Ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ դիտակէտ մը եւս կազմաքանդած են: Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական տեղեկագիրին մէջ: Կը նշուի, որ կազմաքանդուած է Շուշիի շրջանի դիտակէտերէն մէկը:
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ կատարել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Անխափան կապ կը պահպանուի Պաքուի եւ Ստեփանակերտի հետ` ուղղուած արիւնահեղութեան կանխարգիլման, անվտանգութեան ապահովման եւ խաղաղ բնակչութեան իրաւունքներու պահպանման:
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ զինադադարի դրութեան խախտումներ չեն արձանագրուած», նշուած է տեղեկագիրին մէջ:
Խաղաղապահներու գործունէութեան մասին 11 հոկտեմբերին հրապարակուած տեղեկագիրին մէջ նշուած էր, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը 19 սեպտեմբերի ազրպէյճանական յարձակումէն ի վեր Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու 6 եւ 15 ժամանակաւոր դիտակէտեր փակած է Ասկերանի, Շուշիի, Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Տեղեկագիրին մէջ նաեւ նշուած էր, որ ռուս խաղաղապահներու մասնակցութեամբ կը շարունակուին աշխատանքները Լեռնային Ղարաբաղի բնակեցուած շրջաններ ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարման վերականգնման ուղղութեամբ:


