Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ Պիշքեքի մէջ 12 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումի մեկնարկին առաջարկած է քննարկել Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը, այդ հարցը նկատելով «թիւ մէկ խնդիրը»: Երկու նախագահները Խըրխըզիստանի մէջ կը մասնակցէին ԱՊՀ երկիրներու վեհաժողովին, որուն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը չի մասնակցիր:
«Թիւ մէկ խնդիրը Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած կացութիւնն է, սակայն, մենք ունինք օրակարգ մը եւս, որ բաւական ընդարձակ է, կ՛առաջարկեմ սկսինք երկրորդ մասէն, որմէ ետք կը մնանք դէմ առ դէմ եւ կը խօսինք ամբողջ համալիրի մասին, ներառեալ, այսպէս կոչուած, զգայուն հարցերը», ըսած է Փութին:
Ազրպէյճանի նախագահը արձագանգած է. «Շատ ուրախալի է, որ դուք Խըրխըզիստան կատարած պետական այցելութեան ընթացքին ժամանակ գտաք մեր այս հանդիպման համար: Իրօք, հարցերը շատ են: Կը կարծեմ, ձեր առաջարկը ամբողջովին ողջամիտ է»:
Ռուսական կողմէն բանակցութիւններուն մասնակցած են արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը, տնտեսական զարգացման նախարար Մաքսիմ Ռեշիոթնիքովը եւ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմինը:
Ազրպէյճանի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւը, արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը, պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը եւ տնտեսութեան նախարար Միքայիլ Ճապարովը:


