2026 թուականի տղոց թենիսի տարեվերջի դասաւորման մէջ հայազգի վեց թենիսմեններ ընդգրկուած են լաւագոյն հազար թենիսմեններուն մէջ:
Բարձրագոյն դիրքը կը գրաւէ Ռուսիան ներկայացնող Կարէն Խաչանով, որ աշխարհի 24-րդ թենիսմենն է: Այս ցուցակին մէջ Հայաստանը ներկայացնող միակ թենիսմենը 20 տարեկան Դանիիլ Սարգսեանն է:
Բացի Խաչանովէն եւ Սարգսեանէն, լաւագոյն հայ թենիսմենները իրենց մրցումները կը կատարեն Արժանթինի, Ուքրանիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ռուսիոյ դրօշներուն ներքեւ:
Ըստ 23 նոյեմբերի դասաւորման տուեալներուն, թենիսմենները կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը.
Թիւ 24 – Կարէն Խաչանով, 30 տարեկան, Ռուսիա:
Թիւ 270 – Վալերիօ Աբոյեան, 24 տարեկան, Արժանթին:
Թիւ 645 – Եուրի Ջաւաքեան, 33 տարեկան, Ուքրանիա:
Թիւ 652 – Էրիք Յարութիւնեան, 22 տարեկան, Պիելոռուսիա:
Թիւ 721 – Արթուր Կուկասեան, 22 տարեկան, Ռուսիա:
Թիւ 802 – Դանիիլ Սարգսեան, 20 տարեկան, Հայաստան:
Կարէն Խաչանով կը շարունակէ մնալ հայազգի թենիսմեններու անվիճելի յառաջատարը: Ան 24-րդ դիրքը կը գրաւէ` ըլլալով միակ լաւագոյն 100-ին մէջ ընդգրկուած թենիսմենը:
Յատուկ ուշադրութեան արժանի է Դանիիլ Սարգսեանի յառաջխաղացքը: Նոյեմբերին հայաստանցի թենիսմենը երկու յաջորդական շաբաթներ մրցելէ ետք հասաւ Քուալա Լամփուրի մէջ տեղի ունեցած «Այ. Թի. Էֆ. Էմ 15» մրցաշարքերու կիսաւարտական: Մալեզիոյ մէջ յաջող ելոյթներ առիթ տուին Սարգսեանին, որ բարելաւէ իր դիրքը ընդհանուր դասաւորման մէջ: Բացի «Էյ. Թի. Փի.»-ի դասաւորումէն, «Այ. Թի. Էֆ.»-ի լաւագոյն թենիսմեններու դասաւորման մէջ ընդգրկուած են հայազգի 8 մարզիկներ եւս: «Այ. Թի. Էֆ. ֆետերասիոնին մաս կը կազմեն ողիմպիական խաղերու խումբերը եւ պատանիներու ու կարգ մը երիտասարդներու մրցաշարքեր:
Թիւ 190 դիրքը կը գրաւէ Անտրէ Մեհրապեան, 21 տարեկան, Պելճիքա:
Թիւ 836 – Վարդան Մանուկեան, 22 տարեկան, Ռուսիա:
Թիւ 919 – Էտիսոն Համբարձումեան, 30 տարեկան, Գերմանիա:
Թիւ 1409 – Սերգէյ Պօղոսեան, 28 տարեկան, Ռուսիա:
Թիւ 1545 – Ճորճ Էդուարդ Իսրայէլեան, 21 տարեկան, Գերմանիա:
Թիւ 2087 – Դաւիթ Զոհրանեան, 17 տարեկան, Ռուսիա:
Թիւ 2280 – Դաւիթ Պօղոսեան, 18 տարեկան, Հայաստան:
Թիւ 2528 – Սամուէլ Աղայեան, 19 տարեկան, Հայաստան:


