Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Որոշ Պետութիւններու Կողմէ Հայաստանը Զինելը Կրնայ Պատերազմի Բռնկման Յանգեցնել» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Պետական Անվտանգութեան Ծառայութեան Ղեկավարը

November 15, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թէեւ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար բարենպաստ կարելիութիւն կայ, սակայն որոշ պետութիւններու կողմէ Հայաստանի զինումը շրջանին մէջ կացութիւնը կրկին սրելու նպատակով անընդունելի է:

Այս մասին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով ըսած է Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Ալի Նակիեւը` ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փիա Քաումայի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին:

«Թէեւ բարենպաստ կարելիութիւն կայ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար, սակայն որոշ պետութիւններու կողմէ շրջանին մէջ կացութիւնը կրկին սրելու նպատակով Հայաստանը զինելը անընդունելի է. նման հանգամանքները կրնան կրկին յանգեցնել պատերազմի բռնկման», ըսած է ազրպէյճանցի պաշտօնատարը:

Քաուման իր կարգին նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը կրնայ անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան ձեւաւորման հոլովոյթին եւ իր դիրքորոշումը յայտնած է շրջանի ապագայ անվտանգութեան վերաբերեալ:

«Էյ.Փի.Էմ. Թըրմինըլզ Փոթի» ընկերութիւնը երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի վրացական ծառայութեան հարցումին ի պատասխան հաստատած էր Վրաստանի տարածքով Հայաստան ֆրանսական «Պասթիոն» յարձակողական սպառազինութեան տարանցումը:

«Կ՛ուզենք ընդգծել, որ մասնաւորաբար այս պարագային բեռը եկած է Եւրոպական Միութեան անդամ երկրէ` Ֆրանսայէն, ուղղուած է Հայաստան` երկիր մը, որուն դէմ պատժամիջոցներ չեն կիրարկուիր: Նոյն ատեն, Վրաստանի կառավարութեան յստակ ուղեցոյցերու եւ միջազգային կարգաւորող մարմիններու կողմէ կիրարկուող սահմանափակումներու բացակայութեան պայմաններու մէջ, «Էյ.Փի.Էմ. Թըրմինըլզ Փոթի» բազմաթիւ գործողութիւն կատարող նաւահանգիստը կարելիութիւն չունի անհիմն կերպով հրաժարելու ընդունելէ այն բեռները, որոնք պատժամիջոցներու տակ չեն», կը նշուի Փոթիի նաւահանգիստը կառավարող ընկերութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Փեսքով. «Կարելի Է Ափսոսանք Յայտնել Փաշինեանի` ՀԱՊԿ-ի Վեհաժողովին Չմասնակցելուն Նկատմամբ»

Յաջորդը

Պաքու. «Պորելի Մեղադրանքները Կը Սպառնան Ազրպէյճանի Գերիշխանութեան Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան»

RelatedPosts

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Բաց Նամակը` Ալիեւի Հրաւէրով Բռնագրաւուած Արցախ Այցելած Կրոնոյին

September 19, 2026
Շոյկու. «Ռուսիան Երեւանի` Եւրոպական  Միութեան Հետ Համարկումը Պիտի Չֆինանսաւորէ»
Հայկական

Շոյկու. «Ռուսիան Երեւանի` Եւրոպական Միութեան Հետ Համարկումը Պիտի Չֆինանսաւորէ»

September 19, 2026
Հաճիեւ. «Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ Վրէժխնդրական  Ուժերը Կը Փորձեն Խաթարել Խաղաղութեան Հոլովոյթը»
Հայկական

Հաճիեւ. «Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ Վրէժխնդրական Ուժերը Կը Փորձեն Խաթարել Խաղաղութեան Հոլովոյթը»

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.