Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Թեհրանէն «Համապատասխան Քայլեր» Կ՛ակնկալէ Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Յայտարարութիւններուն Առնչութեամբ

Նոյեմբեր 13, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սուպհանիի յայտարարութիւններուն, որոնք կատարուած են «ՍիվիլՆեթ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ Իրանի դեսպանին կարծիքը «սադրիչ» եւ «անհիմն» որակած է:

«Նման յայտարարութիւնները կը վնասեն Ազրպէյճանի եւ Իրանի յարաբերութիւններուն` հիմնուած իրարու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ փոխադարձ յարգանքի վրայ, ինչպէս նաեւ կը հակասեն Իրանի նախագահի 9 նոյեմբեր 2023-ին Թաշքենտի մէջ Ազրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ ըսած խօսքերուն:

«Նշուած հանդիպումին ժամանակ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի ուրախութեամբ նշած էր, որ Ազրպէյճանը երկար տարիներ ետք ապահոված է իր տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ որ Ղարաբաղը վերադարձած է Ազրպէյճանին», ընդգծած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Հաճիզատէ նշած է, որ Պաքուն Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանին կարծիքը կը նկատէ «սադրանք»:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ Իրանը պիտի կանխարգիլէ մեր յարաբերութիւններու ոգիին չհամապատասխանող նման քայլերը, ինչպէս նաեւ համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկէ դեսպանին արտայայտած կարծիքին կապակցութեամբ», աւելցուցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի «ՍիվիլՆեթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան մասին:

«Մենք կը ճանչնանք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը միջազգային եւ ՄԱԿ-ի արժեչափերուն համապատասխան, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ պէտք է ոտնահարուին այնտեղ գտնուող մարդոց իրաւունքները: Մենք կը կարծենք, որ Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքները պէտք է ապահովուին, Ղարաբաղի ժողովուրդի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչի իրաւունքները պէտք է ապահովուին, անոնք պէտք է կարելիութիւն ունենան իրականացնելու իրենց իրաւունքները: Ասիկա իրողութիւն է, որ ոչ ոք, ներառեալ Ազրպէյճանը, կրնայ անտեսել:

«Երբ ղարաբաղեան ճգնաժամը սկսաւ, եւ ղարաբաղցիները եկան Հայաստան, խումբ մը գաղթականներ կը գտնուէին Կապան, ես գացի եւ անոնց հարցուցի, թէ ինչո՞ւ լքած են այդ տարածքը, եւ անոնք ըսին, որ իրենց կեանքին վտանգ կը սպառնայ: Երկիրը, որ միւսներուն իր քաղաքացին կը կոչէ, պէտք է պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի այդ մարդիկ իրենք զիրենք ապահով զգան եւ չլքեն այդ տարածքը, այդ հողը: Մենք Ղարաբաղի ժողովուրդի օրինական եւ արդար իրաւունքներուն ապահովման կողմնակիցն ենք», ըսած էր ան:

Խօսելով Հայաստանէն անցնող ճամբաներու պարագային միջանցքի եզրի օգտագործման մասին` ան նշած էր. «Այդ յայտարարութիւններուն ետին գաղտնի միտքեր թաքնուած են»:

«Մենք կը պաշտպանենք Հայաստանի անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ դէմ ենք ամէն բանի, որ ինչը կը խախտէ անոր միջազգային սահմանները: Ինչ կը վերաբերի միջանցքին, ապա նշեմ, որ միջազգային գրականութեան մէջ անիկա կը նշանակէ հաղորդակցման ուղի, սակայն երբ անիկա կապուած է Հայաստանին, ատիկա ձեռք կը բերէ յատուկ իրաւաբանական նշանակութիւն: Անոնք, որոնք կը կրկնեն այս բառը, զայն կ՛օգտագործեն յատուկ իմաստով եւ գաղտնի միտքեր կը թաքցնեն իրենց յայտարարութիւններու ետին», ըսած էր դեսպանը:

Իրանցի դիւանագէտը վստահեցուցած էր, որ Իրան դէմ չէ փոխադրական հաղորդակցութեան վերականգնման, սակայն անընդունելի կը նկատէ Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս ճամբաներու գոյութիւնը:

«Մենք դէմ ենք այն հաղորդակցութիւններուն ու ուղիներուն, որոնք դուրս կու գան Հայաստանի գերիշխանութեան շրջանակէն եւ կասկածի տակ կը դնեն Հայաստանի անկախութիւնը: Մեր տեսանկիւնէն` անընդունելի է այն ճամբան, որ չի գտնուիր Հայաստանի վերահսկողութեան եւ գերիշխանութեան տակ», ըսած էր Իրանի դեսպանը:

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Ապահովական Մագլցումներ Կ՛արձանագրուին

Յաջորդը

Ամիրպեքով. «Ազրպէյճան Հայաստանի Նկատմամբ Տարածքային Պահանջներ Չունի Եւ Չի Պատրաստուիր Ներխուժել»

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?