Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Եթէ Հայաստանը Մերժէ Ռուսիոյ Միջնորդութիւնը, Այլընտրանք Կրնան Ըլլալ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ուղիղ Բանակցութիւնները»

October 12, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ Ռուսիոյ միջնորդութիւնը մերժուի Հայաստանի կողմէ, կը կարծեմ, որ այլընտրանք կրնան ըլլալ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները: Այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` ընդունելով ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու անվտանգութեան մարմիններու եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի 53-րդ նիստի մասնակիցները:

«Մենք պիտի վերլուծենք որեւէ այլ բանակցային հարթակ` հաշուի առնելով իրենց միջնորդական ծառայութիւնները առաջարկող երկիրներու վերաբերմունքը ոչ թէ Ազրպէյճանին, այլ ճշմարտութեան եւ միջազգային օրէնքին», ըսած է Ալիեւ:

«Ռուսական կողմի առաջարկով, երեք արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը տեղի պիտի ունենար Պիշքեքի մէջ 12 հոկտեմբերին, սակայն հայկական կողմը մերժեց: Մենք գոհունակութեամբ կ՛ընդունինք Ռուսիոյ միջնորդութիւնը, որովհետեւ մեր դրացին ու դաշնակիցն է, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դաշնակից մը, որ մեր շրջանին մէջ է, ի տարբերութիւն անոնց, որոնք հազարաւոր քիլոմեթրներով հեռու են», յայտնեց Ալիեւ:

Ալիեւ Ընդունած Է Փաթրուշեւը` Կարեւոր Նկատելով
Հարցերու «3+3» Ձեւաչափով Լուծումը

Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 10 հոկտեմբերին ընդունած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը:

«Քննարկուած է տարբեր ոլորտներու մէջ ռուս-ազրպէյճանական համագործակցութեան հարցերու լայն շրջանակ մը: Շեշտադրումներ կատարուած են շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման եւ ամրապնդման առնչուած նիւթերու վրայ», կը յայտնէ ռուսական կողմը:

Նախքան այդ, ռուսական պետական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, հաղորդած էին, որ Փաթրուշեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ ռուս-ազրպէյճանական «անվտանգութեան ծրագրային խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ»:

«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ Ալիեւ ըսած է. «Կարեւոր է, որ շրջանային խնդիրները լուծուին շրջանի երկիրներուն մասնակցութեամբ` «3+3» ձեւաչափով»:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային միջանցքի զարգացման վերաբերեալ:

«Ռոսիյսքայա կազեթա» օրաթերթին համաձայն, Փաթրուշեւ Ալիեւին փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի սրտանց ողջոյնները:

Ազրպէյճանի ղեկավարը, իր կարգին, խնդրած է փոխանցել պատասխան ողջոյնները` նշելով, որ կը գնահատէ Ռուսիոյ ղեկավարին հետ իր բարեկամութիւնը:

Նախորդը

Հակադարձելով Լաւրովին` «Ուաշինկթընի Միակ Նպատակը Հարաւային Կովկասի Մէջ Կայուն Խաղաղութիւնն Է» Կ՛ըսէ Միլլըր

Յաջորդը

Փեսքով. «Ռուս Խաղաղապահներու Հետագայ Ճակատագիրը Պիտի Քննարկուի Ազրպէյճանի Հետ, Այդ Հարցը Երեւանի Հետ Չէ Քննարկուած»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.