Հայաստանը պէտք է շրջանային համագործակցութեան եւ իր դրացիներու նկատմամբ անօրինական ու անհիմն տարածքային պահանջներու միջեւ ընտրութիւն կատարէ: Այս մասին կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի` Պաքուի պաշտօնական մամուլին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ:
«Պաքուն, դրսեւորելով ռազմավարական համբերութիւն, տասնամեակներ շարունակ բանակցած է իր տարածքի բռնագրաւումը դադրեցնելու, միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումները կեանքի կոչելու եւ միջազգային օրէնքի ապահովման ուղղութեամբ»:
«Հայաստանը այժմ պէտք է ընտրութիւն կատարէ շրջանային համագործակցութեան եւ իր դրացիներու նկատմամբ անօրինական ու անհիմն տարածքային պահանջներու միջեւ: Ի հարկէ, այս հարցին մէջ կարեւոր է նաեւ միջազգային ընտանիքի դերը: Չափազանց կարեւոր է չաջակցիլ Հայաստանի վրէժխնդրական փորձերուն», գրած է Պայրամով:


