Թուրքիոյ խորհրդարանը Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կոչ ուղղած է` Հայաստանի մէջ գործող հիւլէական կայանը փակելու քայլեր ձեռնարկելու: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ նշած են, որ Մեծամօրի հիւլէական կայանը կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանէն ընդամէնը 16 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Թրքական խորհրդարանի Թուրքիոյ քաղաքացիներու դիմումները քննարկող խնդրագիրներու յանձնախումբը նշած է, որ կատարուած է ճառագայթային արտակարգ իրավիճակներու սեմինար, որուն նպատակն էր տեղեկատուական օգնութիւն տրամադրել Իգդիրի բնակիչներուն:
Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարութեան հետ համաձայնութեամբ յատկացուած են եոտի պատրաստուկներ, ապահովուած է անոնց բաշխումն ու պահպանումը անհրաժեշտ վայրերու մէջ:
Քայլերու կը ձեռնարկուին նաեւ տեղական մակարդակով շողարձակման արկածի պարագային քայլեր կատարելու համար:
Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնն ու Եւրոպական Միութիւնը յանգած են այն եզրակացութեան, որ Մեծամօրի հիւլէական կայանի անվտանգութեան կարգավիճակը չի համապատասխաներ արդիական պահանջներուն:
Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել հայկական հիւլէական կայանի անվտանգութեան առնչուած հարցերը լուծելու համար: Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան աշխատակիցները պարբերաբար ստուգումներ կը կատարեն Հայաստանի մէջ:
«Հիւլէական այդ կայանը վտանգի գործօն է ամբողջ շրջանին համար: Նշուած վտանգներուն մասին Թուրքիան կը խօսի թէ՛ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր ժողովներուն մէջ, թէ՛ ալ միջազգային այլ հարթակներու վրայ», նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը պնդած է, թէ Մեծամօրի հիւլէական կայանը պէտք է փակել:
«Ատոր առնչուած հարցը պիտի շարունակէ մնալ մեր երկրի ուշադրութեան կեդրոնը», կը նշուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: