Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Նոյեմբեր 29, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՕՄ-ը Միշտ Ներկայ

Շաբաթ, 18 նոյեմբեր 2023-ին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած զեկուցական ժողովը` մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանի եւ տարբեր մարզերէ եկած մեծ թիւով ՀՕՄ-ուհիներու:

Ժողովը սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան բարի գալուստի քաջալերական խօսքէն ետք զեկուցեց ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական ժողովի արդիւնքներուն մասին` անդրադառնալով անոր որդեգրած բանաձեւերուն, նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անուանացանկին եւ ապա կեդրոնացաւ հայրենազուրկ դարձած արցախահայութեան ցարդ տրամադրուած եւ մօտ ապագային տրամադրուելիք օժանդակութիւններուն:

Արցախահայերու օգնութեան հասնելու առաջին արձագանգը ստացուեցաւ ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ միաւորէն, որ տեղի պետական մարմիններու եւ Հայ դատի յանձնախումբին համագործակցութեամբ հանգանակեցին 24 հազար ամերիկեան տոլար: ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորի տնօրինութեամբ Արցախի ներկայացուցչութեան միջոցով արցախահայութեան տրամադրուեցան 440 արկղ սննդամթերք եւ մաքրութեան առնչուող ապրանքներ: Վերոնշեալ արկղերուն պատրաստութեան մասնակցեցան նաեւ Աւստրալիայէն Հայաստան եկած պետական պատուիրակութեան անդամները:

Օգնութեան առաջին այս փորձը յաջողութեամբ կատարելէ ետք շրջանի ՀՕՄ-ը` համագործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան, աւելի քան հարիւր արկղ սննդամթերք, հագուստ եւ մաքրութեան առնչուող իրեր տարին Գորիս եւ բաժնեցին այնտեղ հանգրուանած արցախահայութեան:

Այնուհետեւ, ՀՕՄ-ը ընդարձակելով օգնութեան իր շրջանակը եւ համագործակցելով շրջանի ուղեկից կազմակերպութիւններուն եւ արտասահմանեան զանազան երկիրներէ կամաւորաբար հայրենիք եկած հայորդիներուն հետ, աւելի քան հազար արկղ սնունդ եւ մաքրութեան առնչուող ապրանքներ պատրաստեց եւ բաժնեց հայրենի տարբեր մարզերու մէջ հաստատուած արցախցիներուն:

Այս աշխատանքներուն զուգահեռ, ամէնօրեայ յաճախականութեամբ ՀՕՄ-ի կեդրոն կ՛այցելեն հարիւրաւոր անձնազոհ հայեր եւ իրենց օգնութիւնը կ՛առաջարկեն ՀՕՄ-ին, կ՛այցելեն արցախցիներու տուներ եւ օգտակար կը հանդիսանան անոնց  նիւթապէս եւ կը տրամադրեն սնունդ, հագուստ, անկողնային եւ խոհանոցային իրեր:

2023 թուականի հոկտեմբեր 16-21 Հայաստանի մէջ գումարուած ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական ժողովի մասնակից պատգամաւորները եւս մեծապէս օգտակար հանդիսացան արցախահայութեան: Անոնք եւս այցելեցին եւ իրենց օգնութեան ձեռքը մեկնեցին արցախցի իրենց հայրենակիցներուն:

Բռնագաղթուած արցախահայութեան օժանդակութեան աշխատանքները առաւել կազմակերպուած կատարելու հեռանկարով ստեղծուած է կեդրոնական յանձնախումբ, որուն ծրագրային աշխատանքներուն մէջ ներառուած են կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներ:

Կարճաժամկէտ ծրագիրներու առաջնահերթութիւնը սնունդի բաժանումն է, որուն համար ՀՕՄ-ը շաբաթներ շարունակ արձանագրութիւններ կատարեց, որպէսզի բաժանումը կանոնաւոր կատարուի: Ներկայ դրութեամբ աւելի քան հինգ հազար ընտանիք արձանագրուած է: Այս ծրագրի ծիրին մէջ ՀՕՄ-ի հետ համագործակցած է «Մենք ենք մեր սարերը» հասարակական կազմակերպութիւնը` քսան հազար թոն դդմաճեղէն, Լինտա Հաննան` երկու թոն խնձոր նուիրելով: Նկատի ունենալով, որ ՀՕՄ-ի օգնութեան դաշտը շատ ընդարձակուած է, ինչպէս նաեւ ակնարկուած հինգ հազար ընտանիքներուն համար սնունդի օժանդակութիւնը կազմակերպելը եւ արագ հասցնելու կարեւորութիւնը էական է, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է արցախցիներու արձանագրութիւնները: Արձանագրումներու նոր թուականը պիտի յայտարարուի ՀՕՄ-ի Դիմատետրի էջին միջոցով:

Երկարաժամկէտ ծրագիրներու մասով յանձնախումբը ծրագրած է բանալ Ընկերային ծառայութեան կեդրոն, մատուցել հոգեբանական ծառայութիւն եւ բժշկական ծառայութիւն (Մօր ու մանկան ծննդատան օրինակով): Այս ծրագիրներու իրականացումը ուսումնասիրութեան փուլի մէջ է, եւ միջոցներ կ՛որոնուին զանոնք լաւագոյնս նախաձեռնելու համար:

Իսկ կրթական-մշակութային աշխատանքները արդէն իսկ նախաձեռնուած են Համազգայինի եւ սկաուտական-երիտասարդական ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ) ճամբարներու միջոցով:

Պէտք է ընդգծել, որ ՀՕՄ-ի մարդասիրական այս ծրագիրներուն մէջ մեծ է ներդրումը ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան գրասենեակին եւ մասնաճիւղերուն, որոնք ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ընդհանրական աշխատանքներուն (սնունդի արկղեր պատրաստել, բաժնել) մասնակցութիւն ունենալու զուգահեռ, առանձին օգնութիւններ կը ծրագրեն եւ կը տրամադրեն իրենց շրջապատին մէջ ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած արցախահայութեան: Այս իմաստով առանձին ներկայացուեցան ՀՕՄ-ի գրասենեակի եւ մասնաճիւղերու հարիւրաւոր ընտանիքներուն մատուցուած տարաբնոյթ օգնութիւնները:

Ժողովի վերջին բաժինին մէջ իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեանը: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերուն, որոնք գրկաբաց ընդունեցին եւ օժանդակեցին արցախահայութեան:

Արդիւնաւէտ այս զեկոյցէն ետք լուսաբանական հարցումներու առիթ տրուեցաւ: Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ հրաժեշտ տուին` իրենց օգնութիւնը աւելի ընդարձակ եւ ոգեւորութեամբ շարունակելու պատրաստակամութեամբ:

Կայացաւ «Հայ Հասարակական-Քաղաքական Միտքը. Պատմութիւն Եւ Արդիականութիւն» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեամբ` նոյեմբեր 24-ին Պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքին մէջ կայացաւ «Պատմութեան դասաւանդման արդի հիմնախնդիրներ» խորագիրով գիտաժողով, որուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին կէսին.  պատմութիւն եւ արդիականութիւն» գիրքի շնորհահանդէսը: Գիրքին մէջ զետեղուած են այս տարուան մարտ 2-ին նոյն նիւթով կայացած գիտաժողովին հնչած գիտական միտքերը, մասնագիտական զեկոյցներն ու դիտարկումները:

Ժողովածուին մասին խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեանը, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանը, նոյն  համալսարանի Համաշխարհային պատմութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիքայի ամպիոնի վարիչ Խաչատուր Ստեփանեանը:

«Պատմութեան դասաւանդման անհրաժեշտութեան հարցին շուրջ կամ ինչո՞ւ դասաւանդել պատմութիւն» նիւթին մասին զեկուցեց  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ համաշխարհային պատմութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիքայի ամպիոնի վարիչ Խաչատուր Ստեփանեան` դիտել տալով. «Պատմութեան իմացութիւնը նպաստեց աշխարհահայեացքի կամ սէթական տեսակէտի ձեւաւորման»: Պատմաբանը մատնանշեց, որ, բազում այլ հարցերու կողքին, այս նիւթին դասաւանդութիւնը կը լուծէ ռազմահայրենասիրական եւ քաղաքացիական դաստիարակութիւն տալու հարցը:

«Գիրքը ծոցդ դնելու գիրք է, որպէսզի մօտդ պահես եւ ուսումնասիրես: Անիկա անհրաժեշտութիւն է մեր օրերուն համար», նշեց Խաչատուր Ստեփանեան:

Ռուզան Առաքելեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ. «Գիրքը կրնայ ուղեցոյց հանդիսանալ ո՛չ միայն գիտնականներու կամ պատմաբաններու համար, այլ նաեւ` բոլոր քաղաքական գործիչներու, որպէսզի վերջապէս կարենանք ճշմարտութիւն մը բանաձեւել, թէ` ազգային գաղափարախօսութիւնը ձեւ ու բովանդակութիւն պէտք է ունենայ, եւ այդպիսով պիտի կարենանք հասարակութիւնը համախմբել». ան աւելցուց, թէ  պէտք է կարենանք  դասեր քաղել անցեալէն` ճիշդ քաղաքական ուղիով ընթանալու:

Արտաշէս Շահպազեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Իսկապէս լուրջ հասարակական-քաղաքական միտք գոյութիւն ունէր 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու առաջին կիսուն` Աբովեանէն սկսեալ, մինչեւ լուսաւորիչները, նոյնիսկ յեղափոխականները: Կարեւոր հանգամանքը, որ նկատի կ՛ունենային ազգին վերազարթօնքին, հայոց մեծ երազանքի իրականացման համար` ժողովուրդը կրթելն ու լուսաւորելն էր»: «Գիտակցութիւնը յաջորդեց սորան, Ազգի վիճակը ծանրացաւ սրտիս», մէջբերելով Նալպանտեանի այս տողերը` Շահպազեան աւելցուց, որ միայն լուսաւորեալ ժողովուրդն է, որ ինքնութեան ազգային իտէալի գիտակցութիւն եւ ազգային տեսլական ունի: Գիտակցութիւնն է, որ ազգի վիճակին մասին պատկերացում եւ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Իսկ այսօր մեր մէջ կը պակսի ե՛ւ մտահոգութիւնը, ե՛ւ գիտակցութիւնը:

«Մեր մարզիկը, արուեստագէտը, գիտնականը կ՛առաջնորդուին համաշխարհային չափորոշիչներով: Կայ վտանգ, որ եթէ երթանք ինքնամեկուսացման, ապա Հայաստանը կը վերածուի գաւառի: Մենք մեծ յետընթաց ունեցանք, գլորեցանք դէպի գաւառ: Ես հաւատացած եմ, որ մեր վաղուան վերածնունդը պայմանաւորուած է կրթութեամբ ու գիտութեամբ», շեշտեց Շահպազեան:

Պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Էտկար Յովհաննիսեան կարեւոր նկատեց Համազգայինի հետ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ գիրքի հրատարակութիւնը` նշելով, որ հայ քաղաքական եւ հասարակական միտքի ակունքները կը բիւրեղանան այդ շրջանին մէջ:

Բոլոր ներկաները Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կողմէ ժողովածուէն օրինակներ նուէր ստացան:

Սարդարապատի Մէջ Նշուեցաւ Զօրահրամանատար, Ազգային Հերոս Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի Ծննդեան 162-Ամեակը

Սարդարապատի յուշահամալիր, Հայոց ազգագրութեան թանգարանին մէջ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ նշուեցաւ Սարդարապատի ճակատամարտի գլխաւոր հրամանատար, ազգային հերոս Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի ծննդեան 162-ամեակը:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յուշահամալիր-թանգարանի գիտական գծով փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Սուետլանա Պօղոսեան նշեց, որ իրենք շատ կարեւոր կը նկատեն ականաւոր զօրավարին անցած փառաւոր ուղին, որուն վկայութիւնն են անոր յիշատակին նուիրուած եւ աւանդական դարձած նախաձեռնութիւնները:

«Դէպի թանգարան բերող ճանապարհը 2018 թուականէն անուանակոչուած է զօրավարին անունով: Անցեալին պարբերաբար կազմակերպուած են ծաղկեպսակի զետեղման եւ  խոնարհման նախաձեռնութիւններ Ս. Գայեանէ եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած հրամանատարին շիրիմին մօտ: Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գէորգ Է. Սուրէնեանց մեծապէս գնահատած է Բէկ Փիրումեանի վաստակը` թոյլատրելով անոր աճիւնը ամփոփել եկեղեցւոյ բակը», ըսաւ Պօղոսեան:

Նկատի ունենալով, որ թանգարանի յարկաբաժիններէն մէկուն մէջ ցուցադրական համալիր մը ամբողջութեամբ նուիրուած է Դանիէլ եւ Պօղոս Բէկ Փիրումեաններուն, ուստի նախապէս որոշուած էր այս տարի յուշահամալիրի տարածքին կազմակերպել բանախօսութիւն-համերգ` հրաւիրելով մերձակայ համայնքներու հանրակրթական դպրոցներու աշակերտները:

«Դանիէլ Բէկ Փիրումեան իսկապէս փառահեղ կերպար է, մասնակցած է բազմաթիւ ճակատամարտերու, որոնց պսակը դարձաւ Սարդարապատի հերոսամարտը: Ան նաեւ ցարական բանակի գնդապետ էր եւ իր ռազմարուեստով մեծ համբաւ կը վայելէր ցարական Ռուսիոյ մէջ: Յատկապէս մեր օրերուն այսպիսի հերոսներու մեծարումը ունի առանձնակի խորհուրդ», նշեց Պօղոսեան:

Յատկանշական է, որ յարակից համայնքներէն եկած  դպրոցականներու մէջ Մեծամօրէն եկած էին նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստանի մէջ հանգրուանած բազմաթիւ աշակերտներ, որոնց համար մեծ պատիւ էր մասնակցիլը առասպելական հայրենակիցին մեծարման: Դպրոցականները շրջայց կատարեցին թանգարանի ցուցասրահներուն մէջ` ծանօթանալու հայոց հերոսամարտերու տարեգրութեան եւ անուանի ռազմիկներու քաջագործութիւններուն: Յուշահամալիր-թանգարանի աշխատակից Արեւիկ Մելիքեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց զօրավար Բէկ Փիրումեանի ապրած փառաւոր ուղին, անոր կեանքի հետաքրքրական դրուագները: Ձեռնարկին  ընթացքին ելոյթ ունեցան եւ յաղթական ռազմապարեր  ներկայացուցին Այգեշատ գիւղի «Սուրմալու» համոյթի եւ Արմաւիրի թիւ 6 արուեստի դպրոցի աշակերտները:

Յուշահամալիր-թանգարանի գիտական բաժնի փոխտնօրէն Սուետլանա Պօղոսեան տեղեկացուց, որ 2026 թուականին նախատեսուած նախաձեռնութիւններուն կարգին պատշաճ կերպով եւ աւելի մեծ ընդգրկուածութեամբ պիտի նշուի Սարդարապատի ճակատամարտի հերոս զօրավարին 165-րդ յոբելենական տարեդարձը:

Ազնաւուրի Եւ Փարաջանովի 100-Ամեակները Ընդգրկուեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Հռչակաւոր Անձերու Եւ Կարեւոր Իրադարձութիւններու Օրացոյցին Մէջ

Նոյեմբեր 7-22-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր համաժողովին Փարիզի մէջ ընթացող 42-րդ նստաշրջանին որոշում տրուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի եւ Սերգէյ Փարաջանովի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանները ընդգրկել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու 2024-2025 թուականներու օրացոյցին մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ վերոնշեալ դիմումնագիրները ներկայացուած են գործընկեր երկիրներու հետ միասին` ստանալով զգալի աջակցութիւն շարք մը անդամ երկիրներու եւ երկիրներու խումբին կողմէ: Մասնաւորապէս, ֆրանսահայ հռչակաւոր երգիչ, երգահան, դերասան Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեայ յոբելեանի վերաբերեալ դիմումնագիրը միացեալ կերպով ներկայացուած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կողմէ` Անդորրայի, Իտալիոյ, Լիւքսամպուրկի, Մոնաքոյի, Փորթուգալի, Սենեկալի եւ աւելի քան 80 անդամ ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ֆրանսախօս դեսպաններու խումբին աջակցութեամբ: Անուանի բեմադրիչ Սերգէյ Փարաջանովի 100-ամեայ յոբելեանին վերաբերեալ դիմումնագիրը միացեալ կերպով ներկայացուած է Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ կողմէ` ստանալով Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Լիբանանի եւ Լեհաստանի աջակցութիւնը:

1998 թուականէն առ այսօր հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի օրացոյցին մէջ ներառուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած 25 յոբելենական տարեթիւ:

Յիշեցնենք, որ նախորդ երկամեակին համար հաստատուած էին Հայաստանի կողմէ ներկայացուած` Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակին եւ Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնին 100-ամեակին դիմումնագիրները:

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Կապաղակ Եւ Նիժ` Հայկական Եւ Ուտիական Պատմական Բնակավայրեր

Յաջորդը

Հայոց Վարժարանին Եւ Եկեղեցւոյ Համալիրը` Թրքական Կրկնակ Գրաւումին Տակ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?