Սեն Ժոզեֆ դպրոցի (Քորնեթ Շեհուան) կազմակերպած պասքեթպոլի 8-17 տարեկաններու «Սքիլզ էնտ շութինկ» (հմտութիւններու եւ կէտ նշանակելու կարողութիւն) մրցաշարքը տեղի ունեցաւ շաբաթ օր` հովանաւորութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Բ. դիրքը գրաւեց Հրակ Պօղոսեան` 14 տարեկանէն վար մրցումներուն: Պօղոսեան, որ մաս կը կազմէ Քլաչ ակադեմիային, փայլուն ապագայ կը խոստանայ եւ կրնայ քանի մը տարիէն դառնալ ՀՄԸՄ-ի աստղերէն: