Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամիրպեքով. «Հայաստան-Ազրպէյճան Խաղաղութեան Պայմանագիրը «3+3» Հարթակին Վրայ Պիտի Կնքուի»

October 25, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«3+3» ձեւաչափը (Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան+ Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա) երբեք չէ եղած տագնապներու լուծման հարթակ: Այս մասին «Պի.Պի.Սի.» ձայնասփիւռի կայանէն յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:

«Ըստ էութեան, այս հարթակը երբեք նախատեսուած չէ եղած իբրեւ որեւէ հակամարտային իրավիճակներու լուծման հարթակ, ի սկզբանէ նախագահ Իլհամ Ալիեւի գաղափարը եղած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի աւարտէն ետք շրջանային համագործակցութիւն հաստատելը… Եւ ես կը կարծեմ, որ այսօր Հայաստանն ու Ազրպէյճանը նոյնպէս կը կիսեն այն տեսակէտը, որ եկած է ժամանակը օգտուելու այս կարելիութենէն եւ աւարտին հասցնելու խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւնները, սակայն ատիկա այն չէ, ինչ որ պիտի կատարուի «3+3» շրջանային խորհրդատուական հարթակին մէջ, ատիկա պիտի կատարուի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ երկկողմանի բանակցութիւններու միջոցով», ըսած է ան:

Ազրպէյճանցի պաշտօնեան նաեւ ըսած է, որ Հարաւային Կովկասի խնդիրները նախ եւ առաջ պէտք է լուծեն իրենք` շրջանի երկիրները:

Ըստ անոր, «3+3» ձեւաչափի մասնակիցները 23 հոկտեմբերին Թեհրանի մէջ իրենց երկրորդ հանդիպումին ժամանակ եկած են համաձայնութեան, թէ շրջանի երկիրները պէտք է յառաջատար դեր խաղան շրջանային խնդիրներու լուծման գործին մէջ եւ, այս առումով, մտադիր են ամրապնդել սեփական ներգրաւուածութիւնը այս ռազմավարական կարեւոր շրջանի ապագային ձեւաւորման գործին մէջ:

«Այս առումով բնական է, որ երկիրները դէմ են արտատարածաշրջանային խաղացողներու վնասակար միջամտութեան շրջանի գործերուն», աւելցուցած է Ամիրպեքով:

Ան իբրեւ արտաքին միջամտութեան օրինակ նշած է Ֆրանսան, որ իբրեւ թէ «կը չարաշահէ իր յառաջատար դերը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի, Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ եւ մինչեւ իսկ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան պէս միջազգային կառոյցներուն մէջ»:

Ըստ անոր, «մշտապէս կողմնակալ, միակողմանի եւ բացայայտ հակաազրպէյճանական նախաձեռնութիւններ» յառաջ տանելով, Փարիզ «կը դառնայ իր ներքաղաքական օրակարգի պատանդը եւ ատով իսկ կը խարխլէ ոչ միայն սեփական հեղինակութիւնը, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան` իբրեւ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման մէջ հաւանական միջնորդի համբաւը»:

Նախորդը

Ազրպէյճան 10 Միլիառ Տոլար Պիտի Ծախսէ Արցախի Եւ Յարակից Շրջաններուն Մէջ

Յաջորդը

Իրանը Յայտարարած Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Վէճերը Լուծելու Պատրաստակամութեան Մասին

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.