Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպական Միութիւնը Յանձնառու Կը Մնան Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման

October 30, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ ընդունած է Եւրոպական Միութեան ղեկավարները` Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը:

Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպկան Միութիւն վեհաժողովի մասին միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ անոնք նախկինի պէս յանձնառու կը մնան յառաջ մղելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու հոլովոյթը` հիմնուած իրարու գերիշխանութիւնը, սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը փոխադարձաբար ճանչնալու վրայ:

Ազրպէյճանին կոչ ուղղուած է ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած կամ իրենց տուները վերադառնալու ցանկութիւն ունեցող մարդոց իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը: Բոլոր կողմերուն կոչ ուղղուած է ձեռնպահ մնալու ուժ կիրարկելէն կամ ուժի դիմելու սպառնալիքներէն:

Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպական Միութիւն միացեալ յայտարարութիւնը նաեւ խստօրէն կը դատապարտէ Համասը եւ անոր դաժան ահաբեկչական յարձակումը Իսրայէլի վրայ: «Ահաբեկչութիւնը ոչ մէկ արդարացում ունի: Մենք կը հաստատենք Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը այդ նողկալի յարձակումներէն», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Հանդիպումին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն ըսած է, որ միասին կանգնած են Իսրայէլի կողքին` ընդդէմ ահաբեկչութեան, նշած, որ պաղեստինցի ժողովուրդը եւս Համասին զոհն է: Շարլ Միշել ըսած է, թէ կ՛ուզեն խաղաղութեան հոլովոյթ` հիմնուած երկու պետութեան սկզբունքին վրայ:

Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ կոչ ուղղած են դադրեցնելու դաժան պատերազմը եւ անյապաղ, ամբողջովին ու առանց վերապահումներու դուրս բերելու զօրքերը Ուքրանիոյ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքէն:

Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի ղեկավարները վերահաստատած են աջակցութիւնը Վրաստանի եւ Մոլտովայի տարածքային ամբողջականութեան եւ անոնց եւրոպական ձգտումներուն նկատմամբ:

 

 

Նախորդը

Պայրամով. «Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատելու Եզակի Պատմական Կարելիութիւն Ստեղծուած Է»

Յաջորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Փակելու Մեծամօրի Հիւլէական Կայանը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.