Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 9-րդ հանգրուանին գծով, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի բաւական դժուարութեամբ պարտութեան մատնեց 6-րդ դիրքը գրաւող Պրայթընը: Մարզիչ Կուարտիոլա, որ միայն պելճիքացի Քեւըն Տը Պրունիէն չունէր իր կազմին մէջ (տակաւին վիրաւոր), նախընտրած էր իրեն ազգային խումբերուն հետ դժուար խաղեր ունեցող մարզիկները աւելի ուշ դաշտ ներկայացնել, բայց ատիկա պատճառ չէր, որ Սիթի առաջին 19 վայրկեաններուն երկու կոլ նշանակէ: Արդարեւ, 7-րդ վայրկեանին, Ժերեմի Տոքուի փոխանցումէն ետք արժանթինցի Խուլիան Ալվարես նշանակեց Սիթիի առաջին կոլը: 19-րդ վայրկեանին նորվեկիացի Էրլինկ Հալանտ նշանակեց 2-րդ կոլը` օգտուելով Պալեպայի սխալէն: Սթեֆան Օրթեկա, որ անակնկալօրէն փոխարինած էր բերդապահ Էտերսոնը շատ լաւ ձեւով փրկեց Միթոմայի հարուածը` 60-րդ վայրկեանին: Պիլի Կիլմոր եւ Անսու Ֆաթի դաշտ ներկայացան 66-րդ վայրկեանին եւ միասնաբար պատրաստեցին Պրայթընի կոլը` 73-րդ վայրկեանին, շնորհիւ Ֆաթիի: Ֆաթիի բաւական աշխատանք տարաւ եւ պատճառ դարձաւ Աքանճիի կարմիր քարտին (90-րդ վայրկեանին), բայց Սիթի դիմացաւ եւ արձանագրեց ախոյեանութեան առաջին յաղթանակը 6-րդ հանգրուանէն ի վեր (Ֆորեսթի դէմ), սակայն միւս կողմէ մրցանիշ մըն ալ հաստատեց` իր դաշտին վրայ արձանագրելով յաջորդական 21-րդ յաղթանակը` «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով:
Ձախ կողմին վրայ պելճիքացի յառաջապահ Ժերեմի Տոքու, որ մրցումին լաւագոյն մարզիկն էր, գլխու ցաւ պիտի պատճառէ մարզիչ Կուարտիոլային, որովհետեւ ան կը խաղայ Ճեք Կրիլիշի հիմնական դիրքին վրայ: Կրիլիշ, որ վիրաւոր էր, Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ Ֆաթիի կոլէն ետք (75-րդ վայրկեանին), բայց ըստ երեւոյթին Ռենէն (Ֆրանսա) ժամանած Տոքուն կը նմանի Ասթոն Վիլայի Կրիլիշին եւ աւելի լաւ է Սիթիին Կրիլիշէն: Մէկ խօսքով` Կրիլիշ նոյն ազատութեամբ չի կրնար ինքզինք փաստել Սիթիի հետ, բան մը, որ կրնայ երբեմն շուարեցնել մարզիչ Կուարտիոլան, որ սակայն բացատրեց, թէ Տոքու չէ վարժուած երեք օրը անգամ մը մրցում մը խաղալ, այդ ձեւով ալ երկուքն ալ կրնան մասնակցիլ այն շաբաթներուն, որ 3 մրցումներ կրնան ըլլալ:
Ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Լոնտոնի տերպիին, Չելսի 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Արսենալի հետ: Թերեւս աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ըսելը, որ Արսենալ կէտ մը խլեց Չելսիէն եւ մնաց «Փրեմիեր լիկ»-ի միակ անյաղթ խումբը` Թոթենհամի հետ:
Իր վերջին մրցումին, ախոյեանութեան գծով, Արսենալ կրցած էր յաղթել ախոյեան Սիթիին, եւ կը սպասուէր յաղթանակի երթին շարունակուիլը: Սակայն մարզիչ Արթեթայի տղաքը բաւական մեծ ճնշումի տակ էին, նախ` կրկնելու Սիթիի դէմ ելոյթը, ապա գիտնալով Լիվըրփուլի եւ Սիթիի յաղթանակները յաւելեալ ճնշում զգացին:
15-րդ վայրկեանին Արսենալի պաշտպան Ուիլիըմ Սալիպայի ձեռքին դպաւ գնդակը եւ փենալթի վճռուեցաւ ի նպաստ Չելսիի: Քոլ Փալմըր նշանակեց փենալթին: Չելսի արդէն լաւ սկսած էր մրցումը, ան շարունակեց տիրապետել եւ հազիւ 2-րդ կիսախաղը սկսած, Միհայլօ Մուտրիք օդէն երկար փոխանցում մը կը փորձէր կատարել, երբ գնդակը խփեց բերդապահ Տաւիտ Ռայան` նշանակելով Չելսիի 2-րդ կոլը: Մինչ այդ, 48-րդ վայրկեանին, Արսենալ տակաւին չէր կրցած մէկ հարուած նոյնիսկ հասցնել դէպի Չելսիի բերդ:
Բայց 7 վայրկեանի ընթացքին ամէն բան փոխուեցաւ: 77-րդ վայրկեանին, Չելսիի բերդապահ Ռոպերթ Սանչես սխալ փոխանցում մը կատարեց, բան մը, որմէ լաւապէս օգտուեցաւ Արսենալի միջնապահ Տեքլան Ռայս, որ անմիջապէս գնդակը զետեղեց պարապ բերդին մէջ: Յոյսով ներշնչուած Արսենալի պարագային, մօտ 6 վայրկեան մնացած մրցումի աւարտէն, Սաքայի փոխանցումէն ետք, Լէանտրօ Թրոսար կոլի վերածեց գեղեցիկ փոխանցումը` ուրախացնելով Արսենալի համակիրները: Ասիկա զարմանալի աւարտ մըն էր մրցումին, մանաւանդ որ Արսենալ գրեթէ յոյս չունէր նոյնիսկ կոլ մը նշանակելու:
Պէտք է ըսել սակայն, որ Արսենալի մարզիչ Միքել Արթեթա պէտք է այլեւս որոշում մը տայ բերդապահի հարցին գծով: Նոր միացած Տաւիտ Ռայա (Պրենթֆորտէն), որ անցեալ տարուան աստղերէն Արոն Ռեմստէյլի տեղ կը ներկայանար, հաւանաբար տեղը զիջի Ռեմարէյլի, որ բաւական դժգոհ էր վերջերս, եւ ձմեռնային փոխանցումներու ժամանակ կ՛ուզէր լքել կազմը: Ռայա այս մրցումին (Չելսիի դէմ) ճնշումի տակ լաւ չէր եւ կատարեց սխալ փոխանցում մըն ալ, որ քիչ մնաց արդիւնքը 3-0-ի բարձրացնէր: Արդէն Մուտրիքի կոլին ժամանակ ալ ան լաւ դիրք չէր առած բերդին առջեւ: Կը մնայ Արթեթային որոշել, թէ զով դաշտ պիտի ներկայացնէ յաջորդ մրցումներուն:
Միւս կողմէ, Չելսի, որ առաջին 6 մրցումներուն 1 յաղթանակ արձանագրելէ ետք, բաւական ճնշում կար արժանթինցի մարզիչ Մաորիսիօ Փոչեթինոյի վրայ, կրցած էր 2 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրել եւ բաւական լաւ մրցում կ՛ունենար Արսենալի դէմ (հաւանաբար իր լաւագոյն մրցումը), եւ ինչպէս նշեցինք առիթ ալ չտուաւ, որ Արսենալ հարուած մը կատարէ առաջին կիսախաղին:
Լիվըրփուլ քաղաքի տերպին տեղի ունեցաւ Էնֆիլտի մէջ, ուր Լիվըրփուլ բաւական դժուար մրցումէ մը ետք 2-0 յաղթական դուրս եկաւ Էվըրթընի դէմ:
75-րդ վայրկեանին Մայքըլ Քինի (Էվըրթըն) ձեռքին դպաւ գնդակը, բան մը, որ ՎԱՐ-ը հաստատեց, եւ Մոհամետ Սալահ նշանակեց Լիվըրփուլի առաջին կոլը:
Արդէն 10 հոգիով Էվըրթընի գործը աւելի դԺուարացաւ (37-րդ վայրկեանին Էշլի Եանկ կարմիր քարտ ստացած էր), եւ 97-րդ վայրկեանին, երբ Էվըրթըն կը ճնշէր, արժանթինցի Մաքալիսթըր փոխանցեց ուրուկուէյցի Տարուին Նունիեսի, որ իր կարգին փոխանցեց Սալահի, որ դժուարութիւն չունեցաւ գնդակը զետեղելու Փիքֆորտի բերդին մէջ: Արդիւնք` 2-0:
Ստորեւ` 9-րդ հանգրուանի արդիւնքները.
Լիվըրփուլ – Էվըրթըն | 2-0 |
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Լիւթըն Թաուն | 2-2 |
Պորնմաութ – Վուլվզ | 1-2 |
Պրենթֆորտ – Պըրնլի | 3-0 |
Նիւքեսըլ – Քրիսթըլ Փելես | 4-0 |
Մանչեսթըր Սիթի – Պրայթըն | 2-1 |
Չելսի – Արսենալ | 2-2 |
Շեֆիլտ Եունայթըտ – Մանչեսթըր Եունայթըտ | 1-2 |
Ասթոն Վիլա – Ուեսթ Համ 4-1 | 4-1 |
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ | |
1.- Մանչեսթըր Սիթի | 21 (19-7) |
2.- Արսենալ | 21 (18-8) |
3.- Լիվըրփուլ | 20 (20-9) |
4.- Թոթենհամ | 20 (18-8) |
………………………………. | |
18.- Պըրնլի | 4 (7-23) |
19.- Պորնմաութ | 3 (6-20) |
20.- Շեֆիլտ Եունայթըտ | 1 (7-24) |
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
«Պունտըսլիկա»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, առաջին 5 դիրքերը գրաւող խումբերն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին: Արդարեւ, Պայեր Լեւերքուզըն, որ Վոլֆսպուրկի դաշտին վրայ կը խաղար, բաւական դժուար մրցումէ մը ետք 1-2 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ: Ֆրիմփոնկ (13-րդ) եւ Կրիմալտօ (60-րդ վայրկեանին) նշանակեցին Լիվըրփուլի կոլերը, մինչ Լաքրուա նշանակած էր Վոլֆսպուրկի հաւասարութեան կոլը 41-րդ վայրկեանին:
2-րդ դիրքը գրաւող Շթութկարթ առաջին կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Ունիոն Պերլինի դաշտին վրայ, շնորհիւ Կուիրասիի կոլին, «զուտ պաշտպանողական» կիսախաղէ մը ետք:
Բ. կիսախաղին քիչ մը աւելի յարձակողական ֆութպոլ երկու կողմէն, եւ Շթութկարթ կրցաւ 2-րդ (Մվումփա) եւ 3-րդ (Ունտաւ) կոլերն ալ նշանակել եւ 3 կոլերով` 3 կէտերով վերադարձաւ Պերլինէն:
3-րդ դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխ Մայնցի դաշտին վրայ կրցաւ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը ապահովել: Քոման (11-րդ) եւ Քէյն (16-րդ) նշանակեցին Պայերնի առաջին երկու կոլերը: Քասի նշանակեց Մայնցի կոլը` 43-րդ վայրկեանին, բայց 59-րդ վայրկեանին Լէոն Կորեցքա հաշիւը բարձրացուց ի նպաստ Պայերնի` 3-1:
Եուլիան Պրենտթի կոլը բաւարար էր, որ Տորթմունտ յաղթէ Վերտըր Պրեմընի:
Ստորեւ` 8-րդ հանգրուանի արդիւնքները.
Տորթմունտ – Պրեմըն | 1-0 |
Ֆրայպուրկ – Պոխում | 2-1 |
Հոֆընհայմ – Ֆրանքֆորթ | 1-3 |
Ունիոն Պերլին – Շթութկարթ | 0-3 |
Վոլֆսպուրկ – Լեւերքուզըն | 1-2 |
Տարմշթատ – Լայփցիկ | 1-3 |
Մայնց – Պայերն Միւնիխ | 1-3 |
Քէօլն – Մէօնշընկլատպախ | 3-1 |
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ | |
1.- Լեւերքուզըն | 22 (25-7) |
2.- Շթութկարթ | 21 (25-8) |
3.- Պայերն Միւնիխ | 20 (26-7) |
4.- Տորթմունտ | 20 (17-8) |
5.- Լայփցիկ | 17 (19-7) |
…………………. | |
16.- Քէօլն | 4 (7-15) |
17.- Պոխում | 4 (6-21) |
18.- Մայնց | 2 (7-22) |