Ինթեր Միլանի հայ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան յայտարարեց, որ կը ցանկայ մնալ իտալական ակումբին հետ:
«Ես շատ երջանիկ եմ այստեղ եւ կը ցանկամ մնալ հոս: Իմ գործավարս բանակցութիւններու մէջ է` պայմանագրութիւնը երկարաձգելու համար», ըսաւ Մխիթարեան:
Մխիթարեան 2022-էն ի վեր կը խաղայ Ինթեր Միլանի հետ եւ կատարած է 40 մրցում` նշանակելով 5 կոլ: Ան այս տարեշրջանին շատ լաւ մակարդակի ֆութպոլ կը ցուցաբերէ եւ 3 մրցումներու ընթացքին 2 կոլ նշանակած եւ 1 էսիսթ կատարած է:
Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ ըստ երեւոյթին դժգոհ կը մնայ եւ լրջօրէն կը մտածէ լքել Ռէալ Մատրիտը: 2012-էն ի վեր Ռէալի մարզիկ Մոտրիչով հետաքրքրուած է Լիոնել Մեսսիի ամերիկեան ակումբը` Ինթեր Մայեմին:
Նշենք, որ այլ վեթերան մը` Լուիս Սուարես կրնայ միանալ Ինթեր Մայեմիի, որ ամէն գնով կ՛աշխատի աւելի զօրացնել կազմը:
Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխի միջազգային գերմանացի միջնապահ Լէոն Կորեցքա, որ շաբաթ օր նշանակած էր իր ակումբի 3-րդ կոլը` Մայնցի դէմ, ձեռքը կոտրած էր վերջին վայրկեաններուն, եւ կանաչ դաշտերէն հեռու պիտի մնայ քանի մը շաբաթով:
Կորեցքայի խմբակից Ժամալ Մուսիալայով մեծ թիւով ակումբներ հետաքրքրուած են, մանաւանդ որ ան Գերմանիոյ այժմու ամէնէն փայլուն երիտասարդ աստղերէն է: Լիվըրփուլի եւ Ռէալ Մատրիտի կողքին, Չելսին պատրաստ է «գնելու» Մուսիալան: