Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւն. «Մայր Դատը Լիբանանն Է, Եւ Զայն Պաշտպանելու Խիստ Կարիքը Կայ»

November 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան հրատապ թղթածրարները` լուսարձակի տակ առնելով հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու շրջագիծին ընդարձակուիլն ու կացութեան աւելի եւս վատթարանալու հաւանականութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան կենսական հաստատութիւններուն մէջ ստեղծուած դատարկութեան իրավիճակը:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ընդգծեց, որ Լիբանանի բարեկամ արաբական երկիրները պէտք է ճնշում բանեցնեն` անմիջապէս կասեցնելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ բախումները, որոնք չեն խնայեր լիբանանցի քաղաքացիները` տարեց թէ երեխայ, լրագրողներն ու լիբանանեան հողը, ինչպէս նաեւ մնայուն սպառնալիքի ենթակայ կը ձգեն երկիրը:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հաստատեց, որ արաբական վեհաժողովներու որոշումներուն գործադրութիւնը անխուսափելի է, եւ պէտք է գործադրել 2002-ի Պէյրութի Արաբական վեհաժողովին որդեգրուած բանաձեւը:

«Մենք կը զօրակցինք իրաւացի դատերուն, եւ պաղեստինցիները իրաւունք ունին խաղաղ ապրելու` 7 տասնամեակ տեւած պատերազմներէ եւ տագնապներէ ետք: Սակայն մայր դատը Լիբանանն է, եւ զայն  անմիջական կերպով պաշտպանելու խիստ կարիք կայ, որպէսզի ան ապահով մնայ ներքին եւ արտաքին յարձակումներէն», կը նշէ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը անհրաժեշտ նկատեց զինուորական հաստատութեան սպառնացող դատարկութեան փուլին առաջքը առնել` հաստատելով, որ այս իմաստով կառավարութիւնը իր դերակատարութիւնը պէտք է ունենայ եւ երկիրը ապահովական վտանգի չենթարկէ: Կուսակցութիւնը կարեւոր նկատեց բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարին կողմէ այդ մէկը կատարելու իմաստով արձանագրուելիք թերացումին պարագային:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահին խորհրդարանը հրաւիրելու նախագահական ընտրութեան նիստի մը` սահմանադրութեան համաձայն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւններու Պաշտօնէութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Քըրըմին Ստորագրելու Հաւաքական Պայմանագիրը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.