Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը 19 սեպտեմբերի ազրպէյճանական յարձակումէն ի վեր Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու 6 եւ 15 ժամանակաւոր դիտակէտեր փակած է Ասկերանի, Շուշիի, Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Խաղաղապահներու գործունէութեան մասին 11 հոկտեմբերին հրապարակուած տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ ռուս խաղաղապահներու մասնակցութեամբ կը շարունակուին աշխատանքները Լեռնային Ղարաբաղի բնակեցուած շրջաններ ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարման վերականգնման ուղղութեամբ:
Ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ են 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան ծիրին մէջ: Համաձայնագիրով` զօրակազմը տեղակայուած է 5 տարի ժամկէտով, որ եւս 5 տարիով կրնայ երկարաձգուիլ, եթէ կողմերէն որեւէ մէկը ժամկէտի աւարտին չպահանջէ, որ առաքելութիւնը դուրս բերուի Արցախէն:
Թէեւ յայտարարութեամբ ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ պիտի մնան մինչեւ 2025 թուականը, սակայն 19 սեպտեմբերի ազրպէյճանական յարձակումէն ետք, երբ աւելի քան 100 հազար բնակիչներ լքեցին Արցախը, Քրեմլինէն յայտարարեցին, թէ յստակ չէ` յառաջիկային ի՛նչ ճակատագիր կը սպասէ խաղաղապահներուն:


