ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Նորա Գէորգեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Հուրի Գասպարեան եւ զաւակունք (Սկովտիա)
Տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Ռոզի Գազանճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Լարա Գէորգեան եւ զաւակունք
Տիկին Էլիզապեթ Գէորգեան-Նահհաս եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Վիոլեթ Գէորգեան-Սէքիլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Եագուպ եւ Ալին Եուսեֆ եւ զաւակունք (Երուսաղէմ)
Տիար Գէորգ Ա. Գէորգեան եւ զաւակունք (Յորդանան)
Տէր եւ տիկին Աբգար եւ Սոնիա Յակոբեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Էտի եւ Այտա Զարզար եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Վիվիան Մուրատեան եւ զաւակունք (Յորդանան)
Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան
Տիար Հայկ Մսըրլեան (Միացեալ Նահանգներ)
Գէորգեան եւ Գումրուեան ընտանիքներ
Գասպարեան եւ Գազանճեան ընտանիքներ
Մակարեան եւ Նահհաս ընտանիքներ
Սէքիլեան եւ Եուսեֆ ընտանիքներ
Տէր Յակոբեան եւ Զարզար ընտանիքներ
Մուրատեան եւ Մանսուր ընտանիքներ
Ապիատ եւ Մինօ ընտանիքներ
Մսըրլեան եւ Թոմայեան ընտանիքներ
Եորղանճեան եւ Նասիֆ ընտանիքներ
Մուսալլի եւ Քահհալէ ընտանիքներ
Զրէյք եւ Պետեւեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, քեռիին, զարմիկին եւ հարազատին`
ԴԵՂԱԳՈՐԾ ԳԷՈՐԳ Յ. ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ
(Ծնեալ 1945-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2023-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 14 հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը եւ ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, Տըպպայէ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 15 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Հայ աւետարանական քոլեճի «Զաւէն Մսըրլեան» կրթական ֆոնտին:
—————————————
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2023-2024
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը պիտի բոլորէ 11-րդ կրթական տարեշրջանը:
- Հայագիտական կեդրոնը այսուհետեւ պիտի ունենայ Ա., Բ., եւ Գ. դասարաններ:
- Դասաւանդութիւնները կը կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերուն, ժամը 5:00-7:30:
- Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
- Ուսման վարձքը` ձրի:
- Վերամուտ` երկուշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:
ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ.
– 1 լուսանկար
– Անձնաթուղթի պատճէն
– Բ. Պաքալորիայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:
- Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԻՆ ԵՒ
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 93-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յայտնենք, որ կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ` Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին եւ Անթիլիասի դպրեվանքի 93-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանի բացման առիթներով:
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Տեսուչ դպրեվանուց
Ս. պատարագի մատուցումէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Նորին Սրբութեան, տեղի պիտի ունենայ դպրեվանքի 93-րդ տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը պիտի փոխանցէ իր հայրապետական պատգամը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցելու թարգմանչաց սերունդին ոգեկոչման արարողութեան եւ ներկայ գտնուելու դպրեվանքի վերամուտի հանդիսութեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
Ոսկեբերան Արզումանեանի ընտանիքը` ընդառաջելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի փափաքին, կաթողիկոսարանին մօտ 2007-ին հաստատած է կրթական հիմնադրամ մը` հանգուցեալին անունով:
Հիմնադրամին նպատակն է նիւթապէս օժանդակել Ազգային եւ հայկական վարժարաններու աւարտական երեք դասարաններէն փայլուն եւ կարիքաւոր աշակերտներու, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել իրենց ձգտումները եւ կերտեն ակադեմական յաջող ապագայ:
Դիմել ցանկացող աշակերտները իրենց դիմումները պէտք է ուղարկեն fund@vosgueperan-arzoumanian.com ե-նամակի հասցէին, մինչեւ 30 հոկտեմբեր 2023:
Նախապէս յայտնենք, թէ այն աշակերտը, որ կը ստանայ այս թոշակը, ապագային պիտի ունենայ երկու պարտաւորութիւններ.
– նախ` համալսարանական տարիներու ընթացքին անդամագրուի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ):
– ապա համալսարանը աւարտելէ ետք, հիմնադրամէն օգտուած տարիներուն համապատասխան, նոյնքան ժամանակ պէտք է սիրայօժար եւ առանց եկամուտի, ծառայէ հայկական ազգային ոեւէ հաստատութեան կամ միութեան մը մէջ, իր փափաքին համաձայն, ըլլայ Լիբանանի մէջ կամ այլուր: Այս կէտը կը կարեւորէ այն, որ ուսանողը գիտակցի, թէ պէտք է ծառայէ իր ազգին կամ գաղութին: