Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի մասնայատուկ ուժերն ու յատուկ գործողութիւններու ուժերը Յունաստանի մէջ Աթթիքայի Նէա Փերամոս շրջանին մէջ եռակողմ միացեալ ռազմափորձեր կատարած են: Այս մասին կը հաղորդէ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան ընդհանուր սպայակոյտը:
«6 – 10 նոյեմբեր 2023» միջազգային համագործակցութեան ծրագրաւորման ծիրին մէջ զինեալ ուժերը մասնակցած են մասնայատուկ ուժերու` Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի յատուկ գործողութիւններու ուժերու եռակողմ միացեալ պատրաստութեան, որ տեղի ունեցած է Աթթիքայի մէջ` Նէա Փերամոս տարածքին մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Վարժանքներու ընթացքին կատարուած են արագ արձագանգման մարտական հրաձգութիւններ, մշակուած են դիպուկահարային կրակոցի, փակ տարածքներու մէջ մարտերու թեքնիքը եւ մարտավարութիւնը, փոքր տարողութեան ռազմափորձերու ծրագրաւորումն ու կատարումը:
Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ միացեալ վարժանքները 2023 թուականի միացեալ գործողութիւններու ծրագիրին մաս կը կազմեն: