Յառաջիկայ երեք տարիներուն Ազրպէյճանը աւելի քան 10 միլիառ տոլար պիտի ծախսէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս Ազրպէյճան» գործակալութիւնը` վկայակոչելով երկրին կառավարութեան մօտ կանգնած աղբիւրները:
Ազրպէյճանցի պաշտօնատարները գործակալութեան փոխանցած են, որ 2024-էն 2027 թուականներուն երկրի պետական պիւտճէին մէջ «մեծ ծախսերու համար նախատեսուած ելեւմտական միջոցներու 29,4 առ հարիւրը պիտի ուղղուի Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ սկսած ծրագիրներու իրականացման»:
«Մինչեւ 2027 թուականը Պաքուն կը նախատեսէ ամրապնդել այս շրջաններուն մէջ գտնուող զինուորական ենթակառոյցները, պիտի կառուցուին ուժանիւթային, փոխադրամիջոցային, մարզական եւ ընկերային կառոյցներ», կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքսը»: