Ռուսիան անդրկովկասեան շրջանին մէջ ՕԹԱՆ-ի երկիրներու շահերը Հայաստանի միջոցով յառաջ մղելու փորձեր կը տեսնէ, ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, երէկ ԱՊՀ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստէն ետք լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Հայաստանի մէջ հակառուսական տրամադրութիւնները «արհեստականօրէն կը սրուին», շեշտած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` մանրամասնելով. «Մենք գիտենք, թէ Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն քանի՛ հասարակական կազմակերպութիւններ ստեղծուած են, նախապէս ալ շատ եղած են: Կազմակերպութիւնները չեն ստեղծուիր Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները խթանելու նպատակով, այլ հակառակը` անոնք նպատակ ունին այստեղ հող ստեղծել հակառուսական տրամադրութիւններու համար», ըսած է Լաւրով` ակնարկելով Միացեալ Նահանգներուն, Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի երկիրներուն:
Վկայակոչելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է. «Օրեր առաջ վարչապետ Փաշինեանը հարցազրոյց տուաւ, ուր յստակ ըսաւ, որ Հայաստանը իր ուղենիշը չի փոխեր: Յուսանք` այդ դիրքորոշումը պիտի գերիշխէ` անկախ Երեւանը այլ ուղղութեամբ տանելու բոլոր փորձերէն»:


