Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Զուգակցել Վերադարձի Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքները

November 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահը  ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահին կազմակերպած ընդունելութեան  ընթացքին նշած է, որ իբրեւ թէ Ազրպէյճանը ներկայացուցած է համակեցութեան եւ վերադարձի իրաւունքի վերաբերեալ  յստակ եւ թափանցիկ ծրագիր, իսկ Հայաստանը մերժած է ազրպէյճանցիներու Հայաստան վերադառնալու իրաւունքը եւ այդ կապակցութեամբ որեւէ տեսակէտ չէ ներկայացուցած:

Այս լրատուութեան մէջ քանի մը հանգամանք կայ, որ պէտք է լուսարձակի տակ առնել:

Առաջինը այն է, որ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը կը հաւասարեցուի Հայաստանէն հեռացած ազրպէյճանցիներու վերադարձի իրաւունքին հետ: Արցախի հայաթափումով փաստօրէն Պաքուն այս ձեւով կը շրջանցէ նախապէս իր առաջադրած ծրագիրը` Արցախէն հեռացած ազրպէյճանցիներու վերադարձի իրաւունքը: Գաղթական-գաղթականի դիմաց խաղի կանոնը փոխուած է: Ուրեմն, Հայաստանէն հեռացած ազրպէյճանցիներու Հայաստան վերադարձի իրաւունքը պիտի ներառուի իբրեւ Պաքուի պահանջ խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ:

Միայն  հեռացածներու վերադարձի իրաւունքով չի սահմանափակուիր սակայն մարտավարական այս մօտեցումը: Թափանցիկօրէն խնդիրը կը կապուի անքլաւներու (ներերկիրներու) վերադարձի պահանջին: Այս տեսանելիութեամբ միայն «թափանցիկ» է Պաքուի ծրագիրը:

Երկրորդը դասական մարտավարութիւն է, միջազգային ընտանիքին ցոյց տալու, որ ծրագիր մշակողը, նախաձեռնողը եւ հարցի լուծման համար նախագիծ ներկայացնողը Պաքուն է, իսկ Երեւանը մերժող կողմ է:

Բայց հիմա գանք ամէնէն էական բաժինին: Արցախի միանգամայն իրականացուած տեղահանումը ունի նաեւ իրաւական ենթաիմաստ: Արցախի հակամարտութեան հանգուցալուծման ամբողջ բանակցային հոլովոյթի ընթացքին հայկական կողմը անընդմէջ յայտարարած է, որ Արցախը չի  կրնար մաս կազմել Ազրպէյճանին: Այս սկզբունքային մօտեցումին հիմնաւորումը ցեղասպանութեան վտանգի տակ ըլլալն է: Ամբողջ արցախեան ինքնապաշտպանութիւնը չցեղասպանուելու հաւաքական կամքի դրսեւորում էր: Փաստօրէն պատերազմի բոլոր արարներուն եւ փուլերուն Պաքուն հետեւողականօրէն փաստեց, որ չէ հրաժարած ցեղային զտումներով Արցախը հայաթափելու իր ծրագիրէն:

Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշումը ըստ էութեան հիմնուած էր ցեղային զտումի չենթարկուելու համար Ազրպէյճանի կազմին մէջ չըլլալու սկզբունքին վրայ: Ինքնորոշուած էր ամբողջ ժողովուրդ մը դուրս գալու Խորհրդային Միութենէն եւ մաս չկազմելու Ազրպէյճանի կազմին:

Զանգուածային տեղահանումը որոշակի առումով նաեւ մերժում էր Ազրպէյճանի կազմին մէջ մնալու: Այլ խօսքով, հաստատ մնալու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին վրայ:

Հետաքրքրական է, որ ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ նման յերիւրանք կը բարձրաձայնէ Պաքուի ղեկավարը: Այս կառոյցը, որուն հելսինքեան եզրափակիչ աքթը առնուազն իրաւահաւասար կը նկատէ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքները: Առընթեր` ուժի կիրարկման բացառումը կամ իրաւահաւասարազօրութիւնը:

Ազրպէյճանը խախտած է բոլոր սկզբունքները եւ հիմա թափանցիկութեան մասին կը հեգնէ նոյնինքն ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ:

Երեւանը այս հակասութիւնները շատ տեղին ձեւով կրնար արծարծել եւ լոյսին բերել` ըսելու համար որ Պաքուն ռազմական յանցագործութիւններով, հայրենազրկելով եւ ցեղային զտումներ իրականացնելով ոտնահարած է ԵԱՀԿ-ի ամէն տեսակի սկզբունքները:

Մանաւանդ, մեր արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուները կրնային շեշտել, որ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի իրականացումը կը պայմանաւորուի միայն ցեղային զտումի հերթական անգամ չենթարկուելու անվտանգութեան երաշխիքներով:

Այդ երաշխիքները կ՛իմաստաւորուին միայն Արցախին յատուկ կարգավիճակով: Ազրպէյճանին հետ անհամատեղելիութեամբ: Այս վարքագիծի որդեգրումը կ՛առաջնորդէ ինքնորոշման իրաւունքի վերարծարծումին` նոր ելակէտի նախաշեմին տեղադրելով հայկական դիւանագիտութիւնը:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը անդամալուծուած է, սակայն չէ լուծարուած: Այդ ձեւաչափը հիմնուած է այլ սկզբունքներու կողքին ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Որ համազօր է ցեղային զտումի  եւ հայրենազրկումի չենթարկուելու մարդկային եւ ազգային իրաւունքին:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Եւրոպական Շարք Մը Պետութիւններու Ղեկավարներուն Հետ Հանդիպումներուն Շեշտած Են Արցախահայութեան Իրաւունքներու Լիակատար Պաշտպանութեան Առաջնահերթութիւնը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.