Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 29 հոկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Չինաստան, կը յայտնեն պաշտպանութեան նախարարութենէն: Նախարարութենէն այցելութեան օրակարգի մասին այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած: Չինաստան այցելեց նաեւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը` մասնակցելու Փեքինի Սեանշանի 10-րդ համաժողովին: