Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր ամէնօրեայ տեղեկագիրին մէջ 24 հոկտեմբերի երեկոյեան հաղորդած է. «Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ խնդիրներու կատարումը Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն»-ը:
«Անընդմէջ համագործակցութիւն կը պահպանուի Պաքուի հետ` ուղղուած արիւնահեղութիւն չարտօնելուն, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման եւ բնակչութեան նկատմամբ միջազգային օրէնքի արժեչափերու պահպանման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաթափուած Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահները զինադադարի խախտում չեն արձանագրած: «Ճանապարհային ուղղութիւններով երթեւեկի անվտանգութեան ապահովման նպատակով վեց դիրք տեղակայուած է, երկուքը` ազրպէյճանական կողմին հետ միասին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսերուն մասնակցութեամբ կը շարունակուին «Ղարաբաղի բնակավայրերու ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարման վերականգնման աշխատանքները»:
Տեղեկագիրին մէջ նաեւ նշուած է, որ 19 սեպտեմբերէն Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ փակուած են ռուս խաղաղապահներու 24 դիտակէտեր: