Ազրպէյճանը Հայաստան ներխուժելու մտադրութիւն չունի. այս մասին իտալական «Ին Թերրիս» հրատարակութեան տուած հարցազրոյցին մը մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրպեքով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք Ազրպէյճանը մօտիկ ապագային Հայաստան ներխուժելու մտադրութիւն ունի, Ամիրպեքով ըսած է. «Բացարձակապէս ոչ, ասոնք վերջին օրերուն տարածուած կեղծ լուրեր են, որոնց ծագումը մենք ամբողջովին չենք կրնար հասկնալ: Նման շինծու լուրերու համար իբրեւ պատրուակ կը նշուի այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը», որ պիտի ապահովէ ցամաքային հաղորդակցութիւն Ազրպէյճանի եւ անոր միջերկիրի` Նախիջեւանի միջեւ»:
Անոր համաձայն, եթէ Երեւանին հաճելի չէ «միջանցք» ձեւակերպումը, ապա կրնան օգտագործել այնպիսի եզրեր, ինչպիսիք են «անցք», «ճամբայ», «խաչմերուկ» եւ այլն:
Ամիրպեքովի համաձայն այս եզրը «զուտ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային հայեցակարգ է»:
«Եթէ Հայաստանը այս հարցին մէջ չկատարէ իր պարտաւորութիւնները, մենք, ըստ էութեան, այլընտրանքային տարբերակ ունինք` պիտի գործադրուի երկաթուղային եւ ինքնաշարժային փոխադրամիջոցոցներով Ազրպէյճանի հիմնական հատուածը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ Իրանի տարածքով կապելու նախագիծը: Հայաստանը պիտի մնայ շրջանային փակուղիի մէջ եւ ատիկա պիտի ըլլայ ինքնին հայերու ընտրութիւնը:
«Պատասխանելով ձեր հարցումին` դարձեալ կ՛ըսեմ, որ ամէն պարագայի, Ազրպէյճանը Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի, եւ այս անհիմն պնդումը, ամենայն հաւանականութեամբ, միտումնաւոր կը տարածուի Հայաստանի կողմէ», ըսած է ան:
Ամիրպեքով պատասխանելով «Ին Թերրիս»-ի հարցումին, թէ Արցախի մէջ քանի՞ հայ բնակիչ կայ, եւ ինչպէ՞ս պիտի կազմակերպուի անոնց հաւանական վերադարձը, նախ յիշեցուցած է, որ Արցախ մնացած անձեր չեն դիմած Ազրպէյճանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար:
«Անոնց մեծ մասը հայկական անձնագիր ունի, եւ առնուազն մէկ երրորդը ոչ թէ ղարաբաղցիներ են, այլ անոնք, որոնք վերջին տասնամեակներուն ապօրինաբար բնակութիւն հաստատած են Ղարաբաղի մէջ, Ազրպէյճանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմած է հազարէն նուազ մարդ», ըսած է ան:
Ամիրպեքով աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանի մէջ լաւ կը հասկնան, որ 30 տարուան բաց տագնապէն ետք ստեղծուած կացութիւնը կանխատեսելի ընտրութիւն է:
«Սակայն ատիկա անոնց անձնական ընտրութիւնն է, թէեւ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը անոնց յորդորած է չլքել Լեռնային Ղարաբաղը: Մենք ստեղծած ենք հարթակ, որ անոնց կ՛արտօնէ կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնալ Ազրպէյճան:
«Եւ մենք հաւատարիմ ենք երաշխաւորելու այդ մարդոց անվտանգութիւնը, իրաւունքները եւ տնտեսական բարեկեցութիւնը: Մենք կը հաւատանք, որ մնացած մարդոց փոքր թիւը կրնայ դրական դեր խաղալ», ընդգծած է Էլչին Ամիրպեքով: