Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովին չմասնակցելու Հայաստանի Հանապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումը, ըսաւ, որ եթէ այդպէս է, ապա կը մնայ միայն ափսոսանք յայտնել, որովհետեւ նման հանդիպումները լաւ առիթ են դիրքորոշումները յստակացնելու համար: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Եթէ ատիկա իսկապէս այդպէս է, ապա կրնանք ափսոսանք յայտնել, կը հասկնանք, որ իւրաքանչիւր կառավարութեան ղեկավար կամ պետութեան ղեկավար իր աշխատանքային օրակարգին վրայ իր միջոցառումները կրնայ ունենալ, իր հանգամանքները կրնայ ունենալ, սակայն մենք կրնանք միայն ափսոսանք յայտնել, որովհետեւ նման հանդիպումները կարծիքներ փոխանակելու, դիրքորոշումներ յստակացնելու շատ լաւ առիթ են», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Քրեմլինը ինչպէ՛ս կ՛ընկալէ Փաշինեանի որոշումը եւ ինչպէ՛ս կը գնահատէ Հայաստանի` ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հաւանականութիւնը:
Փաշինեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ընթացքին քննարկուած են ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի` 23 նոյեմբերին Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ կայանալիք նիստի կազմակերպման առնչուած հարցեր:
Փաշինեան Պիելոռուսիոյ նախագահին փոխանցած է, որ պիտի չկարենայ մասնակցիլ նիստին, եւ յոյս յայտնած, որ ՀԱՊԿ-ի գործընկերները ըմբռնումով վերաբերին այդ որոշումին:


