Շաբաթ, 17 հոկտեմբերի երեկոյեան «Վանայ Ձայն» յոբելենական ճաշկերոյթով մը նշեց իր հիմնադրութեան 40-ամեակը: Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ներկայութեամբ պետական, ազգային, եկեղեցական, կուսակցական, համայնքային պատասխանատուներու եւ ռատիոյականի բարերարներու ու բարեկամներու:

Ճաշկերոյթին սկիզբը բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան եւ նշեց, որ սովորական ձեռնարկ մը չէ 40-ամեակի նշումը, այլ հաշուետուութիւն մըն է 40 տարուան աշխատանքի եւ միաժամանակ հաւաքական ու միասնական խոստում մըն է` երթը միասնաբար շարունակելու 40-ամեակէն անդին:
Ապա ցուցադրուեցաւ «Վանայ Ձայն»-ի 40-ամեայ երթը ներկայացնող տեսանիւթը, որ արագ եւ գեղեցիկ վերյիշում մը կատարեց անցնող չորս տասնամեակներուն ռատիոկայանին ծառայած անձնակազմերուն, գլխաւոր հիւրերուն եւ յայտագիրներուն:
Խօսք առաւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ ըսաւ, որ քառասուն տարի առաջ, երբ Պուրճ Համուտի համեստ մէկ յարկաբաժինէն «Վանայ Ձայն»-ը առաջին անգամ կը հնչէր, ոչ ոք կը պատկերացնէր, թէ որքա՜ն երկար ճամբայ պիտի կտրէ ան, քանի՞ տուներ եւ գործատեղիներ պիտի մտնէ, քանիներո՜ւ սրտերուն պիտի հասնի եւ քանի՞ սերունդի պիտի ուղեկցի:
Քառասուն տարուան արժեւորումը կատարելով` Աւագեան նշեց, որ «Վանայ Ձայն» դարձած է ազգային մեր յիշողութեան մէկ մասը, որովհետեւ ռատիոկայանի ալիքներէն անցած են` հայ կեանքի գլխաւոր ձայները, մշակոյթի եւ արուեստի դէմքերը, ազգային-կուսակցական կեանքի իրադարձութիւնները, երիտասարդները, մտաւորականները, մարզիկները, կազմակերպութիւնները եւ ամէնէն կարեւորը` մեր ժողովուրդը: Ի զուր չէ, որ «Լաւագոյն եւ հարազատ ձայն»-ի կոչումին արժանացած է ան, ընդգծեց Վ. Աւագեան:
Աւագեան յայտնեց, որ անցնող չորս տասնամեակներուն «Վանայ Ձայն» արտայայտիչը եղաւ իր սեփական ժողովուրդի ձգտումներուն եւ պահապանը` անոր ազգային արժէքներուն: Եղաւ այն ձայնը, որ հնչեց` հայ մարդուն համար, հայ ընտանիքին համար, հայ համայնքին համար եւ այն բոլոր գաղափարներուն համար, որոնցմով մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը պիտի ապրին ազատութեամբ եւ արժանապատուութեամբ:
Ապա, ռատիոկայանի հիմնադիրներուն, յաջորդական պատասխանատուներուն, անձնակազմի անդամներուն, բարեկամներուն, բարերարներուն եւ ունկնդիրներուն շնորհակալական խօսքեր յայտնելէ ետք, Վիգէն Աւագեան անդրադարձաւ 40-ամեակի մարտահրաւէրներուն եւ ըսաւ. «Եթէ 40 տարի առաջ «Վանայ Ձայն»-ը ունկնդիրներուն կը հասնէր միայն FM ալիքով, այսօր ան կը հասնի նաեւ առցանց միջոցով եւ ընկերային ցանցերով:
«Եթէ 40 տարի առաջ լիբանանեան եւ միջազգային հաղորդակցութեան միջոցները կը ներկայացնէին համեստ թիւ մը միայն, այսօր թիւ ու համրանք չկայ անոնց, եւ մրցակցութիւնը անխնայ է:
«Եթէ 40 տարի առաջ այսօրուան խառն ամուսնութիւններուն թիւը չկար եւ հայ կեանքէն, հայ դպրոցէն եւ հայկական ռատիոկայաններէն հեռու մնացողներու մեծ թիւ չկար, այսօր նոյնը կարելի չէ հաստատել: Անցեալին մարդիկ աւելի շատ իրե՛նք կու գային մեր մօտ: Այսօր մե՛նք պարտաւոր ենք երթալ իրենց մօտ:
«Երթալ` բոլոր միջոցներով, ամէնէն արագ ու արդիական ձեւերով:
«Հետեւաբար իր 40-ամեակին «Վանայ Ձայն» կը դիմագրաւէ յաւելեալ արդիականացման եւ առցանց հաղորդումներու զարգացման մարտահրաւէրը, որպէսզի կարենայ մնալ մրցակցութեան դաշտին մէջ եւ շարունակէ հասնիլ լայն լսարաններու»:
Իր խօսքին աւարտին Աւագեան թելադրեց. «Մնացէ՛ք միշտ «Վանայ Ձայն»-ի ունկնդիր, որպէսզի միասին շարունակենք այն պատմութիւնը, որուն մէջ իւրաքանչիւրս ունի իր բաժինը, որպէսզի մեր ձայնը հասնի ձեզի, իսկ ձեր սէրն ու վստահութիւնը վերադառնան մեզի»:
Յաջորդեց ցուցադրութիւնը արհեստական բանականութեամբ պատրաստուած կարճ տեսանիւթի մը, որ կը ներկայացնէր ունկդիրներ-ակնդիրներ կապն ու հաւատարմութիւնը «Վանայ Ձայն»-ի հետ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան: Ան շնորհաւորեց կայանի 40-ամեայ յոբելեանը` յիշեցնելով, որ 40 տարիներ առաջ` 1980-ական թուականներուն, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի տագնապալի եւ ծանր պայմաններուն մէջ է, որ օրուան Կեդրոնական կոմիտէն իրականութիւն դարձուց իր սեփական ձայնասփիւռի կայանը ունենալու գաղափարը:
«Վանայ Ձայն»-ը ծնունդ առաւ ոչ միայն իբրեւ տեղեկատուական սովորական միջոց, այլ նաեւ` իբրեւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան, ազգային գիտակցութեան, լինելիութեան եւ անկոտրում կամքին բարձրախօս: Այն օրերուն, երբ տագնապն ու անորոշութիւնը պաշարած էին մեր համայնքը, «Վանայ Ձայն»-ը եղաւ այն հարազատ ձայնը, որ մտաւ իւրաքանչիւր հայ տուն` փոխանցելով յոյս, դիմադրողականութիւն, տոկունութիւն եւ ինքնավստահութիւն` ամէնէն դժուար ու վտանգաւոր պահերուն», ըսաւ ան:
«Վանայ լիճին պատմական խորհուրդը իր անուան մէջ կրող այս կայանը չորս տասնամեակի ընթացքին դարձաւ լիբանանահայութեան եւ համայն սփիւռքահայութեան ազգային-սրբազան տեսլականի, Հայ դատի արդար պայքարի եւ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման հաւատարիմ առաքեալը:
«Անիկա տասնամեակներ շարունակ մնաց ազգային-հայրենասիրական արժէքներու եւ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահապան պատնէշի վրայ` հանդիսանալով իսկական դպրոց մը, ուր թրծուեցան լրագրողներ, մտաւորականներ եւ հանրային գործիչներ», ըսաւ Ա. Պալապանեան:
Ապա ան անդրադարձաւ մերօրեայ մարտահրաւէրներուն եւ ըսաւ. «Այսօր, երբ մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը կանգնած են ճակատագրական մարտահրաւէրներու եւ ազգային ինքնութեան սպառնացող վտանգներու դէմ յանդիման, «Վանայ Ձայն»-ի առաքելութիւնը կը մնայ աւելի քան այժմէական, անհրաժեշտ եւ ռազմավարական: Թուային արդի դարաշրջանի եւ արդիական միջոցներու ընձեռած կարելիութիւններով վստահ ենք, որ կայանը պիտի ընդլայնէ աշխարհագրական ու եթերային սահմանները` շարունակելով իր յառաջընթացը եւ մնալով հայ մտքի, մշակոյթի եւ հայրենասիրութեան անմար փարոս»:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը այս առիթով շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք որեւէ տեսակի ներդրում ունեցած են կայանի գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան մէջ` հիմնադիրներ, տնօրէններ, վարչականներ, խմբագիրներ, հաղորդավարներ, ձայնի հաղորդավարներ, անձնակազմի անդամներ, նուիրատուներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ հսկայական զոհողութիւններով, նուիրումով եւ հաւատքով պահեցին, պաշտպանեցին եւ զարգացուցին այս ազգային հաստատութիւնը:
«Ջերմօրէն կ՛ողջունենք «Վանայ Ձայն»-ի ընտանիքն ու անոր հաւատարիմ ունկնդիրները` Լիբանանի թէ աշխարհասփիւռ գաղութներուն մէջ: Կը մաղթենք անխափան երթ, նորանոր յաջողութիւններ եւ յարատեւ վերելք` ի սպաս հայ ժողովուրդին իղձերուն, Հայաստանի հզօրացման ու Արցախի իրաւունքներու յաղթահարման եւ հայութեան լուսաւոր ապագայի տեսլականին:
«Թող շարունակէ անխափան հնչել «Վանայ Ձայն»-ը` լիբանանահայութեան հարազատ ձայնը», եզրափակեց Ալպեր Պալապանեան:
Խօսքերու պաշտօնական բաժինի աւարտին ճաշկերոյթը ծաղկեցուցին հայրենի երգիչներ Լիանա եւ Կարէն Զաքարեանները, որոնք ժողովրդային, աշուղական, ազգագրական եւ հայրենասիրական ելոյթներով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ:
Ճաշկերոյթի ընթացքին Շողիկ Թորոսեան կարդաց քոյր ռատիոկայաններէ եւ լրատուամիջոցներէ ստացուած շնորհաւորական գիրեր: Այսպէս, «Վանայ Ձայն»-ի 40-ամեակի տօնական ուրախութեան մասնակից դարձան Հալէպի «Ռատիօ Երազ»-ը, Փարիզի «Ռատիօ Այբ»-ը, Վալանսի «Ռատիօ Ա»-ն, Ուրուկուէյի «Կոմիտաս» ռատիոժամը, Երեւանի «Երկիր Մետիա»-ն, Սիտնիի «Արմենիա Մետիա»-ն, Քանատայի «Հորիզոն մետիա»-ն եւ Պէյրութի «Ազդակ»-ը:
Այս առիթով տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում: 40-ամեակի կարկանդակը հատեցին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Արամ Սոմունճեան եւ Եղիկ Թաշճեան, ճաշկերոյթին ներկայ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարուհի դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ ռատիոկայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Կարկանդակին շուրջ բոլորուեցան ռատիոկայանի անձնակազմի ներկայ թէ անցեալի անդամները` յիշատակի տպաւորիչ նկարով մը:
Ճաշկերոյթին ընթացքին տեղի ունեցան ռատիոկայանին զարգացման ի նպաստ նուիրատուութիւններ:




