Այցելութիւն` Լիբանանի Դեսպանատուն
Հովուապետական այցելութեամբ Ուաշինկթըն գտնուող Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Ուաէլ Հաշեմի հետ` ներկայութեամբ դեսպանատան անձնակազմին, ինչպէս նաեւ` Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած հայ թէ լիբանանցի անձնաւորութիւններու:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Լիբանանը յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ` հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ շարունակուող յարձակումներուն:
Վեհափառ հայրապետին ընկերակցեցան` Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը եւ կաթողիկոսին պատուիրակութիւնը:
Նոր Կառուցուելիք Եկեղեցւոյ Հողի Օրհնութիւն` Ուաշինկթընի Մէջ
Կիրակի, 12 նոյեմբեր 2023-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ս. պատարագ մատուցեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ` առընթերակայութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի:
Կաթողիկոսը իր պատգամը կեդրոնացուց Քրիստոսի այն խօսքին վրայ, որ կ՛ըսէ` «Ես եմ կեանքը»: Յիշեալ խօսքին վերլուծումը կատարելով` ան ըսաւ, որ Քրիստոս-կեանքը պէտք է դարձնել կեդրոնը մեր կեանքին. առանց Քրիստոսի ներկայութեան` մեր կեանքը իր իմաստը կը կորսնցնէ. երկրորդ` Քրիստոսը ընդունիլ իբրեւ մեր կեանքը, կը նշանակէ անոր բերած արժէքներով շաղախել ու իմաստաւորել մեր կեանքը, եւ երրորդ` Քրիստոսը ընդունիլ մեր կեանքին կեդրոնը, կը նշանակէ մեր կեանքին յստակ ուղղութիւն ու նպատակ տալ:
Վեհափառը շեշտեց, որ Քրիստոս եղաւ երկրորդ Ադամը. երբ առաջին Ադամը մեղանչած էր եւ եղած էր աստուածային պատկերը, երկրորդ Ադամը` Քրիստոսը, վերականգնեց աստուածային պատկերը ու դարձաւ վաւերական մարդու եւ ճշմարիտ կեանքի աղբիւր:
Ս. պատարագէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոս եւ իրեն ընկերակցող շքախումբն ու ժողովուրդը ուղղուեցան այն հողամասը, ուր պիտի կառուցուի Ուաշինկթընի նոր եկեղեցին` իր յարակից կառոյցներով: Հոն տեղի ունեցաւ հողի օրհնութիւն:
Նոյն օրը, երեկոյեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախագահեց իրեն ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին: Այս ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը, հոգեւոր հովիւը եւ առաջնորդ սրբազանը: Իր փակման խօսքին մէջ անդրադառնալով իր այցելութեան բնաբանին` «Հաւատք, համայնք եւ ազգ»-ին, կաթողիկոսը անոնց շարքին աւելցուց նաեւ «հայրենիք» եզրը: Ան խօսեցաւ իւրաքանչիւրին իմաստին ու կարեւորութեան մասին եւ շեշտեց ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան հրամայականը, յատկապէս` մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական խաչմերուկին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, մնայունը հայրենիքն է. անձերը վաղանցուկ են, յաւերժականը արժէքներն են: Հարկ է կառչիլ մնայունին, յաւերժականին, գերագոյնին եւ ընդհանրականին: Արցախը կորսնցուցինք դժբախտաբար. Հայաստանը վտանգի սեմին է: Հարկ է միացնել մեր ուժերը` ի խնդիր Հայաստանի գերիշխանութեան, անկախութեան ու ամբողջականութեան առաւել ամրացման ըսելով` հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը: