Ժընեւի մէջ 11 հոկտեմբերին ընթացող ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 54-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ 34 երկիրներ հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն, որուն մէջ խոր մտահոգութիւն յայտնած են Արցախի մէջ մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու ծանրագոյն ճգնաժամին նկատմամբ: Միացեալ յայտարարութիւնը ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակին մէջ կարդացուած է Ֆրանսայի մնայուն ներկայացուցչութեան կողմէ:
Միացեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ հայ ազգաբնակչութեան իրենց տուներէն զանգուածային տեղահանումը տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի կողմէ 19 սեպտեմբերին իրականացուած զինուորական գործողութեան, ինչպէս նաեւ Բերձորի միջանցքի 9 ամիս շարունակուող փակման պատճառով:
Միացեալ յայտարարութեան հեղինակները համաձայնութիւն յայտնած են Մարդու իրաւունքներու հարցերով ՄԱԿ-ի բարձր յանձնակատար Վոլքեր Թիւրքին, որ անհրաժեշտ է անյապաղ, անկախ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն կատարել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքի խախտումներուն շուրջ:
Անոնք նաեւ համոզում յայտնած են, որ բարձր յանձնակատարի գրասենեակը պէտք է մշտադիտարկում կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, հանդիպի Հայաստան տեղահանուած գաղթականներու հետ եւ ատոր մասին զեկուցէ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին: Երկիրները պատրաստակամութիւն յայտնած են դիտարկելու Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ հետագայ այլ քայլերու իրականացման կարելիութիւնը:
Յայտարարութիւնը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ ստեղծելու պայմաններ` կամաւոր, անվտանգ, արժանապատիւ եւ մնայուն վերադարձ ապահովելու այն անձերուն, որոնք պիտի ուզեն վերադառնալ Լեռնային Ղարաբաղ, իրականացնել Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի 22 սեպտեմբերի միջանկեալ որոշման կէտերը, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 7 դեկտեմբեր 2021-ի, 22 փետրուար 2023-ի եւ 6 յուլիս 2023-ի որոշումները եւ երաշխաւորել հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը:
Այս պահուս յայտարարութեան միացած երկիրներն են Միացեալ Նահանգները, Աւստրալիան, Աւստրիան, Պելճիքան, Պուլկարիան, Գերմանիան, Դանիան, Էսթոնիան, Իրլանտան, Իսլանտան, Սպանիան, Լաթվիան, Լիխթընշթայնը, Լիթուանիան, Լիւքսամպուրկը, Խրուաթիան, Քանատան, Կիպրոսը, Հայաստանը, Յունաստանը, Ճափոնը, Մալթան, Բրիտանիան, Նետերլանտները, Նոր Զելանտան, Նորվեկիան, Շուէտը, Զուիցերիան, Սլովաքիան, Սլովենիան, Ուրուկուէյը, Ֆինլանտան եւ Ֆրանսան:


