«էմ. Էլ.Էս.»-ի ախոյեանութեան ընդհանրապէս կը փայլին Եւրոպայի վեթերան մարզիկները կամ մարզիկներ, որոնք Եւրոպայի մէջ փայլած են եւ պարզապէս կ՛ուզեն ֆութպոլ շարունակել ոչ շատ բարձր մակարդակի վրայ: Պարագան նոյնն է ԼիոնելՄեսսիի, որ Պարսելոնայի իր նախկին խմբակիցները Ինթեր Մայեմի բերելով կը փորձէր խումբի սեփականատէր Տէյվիտ Պեքհամի հետ տիտղոսներ նուաճել:
Ինթեր Մայեմի իր վերջին մրցումին 4-0 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Եունայթըտին, եւ Մեսսի-Սուարես զոյգը տարբեր ձեւի թիւերու հասան:
38 տարեկան զոյգը ճիշդ է, որ հին օրերու կարողութիւնը չունին, բայց օրինակ` Մեսսի 2 կոլ նշանակեց, իսկ Սուարես կոլ մը աւելցուց, ինչ որ իր ասպարէզի 600-րդն էր: Մեսսի «էմ.Էլ.Էս.»-ի նոր մրցանիշ իրագործեց 9 տարբեր խաղերու ընթացքին` մէկէ աւելի կոլեր նշանակելով:
Սուարես Պարսելոնայի հետ 198 կոլ նշանակած է, Այաքս Ամսթերտամի հետ` 111, Լիվըրփուլի հետ` 82, Ուրուկուէյի Ազգային խումբին հետ` 69, Ինթեր Մայեմիի հետ` 42, Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ` 34, Նասիոնալի հետ` 20, իսկ Կրոնինկընի հետ` 15 կոլ:
Սուարես միացած էր Ինթեր Մայեմիին` անցեալ տարուան յունուարին, եւ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսած է մինչեւ 31 դեկտեմբեր:
Նշենք, որ Ինթեր Մայեմի 62 կէտով կը գրաւէ Արեւելեան շրջանի դասաւորման 3-րդ դիրքը, մինչ Աթլանթա Եունայթըտ 27 կէտ ունի եւ կը գրաւէ 14-րդ դիրքը:
Մեսսիի խմբակիցներ Սերեւիօ Պուսքեթց եւ Ժորտի Ալպա որոշած են եղանակի աւարտին լքել ֆութպոլի ասպարէզը: