Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը ձերբակալած է արցախցի մը եւս` Մատաթ Բաբայեանը` այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» մասնակցութեան կասկածանքով:
Ըստ տեղեկութիւններու, ան ձերբակալուած է այս տարուան սեպտեմբերին` Արցախի վրայ Պաքուի զինուորական յարձակումին ժամանակ:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն, Բաբայեան հարցաքննութեան ընթացքին «խոստովանած է», որ «մասնակցած է Խոջալուի խաղաղ բնակչութեան ջարդերուն»: