ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պու Ֆաուր ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը առաջնահերթ է` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնն ու Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը կոչ կ՛ուղղեն երկարաձգելու բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը եւ նշանակելու նոր զինուորական խորհուրդը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի իրավիճակը: Պու Հապիպ յայտնեց, որ այսօր Իսրայէլ ինքնապաշտպանութիւն չի կատարեր, այլ` կոյր վրէժխնդրութիւն:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Կազայի մէջ կայ մէկ իրականութիւն, որն է իրենց արեամբ ազատութիւն պահանջողներուն իրականութիւնը: