Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ Հասցէին Հայաստանի Հանրապետութենէն Հնչող Հակասական Խօսքերու Հեղինակները Պէտք Է Բացատրութիւն Տան» Կ՛ըսէ Դեսպան Քոփիրքին

October 21, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտերկրի մէջ, նախ եւ առաջ, յետխորհրդային տարածքին մէջ ռուսական հիւպատոսական ներկայութեան ընդլայնումը այն գիծն է, որուն Ռուսիան հիմա կը հետեւի: Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա» ձայնասփիւռի կայանէն ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին` մեկնաբանելով Կապանի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսութեան բացման նախօրեակին տարուող նախապատրաստական աշխատանքները:

«Սիւնիքի մէջ բաւական յաճախ կ՛ըլլամ, ես կը սիրեմ այդ մարզը: Այս անգամ այցելութիւնս առանձնակի բնոյթ կը կրէր` հաշուի առնելով ողբերգական այն կացութիւնը, որ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու հեռացման առնչուած: Մենք անոնց ցաւը կ՛ընկալենք իբրեւ մեր սեփականը, որովհետեւ մեր կապերը շատ խորն են, տեւական, եւ այն, ինչ որ կ՛ապրի հայ ժողովուրդը, միշտ Ռուսիոյ մէջ ընկալուած է իբրեւ անձնական բան մը», ընդգծած է դիւանագէտը:

Խօսելով Հայաստանի մէջ վերջին ամիսներուն նոր թափ ստացած հակառուսական հռետորաբանութեան մասին` դեսպանը տարակուսանք յայտնած է, որ մարդիկ, որոնք Ռուսիան կը մեղադրեն շահադիտական նպատակներ հետապնդելու, հակահայկական դաւադրութիւններու մէջ, տրամաբանական հակասութիւն չեն տեսներ իրենց խօսքերուն եւ իրականութեան մէջ կատարուողին միջեւ:

«Նիկոլ Փաշինեանը Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափման համար մեղադրեց Ռուսիոյ խաղաղապահներն ու ՄԱԿ-ը: Բաւական է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կը զարգանան երկու երկիրներու տնտեսական կապերը` հայ-ռուսական ապրանքաշրջանառութիւնը նախորդ տարի 5 միլիառ տոլար կազմած է, իսկ այս տարի անիկա ալ աւելի մեծ կշռոյթներով կ՛աճի. առաջին 8 ամիսներուն ընթացքին անիկա արդէն գերազանցած է 4 միլիառ տոլարը:

«Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու առնչուող հակասական յայտարարութիւններու հեղինակները պէտք է բացատրութիւն ներկայացնեն, որպէսզի բոլորին հասկնալի ըլլայ: Մեր երկիրներու ժողովուրդներուն համար այդ նիւթը իսկապէս շատ կարեւոր է, այդ պատճառով ցանկալի է յստակութիւն ունենալ:

«Ռուսիոյ համար Հարաւային Կովկասը մեր մեծ տան մէկ մասն է, որովհետեւ իսկապէս ատկէ շատ բան կախեալ է, եւ մեզի համար անիկա կենսական կարեւորութիւն ունեցող շրջան է: Հասկնալի է, Ռուսիան իր շահերը ունի, եւ ան զանոնք յառաջ պիտի մղէ, պիտի իրականացնէ:

«Սակայն ես ամբողջովին համոզուած եմ, որ Ռուսիոյ կարեւորագոյն, առանցքային շահերէն մէկը այն է, որ շրջանին մէջ ըլլայ հանգիստ, որպէսզի այստեղ զինուորական մագլցումներ չըլլան, եւ որպէսզի այստեղ իսկապէս պայմաններ ստեղծուին կայուն եւ տնտեսապէս արդիւնաւէտ կեանքի համար», եզրափակած է Քոփիրքին:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները մարդոց եւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններ են: Հայերը մշտապէս շատ մեծ դեր խաղացած են թէ՛ Ռուսական կայսրութեան մէջ, թէ՛ Խորհրդային Միութեան մէջ, թէ՛ այսօր Ռուսիոյ պետութեան մէջ:

Դիւանագէտը յիշեցուցած է, որ իր մայր բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկը` ՄԻՄՕ-ն (Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկ), ստեղծուած է արեւելեան լեզուներու հայկական Լազարեան հիմնարկի հիմքին վրայ, եւ ասիկա բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է: Այդ իսկ պատճառով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները ամենեւին ալ միայն աշխարհաքաղաքականութիւն չէ:

Նախորդը

Յառաջիկային Իրանի Մէջ «3+3» Ձեւաչափով Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մակարդակով Հանդիպո՞ւմ

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նախաձեռնութեամբ Մարդասիրական Աջակցութիւն` Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Ընտանիքներուն

RelatedPosts

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի  Ամանորեան Պատգամը.  Տարեմուտը Հրաւէր Է Նորոգուելու  Եւ Վանելու Մեր Կեանքից Մերժելի  Իրողութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ամանորեան Պատգամը. Տարեմուտը Հրաւէր Է Նորոգուելու Եւ Վանելու Մեր Կեանքից Մերժելի Իրողութիւնները

January 3, 2026
Նեթանիահու Գոված Է Թրամփը  Հայաստան – Ազրպէյճան  Տագնապի Լուծման Գործին Մէջ  Ունեցած Ներդրումին Համար
Հայկական

Նեթանիահու Գոված Է Թրամփը Հայաստան – Ազրպէյճան Տագնապի Լուծման Գործին Մէջ Ունեցած Ներդրումին Համար

January 3, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Եւրոպայի  Երիտասարդ Ընկերվարներու Բիւրոյի Ժողովին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու Բիւրոյի Ժողովին

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.