Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի, Տաճիկիստանի, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի Եւ Ուզպեքիստանի Ղեկավարները Կ՛այցելեն Պաքու

November 25, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով մեկնած է Պաքու: Այս մասին կը հաղորդէ Վրաստանի վարչապետի գրասենեակը:

Երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Կեդրոնական Ասիոյ տնտեսութիւններու յատուկ ծրագիրի` ՍՓԵՔԱ-ի 25-ամեակին նուիրուած տնտեսական խորհրդաժողովը, որուն իբրեւ պատուոյ հիւր մասնակցեցաւ Վրաստանի վարչապետը:

ՍՓԵՔԱ-ի 25-ամեակին վերաբերեալ այս տարուան խորհրդաժողովին կը նախագահէ Ազրպէյճանը:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մէկ օր առաջ խորհրդաժողովին մասնակցելու համար աշխատանքային այցելութեամբ Պաքու հասած էին Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւը, Խըրխըզիստանի նախագահ Սատիր Ճափարովը եւ Ուզպեքիստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիոյեւը:

ՍՓԵՔԱ-ն ՄԱԿ-ի կողմէ ստեղծուած է 1998-ին: Ծրագիրը տնտեսական հարթակ է, որ կը խթանէ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն մէջ տնտեսութեան կայուն զարգացումը, անոնց փոխյարաբերութիւններու ամրապնդումը, անդամ երկիր են Աֆղանիստանը, Ազրպէյճանը, Ղազախստանը, Խըրխըզիստանը, Տաճիկիստանը, Թուրքմենիստանը եւ Ուզպեքիստանը:

Ըստ Վրաստանի կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան, Վրաստանի վարչապետը Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին յոյս յայտնած է, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը մօտ օրէն կը ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիրը:

Նախորդը

Երեսփոխանական Գրասենեակի Ջանքերով Հայկական Կարգ Մը Շրջաններու Լուսաւորումի Աշխատանք

Յաջորդը

Ռուս Խաղաղապահները Բերձորի Շրջանին Մէջ Դիտակէտ Մը Եւս Կազմաքանդած Են

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.