Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս

October 24, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վանայ Ձայն»-ը` սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնը, այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը` չորս տասնամեակ հայ երգին, խօսքին, ազգային եւ մշակութային արժէքներուն իր նուիրումը:

«Վանայ Ձայն»-ը անցնող 40 տարիներուն սովորական ռատիոկայան մը չեղաւ, միայն լուռ ու տեղեկութիւն չփոխանցեց, ոչ ալ երգ ու երաժշտութիւն սփռող պարզ միջոց մը հանդիսացաւ, այլ նաեւ եղաւ ու մնաց իր ժողովուրդին ամէնօրեայ զարկերակովը ապրող, անոր լաւ թէ վատ օրերու անբաժան ընկերակիցը, որ երբեք հանգիստ ու դադար չունեցաւ:

Կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վանայ Ձայն»-ի հիմնադրութեան 40-ամեակին նուիրուած երգահանդէսը` կատարողութեամբ հայրենի երգիչներ Լիանա եւ Կարէն Զաքարեաններու:

Լիանա եւ Կարէն Զաքարեանները տարիներէ ի վեր իրենց ստեղծագործական գործունէութեամբ կը նպաստեն հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման` նպատակ ունենալով ժողովրդական եւ աշուղական երգարուեստը ճանաչելի դարձնել ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ` ամբողջ աշխարհի մէջ:

Երեկոն, որ համախմբած էր հայ երգի սիրահարները, յատուկ էր` իր ազգային շունչով, ժողովրդական երգերու հարստութեամբ եւ ներկաներուն բարձր տրամադրութեամբ:

Երգահանդէսին բացման խօսքը արտասանեց «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ ըսաւ. «Այսօր պարզապէս յոբելեան մը չենք նշեր: Այսօր կը տօնենք` քառասուն տարիներու պատմութիւն մը, նուիրում մը, աշխատանք մը եւ հաւատք մը, որ ձայնի մը միջոցով կարողացաւ հասնիլ հազարաւոր հայ ընտանիքներու, մտնել անոնց տուներէն, գործատեղիներէն եւ ինքնաշարժներէն ներս եւ դառնալ անոնց առօրեային անբաժան մասը: Քառասուն տարիներ ետք, այսօր «Վանայ Ձայն»-ը դարձած է` յիշողութիւն,դպրոց, կամուրջ եւ առաքելութիւն: Թող ան շարունակէ հնչել մեր տուներէն ներս եւ աշխարհի չորս կողմը գտնուող հայորդիներու սիրտերուն մէջ: Թող որ այս ձայնը շարունակէ ապրիլ, այնքան ատեն որ հայը կը խօսի հայերէն, կը պահէ հայկական իր ինքնութիւնը եւ կը հաւատայ իր ժողովուրդի ապագային: Շնորհաւոր` «Վանայ Ձայն»-ի քառասնամեակը»:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ մը` ներկաները ծանօթացնելով «Վանայ Ձայն»-ի գործունէութիւնը, կատարած աշխատանքներն եւ տարիներու ընթացքին ունեցած վաստակը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան հայրենի երգիչներ Լիանա եւ Կարէն Զաքարեանները, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին առաջին անգամ Պէյրութ գտնուելու առիթով եւ շնորհաւորեցին «Վանայ Ձայն»-ը` հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով: Անոնք մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ եւ երկար ճանապարհ, որպէսզի «Վանայ Ձայն»-ի շնորհիւ հայկական երգն ու մշակոյթը լսելի եւ տարածելի դառնան ամբողջ աշխարհին մէջ:

Երգահանդէսը սկիզբ առաւ աշուղական երգերէ բաղկացած զուգերգով մը, որ անմիջապէս ստեղծեց հայկական աւանդական երաժշտութեան յատուկ մթնոլորտ:

Երեկոյին ընթացքին երգիչները ներկայացուցին ժողովրդական եւ աշուղական երգերու հարուստ փունջ մը` համադրելով ազգային երաժշտական ժառանգութիւնն ու ժամանակակից մատուցումը: Հնչեցին Աշուղ Շերամի երգերէն` «Ամպերն ելան», «Սէր, սէր», «Սարերի հովին մեռնեմ», «Սարերի եղնիկ», «Փնջլիկ, մնջլիկ», «Պարտէզում վարդ է բացուած», «Եարս ո՞ւր գնաց», «Հոյ նազան», «Անջիգեար եար», «Խռոված էր», «Մէջս կեանք չմնաց» երգերը:

Յայտագիրին մաս կազմեցին նաեւ` «Ծաղկիր ինձ համար, երգիր ինձ համար», «Մշոյ աղջիկ», «Շատ երգիչներ», Սայաթ-Նովայի «Թամամ աշխարհ», «Պինկէօլ», ինչպէս նաեւ` Պալուի շրջանի ժողովրդական երգերէն «Հայրիկի ալ» երգը:

Երգերու այս ճոխ շարքը ներկաները տարաւ հայկական տարբեր շրջաններու երաժշտական աշխարհը` վերակենդանացնելով ազգային երգի հարուստ աւանդութիւնները եւ ստեղծելով հայկական ջերմ մթնոլորտ:

Երգահանդէսը միայն երգերու ունկնդրութեամբ չսահմանափակուեցաւ: Ներկաներէն ոմանք, բարձր տրամադրութեամբ, մասնակցեցան ուրախութեան` երգչուհիին ընկերակցելով պարերով: Ժողովուրդին խանդավառ մասնակցութիւնը եւ ծափահարութիւնները աւելի կենդանութիւն հաղորդեցին երեկոյին` բեմին եւ հանդիսատեսին միջեւ ստեղծելով մտերմիկ ու ջերմ կապ մը:

Երեկոյին աւարտին «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան յուշանուէրներ յանձնեց երգիչներուն` շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան եւ գեղեցիկ կատարումներուն համար:

Ան դիտել տուաւ, որ հայրենի հիւրեր ծաղկեցուցին «Վանայ Ձայն»-ի 40-ամեակի ճաշկերոյթն ու երգահանդէս` ուրախ տրամադրութեամբ ժողովուրդը եւս բաժնեկից դարձնելով «Վանայ Ձայն»-ի ուրախութեան: «Մեր մաղթանքն է, որ ձեր օրերը միշտ այսպէս ըլլան` ուրախութեամբ, զուարթութեամբ, «Վանայ Ձայն»-ի ընկերակցութեամբ: Նորանոր տարեդարձներ: Յուսամ` կը տեսնուինք յիսնամեակին ու յաջորդ յոբելեաններուն», շեշտեց Աւագեան:

«Վանայ Ձայն»-ի հիմնադրութեան 40-ամեակին նուիրուած երգահանդէսը վերածուեցաւ ազգային երգի, ուրախութեան եւ միասնականութեան գեղեցիկ տօնի մը: Հայրենի երգիչներուն կատարումները եւ ժողովուրդին խանդավառ մասնակցութիւնը անգամ մը եւս փաստեցին, որ հայկական երգն ու մշակոյթը կը շարունակեն մնալ մեր ինքնութեան կարեւոր սիւները` համախմբելով հայութիւնը նման ձեռնարկներու միջոցով:

 

 

Նախորդը

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ. «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

RelatedPosts

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ.  «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը
Գաղութային

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ. «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

October 24, 2026
ՀՄԸՄ-ի Անդրանիկ Նաւասարդեան Խաղերու Մեկնարկը Տրուեցաւ Փառաշուք Եւ Տպաւորիչ Հանդիսութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Անդրանիկ Նաւասարդեան Խաղերու Մեկնարկը Տրուեցաւ Փառաշուք Եւ Տպաւորիչ Հանդիսութեամբ

October 23, 2026
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գաղութային

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.