Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
«Aurora՛S Sunrise» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւն
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, համագործակցութեամբ Cine Doc (KinderDocs) բաժինի եւ աջակցութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, 21 հոկտեմբերին Յունաստանի Պենաքի թանգարանի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իննա Սահակեանի բեմադրած «Aurora’s Sunrise»` Արշալոյս Մերտիկանեանի կեանքին նուիրուած ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր հարցազրոյցներու հարուստ հաւաքածոյի մը վրայ հիմնուած այս գործը վաւերագրական ժապաւէն մըն էր, որ կը պատմէր Արշալոյս Մերտիկանեանի կեանքի հանգրուանները` որպէս 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողի կարեւոր վկայութիւն:
Արշալոյսին պատմութիւնը դարձած է ցնցիչ, Հոլիվուտի մէջ ժապաւէնի վերածուելով եւ ամերիկեան բարեսիրական Near East Relief կազմակերպութեան համար քարոզչական մեծ աշխատանք տանելով, ուրկէ գոյացած հսկայածաւալ նիւթական գումարը տրամադրուած է հայ որբուկներու խնամատարութեան:
KinderDocs բաժնի պատասխանատու Քուզի բացատրեց, թէ որքա՛ն տպաւորուած է շարժանկարը դիտելով եւ որքա՛ն յարմար նկատած է այս նիւթը ներառել ժապաւէններու փառատօնի ցանկին մէջ:
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Սերգօ Գույումճեան ներածական մը կատարելով` անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան նիւթին, եւ թէ ինչպէս նմանօրինակ վիճակներ ստիպուած եղած է դիմագրաւելու հայ ժողովուրդը ներկայ ժամանակներուն: Ան գնահատեց KinderDocs-ի հետ համագործակցութիւնը` խիստ անհրաժեշտ նկատելով այսպիսի դժուարին նիւթերու մատուցումը երիտասարդ սերունդներուն:
Հայ Եւ Յոյն Դարաւոր Բարեկամութեան Խորհրդանիշ Խաչքարի Բացում
21 եւ 22 հոկտեմբերը մասնայատուկ օրեր եղան Քոմոթինիի հայ համայնքին համար: Արդարեւ, նախագահութեամբ յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հովանաւորութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի, 21 հոկտեմբերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հայ-յոյն բարեկամութիւնը խորհրդանշող խաչքարի բացման արարողութիւնը: Խաչքարը նաեւ նուիրուած էր Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ պետական պաշտօնական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին: Խաչքարի զետեղման ծրագիրը իրականացաւ շնորհիւ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանի եւ Քոմոթինիի Թաղային խորհուրդի հետեւողական աշխատանքին, բարերարութեամբ «Հայլենտ» ընկերութեան, նուիրատուութեամբ Մարտիրոս եւ Թամար Պոզիաքալեաններու:
Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական յայտագիրին բացման խօսքը արտասանեց Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեան, որ անդրադարձաւ խաչքարի զետեղման գաղափարին, ապա բացատրեց անոր վրայ տեղ գտած զարդանշաններու իմաստը: Ան շեշտեց, որ երկու ազգերու կապերը յենուած են երկու ժողովուրդներու պատմական նոյն երթին վրայ, որ կը խորհրդանշէ բազմադարեայ անկեղծ բարեկամութիւն մը: Ներկայացուեցաւ կրթութեան եւ կրօնից ընդհանուր քարտուղարի ուղերձը, որով ան շեշտեց, թէ առաջին խաչքարն է, որուն վրայ տեղ կը գտնեն հայ-յունական քաղաքակրթութեան նմուշներ: Ան նաեւ դրուատեց Յունաստանի մէջ ապրող հայ համայնքը` իր կազմակերպուած տեսքով եւ կառոյցներով:
Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի հոգեւոր պետ Իէրոնիմոս արքեպիսկոպոսի ուղերձը կարդաց Քոմոթինի եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչը: Արքեպիսկոպոսը իր գոհունակութիւնը յայտնած էր կատարուած ելոյթին համար` ընդգծելով հայ եւ յոյն ազգային ու կրօնական կապերու կարեւորութիւնը, նաեւ շեշտելով յունահայ համայնքի ներկայութեան ու կատարած ներդրումին` յունական իրականութեան մէջ:
Տիգրան Մկրտչեանի անունով հանդէս եկաւ դեսպանութեան հիւպատոսը: Դեսպանը իր ուղերձին մէջ ընդգծած էր այն փաստը, որ խաչքարի բացումը տեղի կ՛ունենայ համայն հայութեան համար խորհրդանշական ժամանակաշրջանին, երբ հայ ժողովուրդը կանգնած է անվտանգային լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ: Թաղային խորհուրդի ատենապետ Ստեփան Մատթէոսեան բացատրեց եկեղեցին ու համայնքը խաչքարով մը օժտելու իմաստը` յատուկ անդրադարձ կատարելով հայ եւ յոյն դարաւոր բարեկամութեան, ընդգծելով բազմամեայ գործակցութիւնը Քոմոթինիի մէջ, որուն մէջ ներառուած են կրօնական, համայնքային, հասարակական, մշակութային եւ քաղաքապետական կապերը:
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարի Գալայճեան եւս ընդգծեց երկու ժողովուրդներու հասարակաց երթին ու մարտահրաւէրներուն փորձադաշտը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Քոմոթինիի Քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Քլէոփաթրա Սթոյանիտու, իսկ շրջանի երեսփոխան եւ նախկին նախարար Եւրիփիտիս Սթիլիանիտիսի ուղերձը ներկայացուց անոր օգնականը:
Խաչքարի բարերար «Հայլենտ» ընկերութեան ներկայացուցիչ Քարուշ Ղազէլեան գոհունակութիւն յայտնեց կատարուած նախաձեռնութեան համար եւ դրուատեց շրջանի հայութիւնն ու պատասխանատու մարմինները:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ շեշտեց, թէ խաչքարը Հայ եկեղեցւոյ մշակոյթին մէջ շատ հին արմատներ ունի, աւելցնելով, որ խաչքարը հայկական բնաշխարհի յատուկ հանքային տուֆ քարի վրայ փորագրուած խաչի նշանի փորագրումն է եւ բացատրեց անոր իմաստը: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն խաչքարի կանգնեցումը պատմական իրականութեան տեսանելի վկայութիւն մըն է անցնող դարաւոր գոյակցութեան մասին յուշող, բայց նաեւ` վերջին 200 տարուան գոյակցութեան մասին վկայող արձան մը, որ անխօս քար ըլլալով հանդերձ, պերճախօս վկայութիւն է հայ եւ յոյն ժողովուրդներու եղբայրական գոյակցութեան: Ան ըսաւ, որ Քոմոթինիի մէջ կանգնեցուած սոյն խաչքարը իւրայատուկ է եւ խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի, բացատրելով, որ անոր վրայ կան յունական արուեստի գծագրութիւն` զայն դարձնելով առաջին խաչքարը, որ ուրիշ մշակոյթի զարդ ունի իր վրան:
Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ խաչքարի բացումը:
22 հոկտեմբերին, հանդիսապետութեամբ սրբազան հօր, Քոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օր մը առաջ տեղի ունեցած խաչքարի բացման արարողութեան` ընդգծելով անոր իմաստը եւ կարեւորութիւնը շրջանին մէջ: Անգամ մը եւս գոհունակութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն` յատուկ շեշտ դրաւ միօրեայ վարժարանի կարեւորութեան վրայ, որ հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ նոր սերունդին` պահելով հայ լեզուն ու գիրը, մշակոյթը եւ ազգային դիմագիծը:
Միացեալ Նահանգներ
Արցախահայութեան Ի Նպաստ Հանգանակութիւն
28 հոկտեմբերին Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան նախագահեց Փրովիտենսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ արցախահայութեան ի նպաստ կայացած հանգանակութեան:
Արդարեւ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ու յարակից մարմիններուն եւ կազմակերպութիւններուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին կատարուած դրամահաւաքը պիտի յատկացուի Արցախի հայութեան զօրակցութեան նպատակին:
Հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Աթթարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց անսակարկ զօրակցութեան համար: Եկեղեցւոյ հովիւ Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան դրուատեց ծխականներու եւ բարեկամներու անվերապահ աջակցութիւնը` եկեղեցւոյ բոլոր ձեռնարկներու յաջողութեան ի խնդիր: Առաջնորդ սրբազանը, որ նոր վերադարձած էր Հայաստանէն, զեկուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` արցախահայութեան օժանդակութեան յանձնախումբի` Արցախի հայերու հետ հանդիպումի մասին: Սրբազանը, բարձրօրէն գնահատելէ ետք Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ այս օրինակելի ձեռնարկը, կարեւորութեամբ շեշտեց, որ հայ ազգի ճակատագրական այս օրերուն, երբ մեր ժողովուրդը երկրորդ ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերը կ՛ապրի, երբե՛ք պէտք չէ կորսնցնենք մեր հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, յոյսը` բարօր ապագայի հանդէպ եւ սէրը` հայրենիքի հանդէպ:
Հանգանակութիւնը պսակուեցաւ կրկնակի յաջողութեամբ ներկաներուն սրտաբուխ նուէրներով եւ կանխատեսուած 10 հազար տոլարի փոխարէն` գոյացաւ 23 հազար տոլար գումար մը:
Ֆրանսա
Ֆրանսացի 2 Լրագրողներ Արժանացան Մրցանակի` Արցախի Մասին Իրենց Յօդուածին Համար
Ֆրանսացի լրագրողներ Փիեր Սոթրէօյ եւ Թոմա Կիշար արժանացան մրցանակի մը` «Լեռնային Ղարաբաղի կորսուած գծանկարներ. տարագրութեան մէջ ապրող հայ ընտանիքի մը հետքերով» խորագրեալ իրենց յօդուածին համար, որ լոյս տեսած էր «Լա Քրուա» օրաթերթի շաբաթական յաւելուածին մէջ:
Քանատա
Համիլթընի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Նուիրահաւաք` Ի Նպաստ Արցախահայութեան
Ընդառաջելով ՀՕՄ-ի կոչին, Համիլթընի մէջ, 5 նոյեմբերին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէին եւ ՀՕՄ-ի «Արեւ» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներու զօրակցական-հանգանակային ձեռնարկ:
Օրուան հանդիսավարն էր Անուշ Պեքմեզեան, որ իր բացման խօսքով ներկաներուն բացատրեց այս ձեռնարկին եւ նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը` մեր պատասխանատու մասնակցութիւնը բերելու տեղահանուած արցախցիներուն զօրավիգ կանգնելու, բարոյապէս եւ մանաւանդ նիւթապէս:
Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը` համադրուած Ճուլիա Աբգարեանի կողմէ, որ կ’ընդգրկէր ՀՕՄ-ի այս առիթով պատրաստուած տեսերիզէն հատուածներ եւ պատկերներ` Արցախի ժողովուրդին ներկայ իրավիճակէն:
Մէջընդմէջ կը յայտարարուէր հաւաքուած նուիրատուութեանց գումարը:
ՀՕՄ-ի «Արեւ» մասնաճիւղին խօսքը արտասանեց Ռուզան Աբգարեան: Ան խրախուսական ու քաջալերական խօսքը արտասանեց` շեշտելով կարեւորութիւնը չյուսահատելուն եւ ապագային հաւատքով նայելուն:
«Վռամեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Յակոբ Աբգարեան, որ շեշտեց կարեւորութիւնը այս դժուարին կացութենէն դուրս գալու աշխատանքներուն եւ պատրաստ ըլլալու գալիքին: Ան յոյս յայտնեց նաեւ Արցախէն տեղահանուած ժողովուրդին իր բնօրրան վերադարձին:
Ձեռնարկի աւարտին յայտարարուած գումարը հասած էր 12.640 տոլարի, որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի բռնագաղթի ենթարկուած արցախահայութեան:
Իրան
Հայ Ուսանողական «Չհարմահալ» Միութեան 93-Ամեակի Նշում
2 նոյեմբերին Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յովհաննէս Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան 93-ամեակի նշում:
Միութեան վարչութեան նախագահ Վազրիկ Յակոբեան ելոյթ ունենալով` ներկայացուց օրուան բանախօս, Սպահանի հայոց թեմի ազգային հասարակական գործիչ Թաթուլ Օհանեանի կենսագրական գիծերը: Բանախօսը ներկայացուց Չհարմահալ գաւառի եւ ապա «Չհարմահալ» միութեան պատմական տուեալները:
Միութեան Նոր Ջուղայի մասնաճիւղի նախագահ Վրթանէս Մկրտչեան այս առիթով յայտնեց իր շնորհաւորութիւնները: Շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին նաեւ Իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան եւ Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Վահէ Թարոյեան:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդի Եւ Թեմական Խորհուրդի Հանդիպումը` Ուրմիահայ Միութիւններու Հետ
1 նոյեմբերին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան եւ Թեմական խորհուրդը Ուրմիոյ «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցան ուրմիահայ միութիւններէն ՀՕՄ-ի վարչութեան, Ս. Ստեփանոս ծխական եկեղեցւոյ Խնամակալ մարմինի վարչութեան եւ «Նարեկացի» երգչախումբի ներկայացուցիչներուն հետ:
Ուրմիոյ սրբազան հայրը աղօթքով կատարեց հանդիպման բացումը: Սրբազան հօր եւ Թեմական խորհուրդի կողքին, հանդիպման ներկայ էին` Մարտիրոս քհնյ. Ղուկասեանը (այցելու հովիւ Ուրմիա), Պատգամաւորական ժողովի Ուրմիոյ անդամներու ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ դիւանի անդամներուն, Ուրմիոյ Գործակալական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ` Ուրմիայի եկեղեցւոյ քարտուղարութիւնը:
Սրբազան հայրը նշելով վարչական եւ կազմակերպչական բնոյթի սոյն հանդիպման կարեւորութիւնը` հաստատեց, թէ որեւէ կառոյցի հաւաքական կեանքը ժամանակ առ ժամանակ վերանայման կարիք ունի արդիւնաբեր ըլլալու համար: Հետեւաբար նախ առիթը տրուեցաւ վերոյիշեալ կառոյցներուն` զեկուցելու իրենց աշխատանքային ընթացքին եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Սրբազան հայրը թելադրեց համախմբուիլ եկեղեցւոյ շուրջ` տրուած ըլլալով, որ եկեղեցին համայնքի կեդրոնական մարմինը եւ հաւատացեալներուն ամբողջութիւնն է, եւ յորդորեց ներկաները ի գին ամէն զոհողութեան ծաղկեցնել այդ կեանքը` կոչ ուղղելով համախոհութեան եւ համագործակցութեան` ուրմիահայ բոլոր միութիւններուն եւ կառոյցներուն միջեւ:
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուած բոլոր հարցերուն վերաբերեալ տրուեցան պատասխաններ եւ կատարուեցան առաջարկներ:
Պօղոս Առաքեալին Նուիրուած Շարժապատկերի Ցուցադրութիւն
Նախաձեռնութեամբ քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբին, ներկայութեամբ` Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի, քահանայից դասուն, ազգային մարմիններու, շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին, միութիւններու, հայոց ազգային դպրոցներու ներկայացուցիչներուն եւ հանրութեան, 2 նոյեմբերին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պօղոս առաքեալին կեանքը ներկայացնող շարժապատկերի ցուցադրութիւն: Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամուհիներ Այլին Քէշիշեան եւ Մարինէ Առաքելեան հերթաբար ելոյթ ունեցան բացման խօսքով եւ Պօղոս առաքեալի շարժապատկերի նախաբանի ընթերցումներով:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ շարժապատկերը, որ նկարահանուած էր Դամասկոսի մէջ` բեմադրութեամբ Խալետ Ալ Խալետի:
Աւարտին քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբի ատենապետ Հայկ Սարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` ծրագրին ընդառաջելու համար, աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային նման ձեռնարկներ եւս պիտի կազմակերպուին յատկապէս երիտասարդներու եւ ուսանողներու համար: