիւններու մէջ էինք: Քարտէս մը մեր դիմաց, կը հետեւէինք թշնամիին` քարտէսին վրայ նշանակելով այն շրջանները, որոնք կ՛անցնէին թշնամիի վերահսկողութեան տակ: Նշանները սկսան մօտենալ Պէյրութին: Երբ ռմբակոծումները լսելի դարձան, համոզուեցանք, որ շրջանէն հեռանալու ժամը հասած է: Մեծ դժուարութեամբ անցանք Պուրճ Համուտ: Ես հազիւ կրցայ Այնճար գացող ինքնաշարժ մը ապահովել: Կարծեմ Հազմիէէն անցնող վերջին ինքնաշարժներէն եղանք, անկէ ետք ճամբան փակուեցաւ երկար տարիներ: Այդպէս ալ անաւարտ մնացին ամավերջի քննութիւնները, եւ տեղի չունեցաւ նաեւ վկայականաց բաշխման աւանդական հանդէսը:
Շանթը աշխատանք ծրագրելու եւ կազմակերպելու բնածին տաղանդ ունէր: Խիստ ազգասէր էր եւ գաղտնապահ: Այդ էր պատճառը, որ համալսարանը աւարտելէն ետք կարեւոր աշխատանք տարաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան մէջ: Գործուղուեցաւ նաեւ նորանկախ հայրենիք` որպէս ՄՏԿ-ի (Մամլոյ եւ տեղեկատուական կեդրոն) պատասխանատու, աշխատանք մը, որ տարաւ ամենայն բծախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ:
Դժուար ժամանակներ էին, բայց Շանթին համար չկար որեւէ դժուարութիւն, որ յաղթահարելի չէր: Իր ամուր նկարագիրն ու հայրենասիրական ոգին կրնային տոկալ բոլոր դժուարութիւններուն:
Հայաստանէն վերադարձէն ետք էր, որ սկսաւ ուսուցչական իր առաքելութեան եւ իր ընտանեկան բոյնը կազմեց Վերա Ջուլհաճեանի հետ: Դժբախտաբար շատ արագ անհանգստացաւ, եւ միայն Շանթի նման մէկը կրնար դիմանալ 30 տարի անողոք հիւանդութեան:
Անցնող 30 տարիներուն ուսուցչութիւնը եղաւ իր գլխաւոր առաքելութիւնը պարտադրուած ընդմիջումներով` անհանգստութեան պատճառով: Բոլոր միջոցներով պայքարեցաւ անողոք հիւանդութեան դէմ: Իրեն համար հարուած էր նաեւ իր միակ եղբօր անժամանակ մահը` երիտասարդ հասակին:
Դժբախտաբար հիմա Շանթը չկայ: Ան մեկնեցաւ այս աշխարհէն լուռ կերպով` երկար տարիներու տառապանքէ ետք:
Շանթը ասուպի պէս անցաւ մեր երկինքէն: Լուսաւոր ասուպ մը, որ չի մոռցուիր: Զինք ճանչցողներուն համար Շանթը կը մնայ հարազատ ընկեր, քաջ դաշնակցական եւ մեծ հայրենասէր: Տղայ մը, որուն կեանքը եղաւ պայքար մինչեւ վերջ:
12 նոյեմբեր 2023
Մուսա Լեռ – Այնճար