Ուաշինկթընի միակ նպատակը Հարաւային Կովկասի մէջ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ, կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մարդասիրական կարիքներու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովումն է: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հակադարձելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:
Լաւրով 10 հոկտեմբերին իր ծաւալուն յօդուածին մէջ Միացեալ Նահանգները մեղադրած էր «աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններու» համար Հարաւային Կովկասի, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերուն միջամտելու յանցանքով: «Ատիկա բացարձակապէս ճիշդ չէ», ըսած է Միլլըր:
Լաւրով նշած էր, որ այժմ Պրիւքսելը, մեկնելով իր աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններէն, Ուաշինկթընի հետ մասին իր «միջնորդական ծառայութիւնները» կը պարտադրէ Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին` «ապակայունացում բերելով Հարաւային Կովկասի մէջ»:
«Այժմ, երբ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարները կարգաւորած են երկու երկիրներու գերիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման հարցը, եկած է խաղաղ կեանքի հաստատման եւ վստահութեան ամրապնդման ժամանակը: Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պատրաստ է ամէն ձեւով նպաստելու ատոր», գրած էր ռուսական դիւանագիտութեան պետը:


