Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի աշխատանքային խումբերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը շարունակեն այցելել այնտեղ մնացած հայ ընտանիքներուն` արձագանգելով անոնց կարիքներուն:
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ղեկավար Զառա Ամատունին յայտնեց, որ դժուար է մնացեալ հայերուն ճշգրիտ վիճակագրութիւնը ըսել, սակայն խօսքը քանի մը տասնեակ հայերու մասին է:
«Երբ հայերու մեծ մասը Ղարաբաղէն տեղափոխուեցաւ Հայաստան, մեր խումբերը այդտեղ սկսան աշխատիլ այն անձերուն հետ, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով մնացած են կամ պարզապէս չեն կրցած դուրս գալ:
«Բոլոր այն մարդիկը, որոնք ցանկութիւն ունեցած են տեղափոխուիլ Հայաստան, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով չեն կրցած ատիկա ընել, մեր կազմակերպութիւնը օգնած է այդ հարցին մէջ:
«Խօսքը 50 անձի մասին է: Անոնք այն մարդիկն են, որոնք ունին ֆիզիքական խոցելիութիւն, առողջական խնդիրներ: Քանի մը տասնեակ հոգիի ալ օգնած ենք հեռաձայնային հաղորդակցութեան, տեսակապի միջոցով կապ հաստատելու Հայաստան գտնուող իրենց հարազատներուն հետ:
«Այն մարդիկ, որոնք ցանկութիւն յայտնած են Ղարաբաղ մնալու, մեր աշխատանքային խումբերը պարբերաբար կ՛այցելեն անոնց գնահատելով անոնց կարիքները», ըսաւ Զառա Ամատունի:


