Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Ղարաբաղի Անջատողականներուն Ղեկավարները Արժանի Պատիժ Պիտի Կրեն»

October 17, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ կալանքի տակ գտնուող, «այսպէս կոչուած, ղարաբաղեան անջատողականներուն ղեկավարները արժանի պատիժ պիտի կրեն»: Ան այս մասին յայտարարած է Ստեփանակերտի մէջ` Ազրպէյճանի դրօշը բարձրացնելու արարողութենէն ետք:

Ալիեւ վիրաւորական եւ հեգնական մեկնաբանութիւններ հնչեցուցած է Արցախի նախկին հայ ղեկավարներուն` ներկայիս Պաքուի բանտին մէջ պահուող Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի հասցէին:

«Ազրպէյճանի դրօշը կը ծածանի Խանքենտիի (Ստեփանակերտ, «Ա.») մէջ, եւ ատիկա պէտք է անոնց համար դաս ըլլայ», ըսած է Ալիեւ:

Ան նշած է, որ «ղարաբաղցի անջատողականները» երբեք ուշադրութիւն չեն դարձուցած իր նախազգուշացումներուն, թէ «Ազրպէյճանը ուշ կամ կանուխ դիւանագիտական կամ զէնքի ուժով պիտի ազատագրէ Ղարաբաղը»:

«Անոնք կը կարծէին, թէ ըսածս պարապ խօսքեր են: Ոչ: Այն ամէնը, ինչ որ ըսած եմ` իրականացուցած եմ, ատիկա բոլորը գիտեն, ներառեալ Հայաստանի մէջ, եւ թող չմոռնան Հայրենական պատերազմը եւ հակաահաբեկչական քայլերը», յայտարարած է Ալիեւ:

Ան դատապարտած է նաեւ արեւմտեան երկիրները` ըսելով, որ երբ հայերը կը գրաւէին Ազրպէյճանի հողերը, ոչ մէկ երկիր Ազրպէյճանին սատարեց, բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերեց:

«Տեսէք, թէ այսօր ո՛ր երկիրները առաւել թշնամաբար տրամադրուած են Ազրպէյճանի նկատմամբ` ճիշդ այն երկիրները, որոնք 1992-1993 թուականներուն աջակցեցան Հայաստանին, դրդեցին բռնագրաւումի, աջակցեցան բռնագրաւումին եւ զայն արդարացուցին. 30 տարուան մէջ ոչինչ փոխուած է», ըսած է Ալիեւ:

 

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Մնաց Հանդարտ. Քոլոնա. «Լիբանանեան Իշխանութիւնները Ամէն Ջանք Ի Գործ Պէտք Է Դնեն Իսրայէլի Հետ Պատերազմէն Խուսափելու»

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ` Պահպանելու Եւ Յարգելու Արցախի Վանքերն Ու Կրօնական Վայրերը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան Մանեաթիսի Հետ Հանդիպումին  Անդրադարձաւ Պաքուի Մէջ Պահուող  Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցին
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան Մանեաթիսի Հետ Հանդիպումին Անդրադարձաւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցին

October 14, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Միացեալ Նահանգներու Հաւատարմատարին Հետ  Քննարկեցին «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը
Հայկական

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Միացեալ Նահանգներու Հաւատարմատարին Հետ Քննարկեցին «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը

October 14, 2026
Միրզոյեան Վարշաւայի Մէջ Հանդիպումներ  Ունեցած Է Գերմանիոյ Եւ Լեհաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարներուն Հետ
Հայկական

Միրզոյեան Վարշաւայի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած Է Գերմանիոյ Եւ Լեհաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.