Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ժորժ Ատուանի:
Հանդիպումէն ետք Ատուան յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է խորհրդարանի նախագահէն պահանջել նիստ մը` երկարաձգելու համար լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութիւնը, որպէսզի այդ պաշտօնին առումով դատարկութիւն չստեղծուի:
«Այս իմաստով համախմբումը ներկայացուցած է օրինագիծ մը` զայն հիմնաւորելով կարգ մը կէտերով, որոնց շարքին են. ա) շրջանին եւ Լիբանանին դիմագրաւած աղէտալի պայմանները, բ) լիբանանեան հողերուն վրայ սուրիական ապօրինի ներկայութիւնն ու երկրին ժողովրդագրական, տնտեսական, ապահովական եւ ելեւմտական պատկերին վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը, գ) բոլորին համար յստակ է, որ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան կարելի չէ բանակի նոր հրամանատար նշանակել», ըսաւ ան:
Ատուան նկատել տուաւ, որ բոլորը գիտեն, թէ բանակի հրամանատարութիւնը թեքնիք եւ անմիջապէս լուծուող հարց մը չէ, որովհետեւ բանակի նոր հրամանատարին նշանակումը կրնայ ամիսներու աշխատանքի կարօտիլ: Ան յայտնեց, որ զօր. Աուն իր տարիներու աշխատանքին ընթացքին փաստած է, որ արհեստավարժ է, բանակի հրամանատարութեան պաշտօնը վարելու ընթացքին օրէնքները գործադրած է, քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանած է, «հետեւաբար իբրեւ երեսփոխաններ մեր պարտականութիւնն է նման օրինագիծ մը ներկայացնել, որպէսզի բոլոր լիբանանցիներուն համար ապահով պայմաններ տրամադրենք` այս գերզգայուն ժամանակաշրջանին», յայտնեց Ատուան:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ ոչ բնական պայմանները ոչ բնական վարուելակերպ կ՛ենթադրեն, եւ իբրեւ այդպիսին` Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը դիմած է այդ քայլին` երաշխաւորելու համար լիբանանցիներուն գերագոյն շահերը:
Ատուան յայտնեց, որ «խորհրդարանի նախագահին կողմէ ստացած ենք խոստում մը, որ մինչեւ ամսուան աւարտը սպասենք, որովհետեւ ան կը նախընտրէ կառավարութեան կողմէ զօր. Աունի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, որմէ ետք խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ նիստի եւ իբրեւ աճապարանօք օրինագիծ պիտի ներկայացնէ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մեր մշակած օրինագիծը»:
Ատուան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին պիտի երկարաձգէ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը: