Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Նոյեմբեր 8, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Պատասխանատուները Այցելեցին Աշոցք Համայնքի Չորս Գիւղեր

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պատասխանատուները այցելեցին Աշոցք խոշորացուած համայնքի չորս գիւղեր` Ցօղամարգ, Արփենի, Զոյգաղբիւր, Մուսայէլեան: Անոնց ընկերակցեցաւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան դաշնակցական պատգամաւոր Մհեր Մելքոնեանը:

Նշեալ գիւղերուն մէջ համազգայնականները այցելեցին Արցախէն բռնի տեղահանուած դպրոցականներուն, ծանօթացան անոնց ընտանիքներու կացութեան եւ հարցերուն, ինչպէս նաեւ համեստ նուէրներ յանձնեցին ընտանիքներուն:

Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանային Վարչութեան Օժանդակութիւնը Ախուրեանի «Հեքիաթ» Մանկապարտէզին

Ախուրեանի «Հեքիաթ» մանկապարտէզին մէջ, Հայ օգնութեան միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, տեղադրուեցաւ 10 քիլոուաթ հզօրութեամբ արեւային ֆոթովոլթային կայան եւ 350 լիթր տարողութեամբ արեւային ջրատաքացուցիչ:

Կայաններու գործարկման առիթով մանկապարտէզ այցելեցին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամները:

Նշենք, որ ներկայ պահուն Ախուրեանի «Հեքիաթ» մանկապարտէզի շէնքի մասնակի վերանորոգման եւ տարածքի բարեկարգման շինարարական աշխատանքները կ՛ընթանան:

Գործընթացը կ՛իրականացուի պետական նպաստի ծրագրով. 70 առ հարիւրը կառավարութան, իսկ 30 առ հարիւրը` համայնքի նիւթական ներդրումով: Շինարարութիւնը կ՛իրականացնէ «Սիմայ շին» ընկերութիւնը:

Ծրագրին ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 38 միլիոն հայկական դրամ:

Մայր Աթոռը Որոշեց Պահպանել Արցախի Թեմը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի քառօրեայ ժողովի ընթացքին, որուն կը նախագահէր Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, որոշուեցաւ պահպանել Արցախի թեմը:

Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ժողովին ընթացքին քննարկուեցան պետութեան առջեւ ծառացած յետպատերազմեան մարտահրաւէրները, Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն հիմնահարցերը, ինչպէս նաեւ` Արցախի մշակութային եւ հոգեւոր ժառագութեան պահպանման վերաբերող հարցերը:

Ժողովի առաջին օրը զեկոյցով հանդէս եկան Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը:

«Արցախի թեմի լուծարումը տեղի պիտի չունենայ, ինչպէս, ցաւօք սրտի, լուծարուեցաւ Արցախի պետականութիւնը: Վեհափառ հայրապետը  յուրախութիւն բոլորիս յայտարարեց, որ Արցախի թեմը պիտի չլուծարուի, այլ գործառոյթները քիչ մը պիտի փոխուին, եւ ան իր նպատակներուն համար պիտի ծառայէ: Այս կը նշանակէ, որ մենք մեր սրտին մէջ պիտի ունենանք երազ` նորէն վերադառնալու Արցախ», ըսաւ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան:

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Անդամները Այցելեցին Հայրենազրկուած Արցախահայերուն

Նոյեմբեր 2-ին Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամներու ուղեկցութեամբ  այցելեց Կոտայքի թեմի Ծաղկաձորի թեմապատկան ճամբար, ուր ապաստանած են Արցախէն բռնի տեղահանուած 38 ընտանիքներ:

Հայոց հայրապետը իր օրհնութիւնն ու հայրական սէրը յայտնելով արցախցիներուն` ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր աշխարհասփիւռ թեմերով այս օրերուն լծուած է Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր զաւակներուն հոգեւոր, մարդկային եւ ընկերային կարիքներու հոգածութեան աշխատանքներուն: Տեղահանուած արցախցիներուն թեմապատկան կառոյցներուն մէջ կացարաններով ապահովման եւ ընկերային աջակցութեան ծրագիրներուն զուգահեռ` կ՛իրականացուի նաեւ հոգեխնամ առաքելութիւն:

Հայոց հայրապետը արցախահայերուն պատգամեց զինուիլ հաւատքով, յոյսով եւ ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան ոգիով: Նորին սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, որ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ միասնական ջանքերով Արցախի մեր զաւակները կրնան յաղթահարել իրենց առջեւ ծառացած փորձութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Հայոց հովուապետը եւ ԳՀԽ անդամները նաեւ հետաքրքրուեցան արցախցիներու կեցութեան պայմաններով, անոնց կարիքներով` ընդգծելով, որ աջակցութեան ծրագիրները պիտի ըլլան շարունակական:

Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայէն Մետալ` Լեւոն Արք. Զէքիեանին

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը: Ակադեմիան 80-ամեայ յոբելեանին առիթով զանազան յուշամետալներ պատրաստած է այն հիմնարկներուն անունով, որոնք կը գործեն իր ենթակայութեան տակ: Անոնցմէ առաջինը` իբրեւ պատմութեան հիմնարկի յուշամետալ, շնորհուեցաւ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Լեւոն արք. Զէքիեանին:

Այսպէս, 25 հոկտեմբերին Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին մէջ հանդիսաւոր նիստ մը գումարուեցաւ` նուիրուած ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ Վենետիկի Գիտութիւններու, գրականութեան եւ արուեստի ակադեմիայի իսկական անդամ, Լեւոն արք. Զէքիեանի ծննդեան 80-ամեակին:

Ձեռնարկին ընթացքին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժինի ակադեմիկոս եւ քարտուղար Եուրի Սուվարեան Լեւոն արք. Զէքիեանին յանձնեց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մետալը: «Այս մետալը, որ հաստատուած է ակադեմիային 80-ամեակին առիթով, կը շնորհուի Լեւոն արք. Զէքիեանի` իր ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանի օրերուն», ըսաւ ակադեմիկոս Սուվարեան:

64 Արցախցիներ Մահացած Են Բռնի Տեղահանութեան Ընթացքին

64 արցախցիներ մահացած են բռնի տեղահանութեան ընթացքին` ճամբուն վրայ ուտելիքի, դեղորայքի եւ բժշկական օգնութեան բացակայութեան պատճառով: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնեց Քննչական կոմիտէի բանբեր Գոռ Աբրահամեանը:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ 19 սեպտեմբերի մարտական գործողութիւններէն մինչեւ այսօր 30 զինուորներու եւ 12 քաղաքայիններու գտնուած վայրը յայտնի չէ:

Ըստ Աբրահամեանի, միօրեայ պատերազմի զոհերուն թիւը աւելի քան 200 է: Սպաննուած են 9 քաղաքայիններ, որոնցմէ 3-ը` մանուկներ, վիրաւորուած են 231 զինուորներ եւ 80 խաղաղ բնակիչներ:

Քննչական կոմիտէն նաեւ տեղեկացուց, որ ազրպէյճանցի զինուորականները խոշտանգած են 14 անձեր:

Այս տուեալները, ըստ Աբրահամեանի, վերջնական չեն. Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ կատարուած ցեղային զտումներուն վերաբերեալ քրէական գործով քննութիւնը կը շարունակուի:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Աւետիսեան Դպրոցը Իր Դռները Բացաւ Աւելի Քան 40 Տեղահանուած Արցախցի Աշակերտներու Դիմաց

2023-2024 կրթական տարեշրջանին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Աւետիսեան դպրոցին մէջ ուսանող 800 աշակերտէն 40-ը, սեպտեմբեր 17-էն սկսեալ, բռնի տեղահանուած են Արցախի Ստեփանակերտ, Մարտունի քաղաքներէն, ինչպէս նաեւ` Ճարտար, Հաթերք եւ Խնուշինակ գիւղերէն:

1-12-րդ դասարանի արցախցի աշակերտներուն համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները` կրթօճախի նոր միջավայրին մէջ ներգրաւուելու եւ բարձրորակ ուսում ստանալու համար: Անոնց հետ կ՛աշխատի դպրոցին հոգեբանը: Կրթօճախը տեղահանուած աշակերտներուն օժանդակած է գրենական պիտոյքներու եւ դասագիրքերու ձեռքբերման համար: Եւս 4 արցախցի երեխայ ընդգրկուած է Աւետիսեան կրթահամալիրի մանկապարտէզին մէջ:

Յայտնենք, որ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոց եւ համայնքային կեդրոնը կրթական հաստատութիւն մըն է, որ կը տրամադրէ 12-ամեայ բարձրորակ, համակողմանի եւ անվճար կրթութիւն:

Դպրոցի շէնքին ժամանակակից ճարտարապետութիւնը կը դիւրացնէ եւ կը բարելաւէ ուսումնական գործընթացը: Կրթահամալիրը արժանացած է «LEED Արծաթ» հաւաստագրին` իբրեւ բնապահպանական պահանջներուն համապատասխանող նախագիծ եւ տարածաշրջանին մէջ այսպիսի եզակի կառոյցներէն մէկը:

Նորագոյն արհեստագիտութեամբ յագեցած այս դպրոցը կ՛աջակցի Երեւանի հարաւարեւմտեան թաղամասի գլխաւորապէս ցած եկամուտ ունեցող համայնքին:

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան առաքելութիւնը հասարակութեան խոցելի խումբերը անհրաժեշտ գործիքակազմով զինելն է` դառնալու բազմակողմանի զարգացած քաղաքացիներ եւ իւրացնելու սեփական ներուժ:

Վերջին չորս տարիներու ընթացքին կրթահամալիրին աւագ դպրոցը ունեցած է 111 շրջանաւարտ, որոնց հարիւր առ հարիւրը կրթութիւնը շարունակած է երկրի յառաջատար համալսարաններուն մէջ:

Արցախէն տեղահանուած աշակերտներուն հոսքը Աւետիսեան դպրոց կը շարունակուի:

«Սուրբ Յարութիւն» Կրթական Կեդրոնը Արդէն Պաշտօնապէս Բացուած Է

Մեծ ոգեւորութեամբ կը տեղեկացնենք, որ 2023 թուականի հոկտեմբերի 7-ին Շիրակի թեմի Ազատանի հովուական թեմին մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրբ Յարութիւն» կրթական կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութիւնը:

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի հանդիսապետութեամբ եւ քահանայ հայրերու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ կեդրոնին օրհնութեան կարգը:

Այնուհետեւ սրբազան հայրը իր հայրական պատգամը յղեց ներկաներուն: Ան իր խօսքին մէջ գնահատեց բարերարները, աջակիցները եւ ամէն ոք, որ որեւէ կերպով կը նպաստէ այս գաղափարի իրականացման:

Այնուհետեւ հիւրերը շրջայց կատարեցին եւ ծանօթացան կեդրոնի սենեակներուն եւ երիցատան:

Կեդրոնի գործունէութիւնը նպատակաուղղուած է համայնքին մէջ ազգային-հոգեւոր գիտակցութեան բարձրացման, ոչ պաշտօնական կրթութեան զարգացման եւ երիտասարդներուն համայնքային կեանքի ներգրաւուածութեան բարձրացման:

Հաղորդենք, որ Ազատանի «Սուրբ Յարութիւն» կրթական կեդրոնը վերակառուցուած եւ կահաւորուած է հիմնական բարերարութեամբ Գրիգոր Արսլանեանի:

Ծրագրին օժանդակած են դոկտոր Վարուժան Ալթըպարմաքեանը, Ազատանի համայնքապետ Վարդան Իկիլիկեանը եւ աւագանիի 9 անդամները` Սօս Վարժապետեանը, Արտուշ Աբրահամեանը, Արայիկ Ոսկանեանը, Գոռ Դաւթեանը, Գէորգ Աբրահամեանը, Ալպերթ Խաչիկեանը, Վարդգէս Վարժապետեանը, Անդրանիկ Իկիլիկեանը, Խոսրով Պաղտասրեանը, Լուսինէ Պատալեանը,  նահատակ Յարութիւն Մելքոնեանի ծնողները եւ բազում սրտացաւ հայորդիք, ինչպէս նաեւ` «Շտապիր դէպի բարին» բարեգործական հիմնադրամը Եւ «Ի-ուըրտ» մանկական հիմնադրամը:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շաքի` Երբեմնի Հայաշատ Գաւառ

Յաջորդը

Յաւերժի Ճամբորդներ. Կիսատ Երազանքներ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 13, 2025
Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին
Հայրենի Կեանք

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին

Յուլիս 31, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?