«Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաներու սենտիքան կոչ ուղղեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմին ստորագրելու հաւաքական պայմանագիրը:
Սենտիքան նկատել տուաւ, որ «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութիւններու պաշտօնեաները պիտի չզիջին այդ պայմանագիրէն, որովհետեւ անիկա կ՛երաշխաւորէ իրենց արժանապատիւ կեանքն ու կայուն աշխատանքը:
Սենտիքան «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութիւններու պաշտօնեաներուն անունով յղեց նամակ մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ պաշտօնէութիւնը` իւրաքանչիւրը իր աշխատանքով եւ վարած պաշտօնով, ունեցած է երկու հիմնական նպատակ` պահպանել բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութեան ծառայութիւնը եւ ունենալ արժանապատիւ կեանք մը:
Նոյն նամակը կը նշէ, թէ տասը տարի առաջ` 2013-ին այդ պայմանագիրը ստորագրուած է նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուիի եւ 2019-ին` նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյրի կողմէ, որովհետեւ հաւաքական այդ պայմանագիրն է, որ կ՛ապահովէ բոլոր պաշտօնեաներուն ընկերային ծառայութիւններն ու իրաւունքները:
Սենտիքան յայտնեց, որ հաւաքական պայմանագիրը վերստին վաւերացնելու իմաստով բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` վերահաստատելով, որ «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութիւններու պաշտօնեաները պիտի չզիջին այդ պայմանագիրէն:


